Արխիւ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023

Գարակէօզեան տան հիմնադրութեան 110-ամեակը այս շրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն մը կը համարուի։ Թէ՛ հաստատութեան պատմական առաքելութիւնը եւ թէ արդի տարեգրութեանց մէջ ապահոված ձեռքբերումները կը բիւրեղացնեն այս յոբելեանին նշանակութիւնը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներէն Ժոֆրուա Տիտիէն, որուն ընկերացաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ տը Քոթինյի։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երէց անդամներէն Տ. Տարօն Եպսկ. Ճէրէճեան վախճանած է 86 տարեկան հասակին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն անդամներէն սրբազանի վախճանումը խոր ցաւ յառաջացուցած է եկեղեցական շրջանակներէն ներս։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սիրոյ արտայայտութիւնները հիներուն մէջ: Անոր դերը ամուսնութեան խնդիրին մէջ: Հաճոյանալու բաղձանքը, իբրեւ բնազդային զգացմունք: Արդի հասարակութեան հայեացքը սիրոյ վրայ: Հարուստ հարսնցուն:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Այդ օրուընէ որ Ադամ եւ Եւա Աստուծոյ անհնազանդելով Անոր դրախտային վայելքէն զրկուեցան, երկիրը անոնց պատճառով «անիծեալ» դարձաւ։ Այսպէս կը նկարագրուի մարդուն կեանքի ընթացքը Ծննդոց Գիրքին երրորդ գլխուն մէջ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կ՚ուզենք առանձին բաժինով մը խօսիլ ամլութեան շուրջ. հարց, որ այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս աւելի քան հազար տարիներ առաջ լուրջ ու կարեւոր խնդիր մըն էր: Մեր թուականէն մօտաւորապէս 850 տարիներ առաջ՝ 1150-ական թուականներուն ապրած օրէնսդիր, առակագիր եւ մանկավարժ Մխիթար Գօշ իր «Դատաստանագիրք»ին մէջ մեծ տեղ կու տայ ամլութեան հարցին:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր տիկնանց կազմի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Սիլվա Ալաչամի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023

Արցախի հարուստ մշակութային ժառանգութեան մասին լուսանկարչական ցուցահանդէս Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան ու արուեստի թանգարանի համատեղ ծրագիրը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023

Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ, չորս տարուան դադարէ մը վերջ վերսկսան «Նարեկացիական ընթերցումներ»ը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ ազդարարուեցաւ այս գիտաժողովներու շարքի վերածնունդը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն պատուիրակութիւն մը։ Թեմի հոգեւորականաց դասէն քահանայ հայրերու առընթեր, պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարդան Նազիլեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն երէկ դարձեալ անհանգստացուցիչ լուրեր հասան։ Ատրպէյճանի բանակի դիպուկահարին կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով՝ սահմանի Վայոց Ձորի մարզի հատուածին մէջ նահատակուեցաւ Հայաստանի բանակէն Կերասիմ Առաքելեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ կ՚այցելէ Ուաշինկթըն, երէկ, Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023

Մոսկուայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Կասպից ծովու ափակից երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Իրանի, Ղազախիստանի, Թիւրքմենիստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023

Թուրքիա-Քաթար ռազմավարական կոմիտէի նիստին առթիւ Իսրայէլին խիստ ազդարարութիւններ:
Նախագահ Էրտողանի խօսքով՝ ստեղծուած պատկերը ցոյց կու տայ, թէ իսլամական աշխարհը ինչպիսի ճնշումի մը տակ է:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023

Այս հինգշաբթի նախատեսուած է Վաքըֆներու խորհուրդի նոր կազմին ընտրութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան այս կարեւոր կառոյցին մէջ կը գտնուի անդամ մը, որ կը ներկայացնէ երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆները։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023

Արձակագիր ու բանաստեղծ Արմենուհի Սիսեան արժանացած է «Sahito International Literature Award 2023» գրական միջազգային մրցանակին։ Իրեն շնորհուած է այս տարուան դատակազմի մրցանակը՝ արձակի գծով։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տիթրոյիթ եմ, փոքր եղբօրս մօտ: Այս տարի «Գոհաբանութեան օր»ուան առթիւ աւանդութիւն դարձած ընտանեկան մեր հաւաքը Տիթրոյիթի մէջ որոշած էինք: Խորքին մէջ, երկու եղբայրներով, մեր կիներով, զաւակներով, թոռներով եւ զարմիկներով այսպէս տարին անգամ մը մէկ տեղ հաւաքուելու սովորութիւնը ձեւով մը աւանդութեան վերածած էինք:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ռուսաստան իր զէնքերով եւ ռազմական ահռելի համարուած կարողութիւններով լճացաւ Ուքրայնայի մէջ։ Արդէն աւելի քան տարի մըն է չի կրնար յառաջ շարժուիլ եւ հող գրաւել Ռուսաստան, որուն նախընտրելի պատմական նպատակն ու այսպէս ըսած՝ իրեն համար «գոյութենական առաքելութիւնը կամ գոյութեան իմաստը» իրագործել:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայրենի երիտասարդ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, տոցենթ, Երեւանի Հիւսիսային եւ Լեզուագիտական համալսարաններու դասախօս Վարդուհի Դաւթեան ձեռնարկած է պոլսահայ բանաստեղծ, հրապարակագիր, արձակագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեանի յօդուածներու ամբողջական ժողովածուի հրատարակութիւնը՝ երեք հատորի մէջ հաւաքելով, դասակարգելով, ծանօթագրելով Թէքէեանի յօդուածները՝ լոյս տեսած արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ մամուլին մէջ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Առակաց 19.6-ին մէջ կը կարդանք. «Շատերը առատաձեռն [կամ իշխան, իշխանութիւն ունեցող] մարդուն հաճութիւնը կը փնտռեն ու ամէն մարդ պարգեւատու մարդուն բարեկամ կ՚ըլլայ»: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս համարը:
Պատասխան
. Այս երեւոյթը մարդուն միշտ ընկերացած է, այլ խօսքով, մարդիկ միշտ փորձած են ընկերանալ, բարեկամանալ, հաճութիւնը շահիլ հարուստ, առատաձեռն եւ իշխանութիւն ու դիրք ունեցող մարդոց:

Էջեր