Արխիւ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յարգուած եւ համակրանքի առարկայ դարձած վարչայիններէն Գէորգ Չաղլըչուպուքճու։ Ուղեղային խռնում մը անցուցած ըլլալով ան միջոցէ մը ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի հետ բարձր մակարդակի վրայ շփումները պիտի շարունակուին մօտաւոր ապագային։ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Ուաշինկթընը։
Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի երէկուան հերթական բանակցութիւններուն միացան նաեւ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ու Օլաֆ Շոլցը:
Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն առումով միջազգային բոլոր դերակատարներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ տարածաշրջանային փոխադրութեան ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը: Յաջորդ բարձր մակարդակի ժամադրութիւնը կը ծրագրուի յուլիսի վերջաւորութեան՝ նոյնպէս ԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Իրական ժողովրդավարութիւնը, այսինքն՝ ժողովուրդի ինքնակառավարումը գրեթէ անհնար քաղաքական վարչակարգ մըն է։ Ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեամբ քաղաքական վարչակազմ մը երբեք չի կրնար բանիլ կատարելագործուած ձեւով։ Արդարեւ, իսկական ժողովրդավարութիւնը իւթոփիա է՝ այսինքն երազային աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող համակարգ մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր մեր»ը ամբողջ Աւետարանին համառօտութիւնն է։ Յիսուս Քրիստոս աղօթքին այս բանաձեւը մեզի կտակելէ, աւանդելէ ետք աւելցուց. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի առնէք» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 24)։
Սիրելի ելեկտրոնիկ բաժանորդներ, առցանց ընթերցողներ,
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն թեւակոխած է իր անընդհատ հրատարակութեան 115-րդ տարին եւ մենք այս յոբելենական շրջանին Ձեր բոլորին կը դիմենք զօրակցութեան սոյն հրատապ կոչով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօրուան պէս կը յիշեմ, թէ ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը նախքան պաշտօնի կոչուիլը կ՚աղաղակէր, թէ «Հայաստանի քաղաքացին տուգանուելու մատերեալ չի», սակայն կը տեսնեմ, որ հակառակ այդ կոկորդ պատռող աղաղակներուն, Հայաստանի քաղաքացին կը շարունակէ մնալ տուգանուելու մատերեալ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց օտարերկրեայ երկու պատուիրակութիւններ, որոնք վերջին օրերուն այցելեցին Հայաստան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային վարժարաններու 8-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք այս կիրակի պիտի մասնակցին լիսէներու մտից քննութեան (LGS)։
2022-2023 կրթական շրջանի աւարտին, ամառնամուտի տրամադրութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ, Մխիթարեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ համայնքային լիսէներու միջեւ մրցաշարք մը։ Հիւրընկալ վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցան հանդիպումները։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց նորընտիր թաղային խորհուրդը իրերայաջորդ կարգադրութիւններով կը ջանայ՝ մօտաւոր անցեալի ցնցումի տարիներէն վերջ նոր ոստումի շրջան մը ապահովել Էսաեան վարժարանին համար։ Ինչպէս ծանօթ է, առաջին հերթին դպրոցին համար նշանակուած էր նոր հիմնադրի ներկայացուցիչ մը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Մինչ սրահի մուտքին ներկայացուած էին տղոց գծագրական աշխատանքները, հանդէսի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ուսուցչուհիներ Թալին Չելիք եւ Պուրճու Իլտենիզ։
Շիշլի մարզակումբի երախտաշատ սիւներէն, համայնքային շրջանակներու անմոռանալի մարզական գործիչներէն հոգելոյս Նազար Հանչէր յետմահու արժանացաւ մրցանակի մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Նազար Հանչէր մօտաւոր անցեալին եղած էր յանկարծամահ եւ իր կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ապրիլ-մայիս ամիսներուն Հայաստան եւ Ատրպէյճան անդադար բանակցութիւններու մէջ էին՝ տարբեր միջազգային դերակատարներու նախաձեռնութեամբ։ Նախ Ուաշինկթընը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան Արլինկթընի քառօրեայ բանակցութիւնները…
«Նախագահական կառավարման համակարգը արժանացած է ազգի վստահութեան քուէին։ Ընտրութիւններու արդիւնքը եկած է վերջակէտ մը դնել՝ հին դրութեան վերադառնալու վերաբերեալ վէճերուն»:
Էրտողան երէկ հրաժեշտ տուաւ պաշտօնավարութեան ժամկէտը աւարտած նախարարներուն եւ տեսակցեցաւ Պահչելիի հետ:
Հայաստան-Ատրպէյճան խտացեալ բանակցութիւնները կը շարունակուին Քիշնեւի այսօրուան ժամադրութեամբ:
Խաղաղութեան որոնումները կ՚ընթանան՝ մինչ Երեւանի եւ միջազգային դերակատարներուն միջեւ հակասութիւնները կը խորանան:
Սիրելի ելեկտրոնիկ բաժանորդներ, առցանց ընթերցողներ,
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն թեւակոխած է իր անընդհատ հրատարակութեան 115-րդ տարին եւ մենք այս յոբելենական շրջանին Ձեր բոլորին կը դիմենք զօրակցութեան սոյն հրատապ կոչով։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ամէն մարդ չի կրնար ընթերցել Աստուածաշունչ։ Տիրոջ ներշնչանքով գրուած Սուրբ Գիրքի ընթեռնումը բաւական խրթին է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կեանքէն վաղաժամ հեռացած հայագէտ Վարդան Դեւրիկեանի միակ զաւակը՝ Շողակաթ Դեւրիկեանը, օրերս գրութիւն մը հրապարակած էր, որ այնքան յուզիչ էր եւ խորհրդանշական: