Արխիւ
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական յատկանշական ձեռնարկ մը, որ վառ տպաւորութիւն գործեց մասնակիցներուն վրայ։ «Մենք երգ ենք» նախագծի ամբողջին մէջ նախատեսուած էր այս ձեռնարկը, որու ընթացքին երիտասարդ արուեստագէտներ դասական երաժշտութեան եւ շանի կատարումներով հանդէս եկան։
Պիւյիւքտէրէի Սանթա Մարիա լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Անցեալ շաբաթավերջին ահաբեկչական յարձակման ենթարկուած այս սրբավայրը համարուած էր պղծուած։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ակներեւ է, որ Լիբանանի պետական մարմիններու կազմալուծումը կը շարունակուի մեծ թափով։ Այն կողմերը, որոնք կը սատարեն այս ընթացքին, տեղեակ ալ չեն, թէ եթէ Լիբանանի կառավարական մարմինները ամբողջութեամբ փլուզուին, ապա բոլորը փլատակներուն տակ պիտի մնան եւ շնչահեղձ պիտի դառնան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ այս օրերուն կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Ան նախապէս ալ քանիցս այցելած է թէ՛ քաղաքս եւ թէ ընդհանրապէս Թուրքիան, ուր հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ամենայայտնի կոթողներուն վերաբերեալ կատարած է նկարահանումներ։
Պատրիարքական Աթոռը եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այս շրջանին աշխատանք կը տանին İtimat Büro-ի գործունէութիւնը կատարելագործելու եւ ընդհանուր համակարգը աւելի գործնական դարձնելու ուղղութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը կը շարունակէ հիւրընկալել օտարերկրեայ դիւանագէտներ։ Նման շփումները վերջին շրջանին խտացած են՝ մինչ հայ Երուսաղէմը կը դիմագրաւէ գոյութենական մարտահրաւէրներ։
Թուրքիա այս շրջանին միջազգային գետնի վրայ հանդէս կու գայ նուրբ իրավիճակի մէջ նուրբ շփումներով:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան այս ամիս իրերայաջորդ բանակցութիւններ պիտի վարէ Փութինի եւ Էլ-Սիսիի հետ:
«Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի յարաբերութիւններուն 95-97 տոկոսը Ռուսաստանի հետ էր, հիմա չի կրնար ըլլալ անցեալին նման»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակաւ շարք մը հարցադրումներ օրակարգի վրայ բերելով կը ջանայ նոր եւ իրատես հայեցակարգի մը սահմանումը յստակացնել:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Փիլիսոփայութեան ճիւղերէն մին՝ գեղագիտութիւնը խոշորացոյցի տակ կը դնէ գեղեցկութեան եւ ճաշակի բնոյթը, նաեւ արուեստի փիլիսոփայութիւնը եւ զգացական արժէքները։ Այսինքն՝ գեղագիտութիւնը կը քննադատէ արուեստը, մշակոյթը եւ կ՚ուսումնասիրէ ընդհանուր առմամբ՝ բնութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կիրակին յատկապէս կը զանազանուի շաբաթէն, որուն ժամանակագրականօրէն կը յաջորդէ ամէն շաբաթ, իսկ անոր արարողական պարտաւորութիւնը կիրակի կը փոխուի բոլոր քրիստոնեաներուն համար։ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Այս օրը ըրաւ Տէրը, եկէ՛ք ցնծանք եւ ուրախանանք». (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 24)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր ծննդեան օրն է հայ գրող, բանաստեղծ եւ գրականագէտ Կոստան Զարեանին (բուն անունով Կոստանդին Եղիազարեան)։ Թէեւ Զարեան ծնած չէ Պոլսոյ մէջ, սակայն մեծ գործունէութիւն ունեցած է այդտեղ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ռեսուլ Էմրահ Շահանը, որ ՃՀՓ-ի կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է։ Շահան եւ ընկերակիցները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ բաժնեցին Շիշլիի ապագային վերաբերեալ իրենց մտահորիզոնը։
Հարաւային Կովկասի գծով ՆԱԹՕ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէ Քոլոմինա յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի հիմքին դրուած ցարդ համաձայնեցուած սկզբունքները այս փուլին պէտք չէ փոխուին։
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ վերջին տարիներուն կուտակուած տարաձայնութիւններուն կարեւոր մասը կը վերաբերի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) վերաբերեալ յուսախաբութիւններուն:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ Թուրքիա շատ աւելի շինիչ դեր մը կրնայ խաղալ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Իջեւան-Ղազախ հատուածէն ներս երէկ տեղի ունեցան հերթական բանակցութիւնները։ Սահմանազատման յանձնաժողովներու 6-րդ հանդիպումն էր այս մէկը։ Երկու երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ գլխաւորեցին բանակցութիւնները։
Երուսաղէմի մէջ Քրիստոնէից միութեան համար աղօթքի շաբթուան շրջանակներէն ներս էքիւմենիք արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան զանազան քրիստոնեայ յարանուանութիւններու սրբավայրերէն ներս։
Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերուն համատեղ օրակարգը:
Հոգեւորականներու պատրաստութեան հարցերն ու նոր սերունդին ուղղեալ նախաձեռնութիւնները առաջնահերթ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու այնքան համակրելի եւ բազմավաստակ անդամներէն Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան երէկ վախճանած է՝ մեծ ցաւ յառաջացնելով եկեղեցական շրջանակներէն ներս։