Արխիւ
Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը համերգով մը հանդէս եկաւ Տիգրան Մանսուրեանի 85-ամեակին առթիւ:
Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ, Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ հնչեցին «Զուգահեռ երգեր»ը, «Քաւարան»ը եւ «Տարուայ եղանակներ»ը:
Ատրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութեան առաջին փուլին վերընտրուեցաւ Իլհամ Ալիեւ։ 7 թեկնածուներու ընտրապայքարի պայմաններով Իլհամ Ալիեւ ստացաւ ձայներու 90 տոկոսէն աւելին։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ աշխարհի վրայ որեւէ բան այլեւս երկրի այժմու Սահմանադրութեան ընդունուած պայմաններուն նման չէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահանգ Խաչատուրեան աւարտեց դէպի Պուտափեշտ պաշտօնական այցելութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին հանդիպումներ ունեցաւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի, Ազգային ժողովի նախագահ Լասլօ Քէօվերի հետ։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր Պաղտատի մէջ Իրաքի ղեկավարութեան հետ ունեցած շփումներէն վերջ անցաւ Էրպիլ, ուր եւս բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցաւ։
Գալֆաեան տան մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որով ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Հանդէսի ընթացքին տղաքը նախ հաղորդ դարձան Վարդանանց տօնի իմաստին, իսկ աւելի վերջ տօնախմբեցին Բարեկենդանը։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ հիւրընկալուեցաւ «Հապա եթէ»ի աշխատակազմէն Գայիանէ Կաւրիլօֆ, որ շուրջ տարիէ մը ի վեր աշխատանք կը տանի դպրոցի սաներուն հետ։ «Հապա եթէ»ն առցանց հարթակ մըն է, ուր հայերէնի ուղղեալ գործունէութիւն կը ծաւալուի։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած Բարեկենդանի խրախճանքը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Թէ՛ դպրոցի դասարաններուն եւ թէ յարակից սանուց միութեան սրահին մէջ կեանքի կոչուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին տղաքը թէ՛ հաղորդ դարձան աւանդութիւններուն եւ թէ ապրեցան ուրախ պահեր։
Մխիթարեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Türkiye Florasına Katkıda Bulunan Ermeni Botanikçiler» գիրքին շնորհանդէսը, որուն պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքը լոյս տեսած է «Փարոս» հրատարակչութենէն։
Ատրպէյճանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ արտահերթ նախագահական ընտրութեան առաջին փուլը։ Սա Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած առաջին ընտրութիւնն է երկրին մէջ։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակիցները մէկտեղուեցան մարմնամարզի ճիւղի մարզիկներուն, մարզիչներուն եւ պատասխանատուներուն հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու գործակից ընկերները։ Հարկ է նշել, որ հիմնարկի վարչութիւնը նոր անդամներով համալրուած է եւ այս առթիւ անոնք ծանօթացուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Երեւանի քաղաքապետարանը կազմակերպած է դրամաշնորհի բաց մրցոյթ մը՝ ութ մշակութային գործիչներու յոբելեաններուն ձօնուած ծրագիրներու համար։ Քաղաքապետարանին կողմէ յայտարարուած մրցոյթին մէջ ընդգրկուած արուեստագէտներու շարքին է անմոռանալի բանաստեղծ Զահրատը։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Արաբ քաղաքացիին եւ արաբական լրատուական գործակալութիւններուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան երեսուն տարիներէն ետք, գիտենք թէ երբ այս գործակալութիւնները յանկարծ հարցի մը վրայ կեդրոնանան ու ու իրենց բոլոր ուշադրութեամբ աջակցին այդ հարցին՝ թերթերով, պարբերականներով, ճառերով, հանդէսներով, երգիչներով ու երգչուհիներով, այդ կը նշանակէ, թէ շուտով ողորմի պէտք է կարդանք այդ հարցին վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
John Newton (1725-1807) անգլիացի աւետարանական քարոզիչ եւ հակառակող գերութեան՝ «abolitionist», բարեշրջական. ծնած է Լոնտոն-Անգլիա։ Մայրը՝ Էլիզապէթ, աղօթասէր եւ բարեպաշտ կին մըն էր. մանկութենէն, իր զաւկին սորվեցուց Սուրբ Գիրքէն ոսկեղէն համարներ, Սաղմոսներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր հանրութեան մէջ (մանաւանդ անցեալին) կտակը ունեցած է իր յատուկ տեղն ու նշանակութիւնը եւ մարդիկ ի գին ամէ՛ն զոհողութեան փորձած են կեանքի կոչել իրենց սիրելիներուն կողմէ որպէս կտակ փոխանցուած «պատուէր»ները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնակատարութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն յիշատակը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս առթիւ նախագահեց Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօնակատարութիւններուն, որոնց մասնակցեցան շուրջ 250 եկեղեցականներ։
Թուրքիա-Իրաք առանցքին վրայ մեծ աշխուժութիւն՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրակարգով:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Կիւլէր եւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Կիւրաք այցելեցին Պաղտատ:
Քաթալին Նովաք. «Հունգարիա կ՚աջակցի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն կապերու ամրապնդման»:
Երեւան-Պուտափեշտ փոխյարաբերութիւններու վերականգնումէն յետոյ բարձրագոյն մակարդակի առաջին շփումը: