Արխիւ
«Ո՛չ Պաքուի, ոչ ալ Մոսկուայի մէջ այս պահուն ռուս խաղաղապահները դուրս բերելու նախաձեռնութիւն կայ. ամենահաւանականն է, որ 2025-ի մայիսին Ատրպէյճան վեթօ կը դնէ ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայութեան երկարաձգման դէմ, որպէսզի անոնք հեռանան 2025-ին։ Բայց, ի հարկէ, մինչ այդ, շատ բան կրնայ տեղի ունենալ»:
«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալի խորհրդածութիւնները՝ Արցախի առկայ վիճակին եւ Հարաւային Կովկասի հեռանկարներուն շուրջ. «Խնդիրը 2020 թուականի պատերազմէն ի վեր այն է, որ Ատրպէյճան ռազմական, քաղաքական, աշխարհագրական առումով շատ գերիշխող դիրքերու վրայ է։ Ան ուղղակի կը վերահսկէ Ղարաբաղի շուրջ բոլոր շրջանները։ Ան պայմաններ թելադրողի դիրքն ունի։ Այնպէս որ, կը կարծեմ՝ որոշումը իսկապէս կ՚առնուի մասամբ Պաքուի, մասամբ՝ Մոսկուայի, մասամբ ալ՝ արեւմտեան մայրաքաղաքներու մէջ ու կը վախնամ, միայն վերջին հերթին՝ Երեւանի մէջ».
ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սեղանը պատրաստ էր, սակայն ընթրիքը անսովոր բոյր մը ունէր: Թերեւս հրաժեշտի բոյրը այդպիսին կ՚ըլլայ, ո՞վ գիտէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ, յաճախ ճշմարտութիւններ կը յայտնուին այնպիսի պահուն՝ որ կը լուսաւորեն միտքը եւ հոգին, եւ մարդ կ՚անդրադառնայ, թէ ո՞ւր կը գտնուի, ո՞ւր կ՚երթայ, եւ կամ իր այժմ գտնուած տեղը իրապէս հոն է՝ ո՛ւր պէտք է գտնուի։ Արդարեւ, խօսք մը, նայուածք մը կամ երեւոյթ մը կրնայ շող մը, ճառագայթ մը ըլլալ լուսաւորելու միտքը եւ հոգին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր կը լրանայ հայ բեմի աննման դերասանուհի Արուս Ոսկանեանի մահուան 80-րդ տարելիցը: 1943 թուականի յուլիսի 20-ին ան 54 տարեկանին լքեց երկնային կեանքը՝ յաւերժ ապրելով հայ թատրոնի եւ շարժանկարային արուեստի պատմութեան մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 79 տարիներ առաջ՝ 1944 թուականին Փարիզի պատերուն վրայ կը փակցուէր յայտարարութիւն մը, որուն կեդրոնը կը գտնուէր հայու մը նկարը՝ որ կը ներկայացուէր որպէս թշնամի եւ աւազակ: Փարիզի եւ Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին աւելի քան 15 հազար օրինակ հայ «աւազակ»ին նկարը կը տարածուէր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցեալ շաբթուան մեր ակնարկը կը կրէր՝ «Եկեղեցին սրբավա՞յր, Աստուծոյ տո՞ւն, թէ՞ մարմիններու ցուցադրութեան վայր» վերնագիրը, ուր ընդհանուր առմամբ անդրադարձանք Եկեղեցւոյ մասին, միւս կողմէ մատնանշեցինք սովորական դարձած «անսովոր» ու «բարոյականութենէ զուրկ» երերւոյթ մը, գլխաւորաբար իգական սեռին վրայ կեդրոնանալով, անոնց անպատշաճ հագ ու կապով եկեղեցի մտնելու վերաբերալ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, երէկ, Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հերթական «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթը։
Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպումէն բխած Շարլ Միշելի յայտարարութիւնները, ինչպէս կ՚ակնկալուէր, բեկումնային կամ շրջադարձային նորութիւն մը չեն բերեր: Հանդիպումը կը ծառայէ բանակցային գործընթացի ղեկը Եւրոպական Միութեան ձեռքերուն մէջ պահելու ծրագիրի գործնականացման:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ իր երկիրը չի պատրաստուիր Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու շրջանցման միջավայր դառնալու։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Վրաստանի կրօնի գծով պետական գործակալութեան նախագահ Զազա Վաշաքմածէն, որուն կ՚ընկերանար Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի Ազգային փոքրամասնութիւններու եւ կրօնի հարցերու բաժնի պետ Վարդան Ասատրեան։
Մինչ Արցախի ամբողջական պաշարումը կը շարունակուի՝ մարդասիրական ծանր աղէտի մը դուռ բանալով, Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ այս շրջանին յառաջացած են սուր հարցեր
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան նախագահ Նեչիրվան Պարզանին։
Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ Պաշտպանութեան առաջին փոխ-նախարար զօրավար Էտուարտ Ասըրեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն, ուր մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային զօրախումբի նահանգային համագործակցութեան ծրագրի երեսնամեակի յոբելենական համաժողովին։
Հանրապետութեան նախագահը Ռիյատէն անցաւ Տոհա, ուր եւս հիւրընկալուեցաւ բարձր արարողակարգով:
Թուրքիա-Քաթար համագործակցութիւնը կը խորանայ՝ տարածաշրջանի նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ:
Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կան քանի մը նախագծեր, որոնք եւս քննարկման առարկայ են:
Արարատ Միրզոյեան խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մասին:
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ յատկանշական իրադարձութիւն:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ հիւրընկալեց քաղդէացի կաթոլիկ եկեղեցիէն իր հոգեւոր եղբայրը:
Համահայկական 8-րդ խաղերը պիտի սկսին օգոստոսի 5-ին։ Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիւմրիի մէջ։ Մինչ այդ, Համահայկական խաղերուն մասնակցելիք թրքահայ բազմանդամ խումբի ուղեւորութեան ընդառաջ կազմակերպչական վերջին աշխատանքներն ալ ընթացքի մէջ են։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պահ մը անկեղծ ըլլանք եւ խոստովանինք մեր սխալները, մեր թերութիւնները, եւ մանաւանդ թուենք անոնք, որոնք վշտացուցած ենք, մէկ խօսքով լսենք մեր խղճին ձայնը եւ համեմատենք զայն մեր մտքին հետ։ Իրապէս, ո՞րն է մարդուն արարքներուն վրայ ազդողը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մոլորակայիններու գոյութեան կը հաւատաք թէ ոչ չեմ գիտեր... սակայն անոնք գոյութիւն են այնքանով՝ ինչքան մերօրեայ մարդկային իրաւանց պաշտպանները, որոնք իրենց հիմնական առաքելութիւնը մոռացութեան տուած շահագրգռուած են լոկ իրենց անձնական շահերով:
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Տղամարդը հաւաքեց չոր փայտերը, դրաւ իրարու վրայ ու վառեց կրակը: Երկինքը կը կլանէր կայծերը եւ ետ չէր տար: Երկինքը սովոր էր ամէն բան առնել-տանելու: