Արխիւ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2022

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ երեկոյեան կառավարութեան պաշտօնական ընդունարանին մէջ հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը:
Երեւանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ ողջունեց հայ մամլոյ նահապետին հիմնադրութեան 115-ամեակը: Արա Գօչունեան Նիկոլ Փաշինեանին նուիրեց՝ թերթիս դարադարձի շրջանին ստեղծուած մատենաշարի շրջանակէն ներս հրատարակուած գիրքեր, նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց յոբելենական շրջանի արժեւորման համար նախատեսուած ծրագրին շուրջ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2022

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արք. Մաշալեան ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան Կապոյտ  ցուցակի թեկնածուները՝ գլխաւորութեամբ Մարիամ Քեչեճիի։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Իրադարձութեան մը տարինե՜ր ետք հեքիաթի վերածումը… Երբ դէպք մը դարձեալ պատմուի, ձեւով մը «սիմիւլասիոն» կը ստեղծուի այդ իրադարձութեան ուրիշներու փոխանցման համար, ինչ որ ժամանակ առ ժամանակ փոփոխութեան ենթարկուելով կը վերաձեւաւորուի։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2022

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Նորա, ե՞րբ այս գրութիւններդ գիրքի մէջ պիտի տեսնենք:
Հարցուցի ատենին Նորային, որ երկու-երեք շաբաթը մէյ մը յղում մը կը տեղադրէ մեր առցանց նամակագրութեան մէջ, յղումը կ՚աւետէ իր նոր մէկ գրութեան կամ ոտանաւորին հրապարակումով՝ ցանցային գրական էջի մը մէջ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Գիւղի մը մէջ աղքատ, անոք եւ անօգնական մարդ մը կ՚ապրէր։ Ան ողորմութիւն կը խնդրէր բոլորէն։ Օր մը կին մը մօտեցաւ անոր, որ կը ճանչցուէր իր ժլատութեամբ եւ պատռտած թաշկինակ մը տուաւ իրեն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք հայ ժողովուրդի գաղթական զաւակները զանազան երկիրներու մէջ բնակութիւն հիմնեցին եւ առաջին իսկ օրէն իրենց մեծագոյն մտահոգութիւնը եղաւ ապագայ սերունդի հայ մնալ-չմնալու սպառնալիքը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

Մեր համայնքի երաժշտասէրներուն տեսակէտէ իսկական վայելք մը եղաւ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանի համերգը, որ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Սիւլէյման Սեպա» կեդրոնին մէջ։ Իսկապէս խանդավառ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան՝ ընկերակցութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը։ Այս վերջինը փութացած էր ներկայացնելու համար յառաջիկայ շրջանին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու հանդիսացած իր նոր գործընկերները։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Այս շաբաթ փոքրիկ Զաւէնիկ մանկապարտէզին մէջ սորվեցաւ բառերը վանկերու բաժնելու նուրբ արուեստը: Նախապէս դաստիարակը մեզի ղրկած էր համապատասխան տեսերիզը, ուր տղաքը սիրով կը վանկատեն բառերը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երբ տան մը մէջ խոլերա ինկած է, անհրաժեշտ է, ինչպէս արդէն ըսած էինք, հիւանդը հիւանդանոց կամ լազարէթ տեղափոխել: Եթէ այդ անկարելի է, պէտք է միւս բոլոր բնակիչները տունէն հեռացնել. իսկ եթէ այդ ալ հնարաւոր չէ, գոնէ պէտք է հիւանդը առանձին սենեակի մը մէջ պահել, ուր ո՛չ ոք պէտք է մտնէ բացի հիւանդապահէն:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երբ երկու հին բարեկամ տարիներ վերջ իրարու հանդիպին, իրենց առաջին հարցումը կ՚ըլլայ. «Ինչպէ՞ս ես, ի՞նչ կ՚ընես կ՚ըլլաս…»։ Եւ հարցում հարցնողն ալ կը դիմաւորուի փոխադարձ նոյն հարցումով. «Դուն ինչպէ՞ս ես, դուն ի՞նչ կ՚ընես կ՚ըլլաս…»։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը մի՛շտ ալ դժբախտ ու արիւնոտ եղած է, որովհետեւ անձրեւէն խուսափիլ ուզելով կարկուտի բռնուած ենք եւ չենք կրցած այնպէս ալ գիտնալ, թէ ո՞րն էր լաւ: Հայ ժողովուրդը կարծեց, որ 2 դեկտեմբեր 1920-ին կնքուած հայ-ռուսական համաձայնագիրով Հայաստան պիտի մտնէր աւելի հանգիստ ու խաղաղ ժամանակաշրջան մը:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

Համագայինի Երեւանի մասնաճիւղի թատերախումբը կը մատուցէ ներկայացումներու նոր շարք մը:
Ծրագրին մասնակից է նաեւ Կիւմրիի «Վարդան Աճեմեան» տրամաթիք թատրոնը. համատեղ նախաձեռնութեան արդիւնքը փայլուն:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

«Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի հիմնադրութեան 100-ամեակը:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդիսաւոր երեկոյթին մասնակցեցաւ նաեւ վարչապետ Փաշինեան:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց՝ 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարէն երկու տարի անց:
Զախարովա. «Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղեալ Ուաշինկթընի բարի նպատակները հարցեր կը ստեղծեն»:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Առիթով մը հեռաւոր ափերու վրայ ապրող եւ հայ մամուլի «դարաւոր» երախտաւորներէն մէկուն խմբագիրը, որ բարեկամս էր, հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ այսքան շատ կը գրես Լիբանանի մասին». չպատասխանեցի բարեկամիս, փափաքելով մինչեւ վերջ լսել իր դիտարկումը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 84-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ խանդավառ ձեռնարկներով արժեւորուեցաւ հոկտեմբերը՝ Հայ մշակոյթի ամիսը, որու շրջանակներէն ներս նշուեցաւ նաեւ Թարգմանչաց տօնը։ Դպրոցին մէջ տղաքը զանազան ձեռնարկներու մասնակցեցան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022

Կեանքի փիլիսոփայութիւնը՝ մանաւանդ բարոյագիտութեան տեսակէտէ, ունի ինչպէ՛ս շատ հետաքրքրական դրսեւորումներ, այնպէս ալ բանաձեւումներ։ Տարբեր արժեհամակարգերու մօտեցումները երբեմն այնպէս մը կը համընկնին, որ զիրար ո՛չ միայն կը լրացնեն, այլեւ կը հաստատեն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան մասնակցելիք Նարնջագոյն ցուցակի թեկնածուները։

Էջեր