ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ «Չ»ՊԱՇՏՊԱՆ
Մոլորակայիններու գոյութեան կը հաւատաք թէ ոչ չեմ գիտեր... սակայն անոնք գոյութիւն են այնքանով՝ ինչքան մերօրեայ մարդկային իրաւանց պաշտպանները, որոնք իրենց հիմնական առաքելութիւնը մոռացութեան տուած շահագրգռուած են լոկ իրենց անձնական շահերով:
Մարդկային իրաւանց պաշտպանները երբեք ալ գոյութիւն չեն ունեցած, որովհետեւ ընդհանրապէս գոյութիւն չէ ունեցած մարդկային իրաւունք ըսուած խաբկանքը: Մերօրեայ իրաւունքի պաշտպանները նման են այն ճիւաղներուն, որոնք խաղաղութեան մասին խօսելով հանդերձ սուրն ու թուրը բաց չեն ձգեր:
Առանց կասկածելու կրնաք հաւատալ, որ աշխարհի խաղաղութիւնը խաթարողն ու խռովողները, մարդկային իրաւունքները ոտնակոխողներն ու արհամարհողները նոյնինքն այդ իրաւունքի պաշտպանի պաշտօնը սանձողներն ու իրենց այդ պաշտօնի կոչողներն են: Անձեր՝ որոնք մարդկութեան եւ իրաւունքի մասին ո՛չ մէկ գաղափար ունին:
Այսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս քսանհինգ յայտնի կազմակերպութիւններ, որոնք կը զբաղուին մարդկային իրաւանց հարցերով. կազմակերպութիւններ՝ որոնց անուններն ու նկարագրութիւնները չնաշխարհիկ ու հիասքանչ են: Անոնցմէ մին իր նկարագրութեան մէջ կը գրէ, թէ իրենց «կազմակերպութիւնը ունի աւելի քան եօթ միլիոն աջակից, որոնք անկախ քաղաքական գաղափարախօսութենէ, կրօնական համոզումներէ կը պայքարին անարդարութեան դէմ»: Սխալ բան չկայ գրուած. թուղթի վրայ բոլո՛րն ալ մարդկային հրեշտակներ են՝ «պատրաստ» պայքարելու ամէ՛ն տեսակի անարդարութեան ու բռնութեան դէմ:
Սակայն հետաքրքրական է գիտնալ, թէ անարդարութիւն ըսելով ի՞նչ կը հասկնան. օրինակի համար, նուիրեալ այս կազմակերպութիւնները անարդարութիւն չե՞ն նկատեր 12 դեկտեմբեր 2022-էն մինչեւ օրս շարունակուող Ստեփանակերտի շրջափակումը. անարդարութիւն չե՞ն նկատեր մարդկային պէտքերու պակասն ու սնունդի անբաւարարութիւնը: Անարդարութիւն չե՞ն նկատեր դեղօրայքի պակասը. վերջապէս ի՞նչ է անարդարութիւնը իրենց համար:
Կարծես, անոնց համար ամերիկացին կամ եւրոպացին աւելի՛ մարդ է՝ քան հայը, ափրիկեցին կամ արաբը: Անցնող տասնամեակներուն ընթացքին արաբական երկիրները ծանր վիճակներ ապրեցան. բազմաթիւ անմեղ մանուկներ, պատանիներ ու երիտասարդներ զոհ դարձան այդ քաղաքական անհամաձայնութիւններուն, սակայն աշխարհը լուռ մնաց. լուռ մնաց, երբ բազմաթիւ հայ մանուկներ ու երեխաներ մահուան վտանգը իրենց աչքին մնացին անտուն ու անտէր. լուռ մնաց, երբ բազմաթիւ մանուկներ սովի ու ծարաւի պատճառով մահացան:
Աւելի քան քսանհինգ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութիւններ. այցելեցէք անոնց ընկերային ցանցերը. թերթատեցէք անոնց ամսական հրատարակութիւններն ու յօդուածները. այդտեղ պիտի չգտնէք Արցախ, պիտի չգտնէք Սուրիա կամ Լիբանան, Ափիրկէ կամ Հնդկաստան. վստահ եղէք Եւրոպայի մէջ սովի պատճառով սպաննուած շուն մը շատ աւելի մեծ մտահոգութիւն պիտի արթնցնէր, քան Արցախի կամ Սուրիոյ մէջ սովամահ եղած մանուկ մը:
Համացանցի տեղեկութիւններով, մարդկային իրաւանց պաշտպանները տարեկան կը գանձեն աւելի քան 100 հազար ամերիկեան տոլարի հասնող աշխատավարձ մը. աշխարհի վրայ այսօր գոյութիւն ունի աւելի քան ինն հարիւր մարդկային իրաւանց պաշտպաններ. այսինքն տարեկան աւելի քան 90 միլիոն ամերիկեան տոլար: Ինչքա՜ն պիտի ուզէի անոնցմէ մին անկեղծութեամբ պատասխանէր, թէ իրենց ո՞ր մէկ առաքելութեան համար նման մեծ գումարներ կը գանձեն։ Վեց ամսուան ընթացքին ընդհանուր անոնց տրուած է 540 միլիոն ամերիկեան տոլար. արդեօք Արցախի գծով ի՞նչ ըրած ունին մինչեւ այսօր. անոնցմէ քանի՞ն մտահոգուած է շրջափակման մէջ գտնուող հայորդիներով. անոնցմէ քանի՞ն կը գիտակցի, որ դեղօրայքի ու սնունդի պակասը պարզապէս մահուան առաջնորդած է այդտեղ բանտարկուած մնացած ժողովուրդը. անոնցմէ քանի՞ն գիշերը իր քունը կը փախցնէ յիշելով, որ բազմաթիւ մանուկներ, պատանիներ ու մեծահասակներ նոյն պահուն անօթի իրենց գոյութիւնը կը փորձեն քաշքշել շրջափակման մէջ՝ երբ իրենք հանգիստ անկողիններու մէջ քուն մտնել կը փորձեն, առանց խպնելու «մարդու իրաւանց պաշտպան» անուանումը կրելով:
Բարեբախտաբար մեր յոյսը մարդկային իրաւանց պաշտպանները չեն, որովհետեւ անոնց յոյսին մնացողը յուսախաբութիւն մըն է, որ կ՚ապրի պարզապէս: Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր, մարդկային իրաւանց պաշտպանները կարիքը ունին սորվելու եւ ուսումնասիրելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մարդ, ի՛նչ կը նշանակէ իրաւունք եւ վերջապէս ինչ պարտաւորութիւններ կ՚ակնկալէ նման պաշտօնի մը վրայ գտնուիլը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -294-
Հօրաքրոջս աղջիկը վերջին տասը տարիներուն Լիբանանէն Հայաստան ներգաղթելով հաստատուած էր Արցախի Աղաւնոյ գիւղը: Վերջին անգամ երբ որոշուեցաւ գիւղը յանձնել, որոշեցի Արցախ երթալ զանոնք Երեւան բերելու համար: Կէսգիշերուան ժամը երեքն էր, երբ մտայ Արցախ. այն հողերը՝ որոնք օր մը ետք պիտի յանձնուէին եւ այլ հասանելի պիտի չըլլար հայուն. մարդ-մարդասանք չկար... լքուած տուներ՝ հրկիզուած ու փլատակ, պատեր՝ հայերէն ու թրքերէն գրութիւններով. տակաւին մի քանի տեղեր կարելի էր տեսնել բարձրացող հրդեհը: Այդ հողերուն մէջէն անցայ ամսուն 24-ին եւ յաջորդ օրն իսկ յանձնեցին. արդեօք կեանքը առիթ կու տա՞յ անգամ մը եւս տեսնելու այդ հողերը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան