Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օսմանեան արքունի բժշկական դպրոցի բժիշկ-աշակերտ եւ «Կիլիկիա» հանդէսի խմբագիր Մանուէլ Իւթիւճեան թէ՛ իր հրատարակած «Կիլիկիա» հանդէսին միջոցով, թէ՛ տարբեր հրատարակութիւններով մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է հանրային առողջապահութեան հարցերուն, մանաւանդ դպրոցական առողջաբանութեան՝ նոր սերունդի առողջութիւնը նկատելով առողջ հասարակութեան մը գլխաւոր գրաւականը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները յայտնի ռուս գրող Ֆէոտոր Տոսթոյեւսքիի գաղափարներու, ստեղծագործութիւններու արդիականութեան մասին։
Տոսթոյեւսքին ուղեցոյց եղած է նաեւ կարեւոր գրողի մը՝ Ֆրանց Քաֆքայի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածաշունչ մատեանը կը պատկանի ամբողջ մարդկային ցեղին։ Ապահովաբար Սուրբ Գիրքը կարելի է համարել «ընդհանրական նամակ»՝ ուղղուած ամբողջ մարդկութեան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութիւնը ուսումնասիրելով կը տեսնենք, թէ թրքախօս դպրոցներէ բացի անցեալին գոյութիւն ունեցած են վրացախօս եւ չերքեզախօս հայկական դպրոցներ, ոչ միայն Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ, այլ Հայաստանի, մինչեւ իսկ Ռուսաստանի տարածքին:
Երեւանեան աղբիւրները, ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուած տեսանիւթի մը հիման վրայ հաղորդեցին, որ երէկ գիշեր զգայացունց դէպք մը պատահած է Արցախի մէջ։
Անգարա եւ Աթէնք կը ձգտին նոր մեկնարկ մը ապահովել՝ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան հիմամբ:
Ֆիտան յառաջիկայ օրերուն պիտի հիւրընկալէ Երափեթրիտիսը, որուն այցելութենէն վերջ Էրտողան եւ Միցոթաքիս ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի օրերուն պիտի տեսակցին Նիւ Եորքի մէջ, իսկ Թուրքիա-Յունաստան բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի ժողովին ժամադրավայրը պիտի ըլլայ Թեսաղոնիկէն:
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութիւնը:
Աշխարհահռչակ երաժշտագէտին յոբելեանը քաղաքիս մէջ յաջորդ ամիս պիտի նշուի բարձր մակարդակի ծրագրով մը:
Դասական երաժշտութեան անկրկնելի առասպելին յօրինումներով մեծ համերգ մը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 21 սեպտեմբերին, Հարպիյէի CRR-Ի երդիքին տակ՝ մասնակցութեամբ Երեւանէն «Խաչատուրեան» եռեակին եւ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան սենեկային նուագախումբին:
Նախագիծը կեանքի պիտի կոչուի՝ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին, «Pera» թանգարանին եւ Իսթանպուլի Ֆիլհարոնիի միութեան համագործակցութեամբ:
Ձեռնարկներու կազմակերպչական աշխատանքներուն ուղղութիւն տրուած է մեծանուն դաշնակահար Շահան Արծրունիի խորհուրդներով:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը վերջին օրերուն Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ շնորհակալագրի մը արժանացաւ։
Յայտնի արուեստագիտուհի Պերճուհի Պէրպէրեան, որ թատերական աշխարհէ ներս ծաւալած երկարամեայ գործունէութեան զուգահեռ՝ հրապարակագրական ոլորտին ալ բացուած է, վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Burgazada Sevgilim» անուն գիրքը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Գիւտ Գօտւոյ Ս. Աստուածածնի տօնի արարողութեանց։ Ս. Պատարագը մատոյց գաւառի համայնքներու տեսուչ եւ Հաթայի մեր եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
Անգարա միշտ հետամուտ՝ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան գործարքի վերսկսման:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Քիեւի երէկուան շփումներէն վերջ կ՚ուղեւորուի դէպի Մոսկուա:
Պետական նախարար. «Անորոշութեան եւ մթութեան մէջ պայքարը ուժասպառ պիտի ընէ Արցախի ժողովուրդը»:
Նախագահ Մաքրոն յայտնեց, թէ այժմ դիւանագիտութեան ժամանակը չէ ու վտանգուած են նաեւ Հայաստանի սահմանները:
Միւռոնօրհնութեան օրուան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յառաջիկայ շաբաթ տեղի կ՚ունենան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովները:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Արժէքներու փոփոխութեան այս ժամանակաշրջանին, երբ կը փորձուի առանց ինքնութիւնը, գլուխը կորսնցնելու քայլ պահել արդէն իսկ այնքա՜ն անհրաժեշտ արհեստագիտութեան հետ, նոյնպէս կը յառաջանայ անխուսափելի հարցում մը, որմէ անշուշտ պէտք չէ խրտչիլ. արհեստական բանականութիւնը կրնա՞յ մեր բարեկամը ըլլալ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հոլանտահայ գաղութի աշխոյժ դէմքերէն մին է Մատթէոս (Մաթօ) Հախվերտեան, որու գործունէութեան զանազան երեսակները կը վերաբերին նաեւ հայ իրականութեան հրատապ օրակարգին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 9.8-19:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած Երկրորդ Նամակէն 1.1-11:
Մարկոսի Աւետարանէն 4.35-40:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւանդական խօսք մը կայ՝ մսակերներ կը տիրապետեն խոտակերներուն։ Պատմական եւ բնական փաստեր, ընդհանրապէս, կը հաստատեն այս խօսքին գործնականութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Թրքախօսութիւնը լուրջ մտահոգութիւն էր բոլորի համար. պէտք էր անպայմանօրէն հայացնել այդ թրքախօս սերունդները, որովհետեւ լեզուի կողքին պիտի կորսնցնէին նաեւ ազգային զգացումը, աւանդութիւններն ու գրեթէ ամէն բան, որ աղերս ունէր հայկականութեան հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարդալ սորվիլ՝ մանուկի մը համար առաջին քայլն է ընկերային կեանքին։ Արդարեւ, կարդալ սորվիլ, ընդհանուր առումով՝ ուսում եւ կրթութիւն, կը սկսի ընտանիքին մէջ, նախ եւ առաջ մօր գրկին մէջ, կը զարգանայ ուսուցիչներու հոգատարութեամբ եւ վերջապէս, կը կատարելագործուի ընկերութեան մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պէտք է յստակ տարբերութիւն մը դրուի բարիներուն եւ բարի ձեւացողներուն, կարեկցողներուն եւ իրապէս օգնութեան ձեռք մեկնողներուն, ինչպէս նաեւ գթացողներուն եւ ճշմարիտ ողորմածներուն միջեւ, որովհետեւ իրականութեան մէջ անոնք ամբողջութեամբ տարբեր բաներ են: