ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ՄԱՏԵԱՆԸ
Աստուածաշունչ մատեանը կը պատկանի ամբողջ մարդկային ցեղին։ Ապահովաբար Սուրբ Գիրքը կարելի է համարել «ընդհանրական նամակ»՝ ուղղուած ամբողջ մարդկութեան։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ կողմէ տրուած պատգամ՝ կարգախօս է Ընդհանրական Եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ ամէն մէկ անհատի. ան կը պատկանի ամբողջ մարդկութեան՝ անխտիր՝ առանց տարիքի, սեռի, լեզուի եւ ազգի, ժողովուրդի խտրութեան։
Աստուած բոլորին հայրն է անկասկած, ուստի Իր խօսքը ուղղուած է բոլոր ժամանակներու մարդկութեան։ Աստուծոյ Խօսքը փրկութեան խօսքն է։ Աստուածաշունչ մատեանը «Բանն Աստուծոյ»ն, Աստուծոյ խօսքն է՝ մեզի յայտնուած։ Աստուծոյ Խօսքը փրկութեան խօսքն է՝ որ Ան յայտնած է Իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։
Աստուած Յիսուս Քրիստոսի միջոցով ամբողջ աշխարհի մարդկութեան փրկութիւն խոստացաւ՝ ուխտեց, եւ այդ փրկութեան պատգամը Աստուածաշունչը մեզի կը ներկայացնէ։
«Սկիզբէն Աստուած երկինքը եւ երկիրը ստեղծեց»։
Այս նախադասութեամբ կը սկսի Աստուածաշունչը եւ կ՚աւարտի յաղթանակի հետեւեալ հաւաստիացնող խօսքերով. «Ահա կու գամ շուտով, եւ ինձ հետ են իմ վարձերը, որպէսզի հատուցանեմ իւրաքանչիւրին ըստ իր գործին։ Ես իմ Ալֆան եւ Օմեկան՝ սկիզբը եւ վախճանը, առաջինը եւ վերջինը»։ Ուստի, Աստուածաշունչը կը սկսի արարչագործութեան փառաւոր պատմութեամբ եւ կ՚աւարտի Աստուծոյ անշարժ, անսասան թագաւորութեան մշտնջենական հաստատումով։ Այս երկու իրողութեան տարածքի միջեւ կը գտնուի Աստուածաշունչը՝ Աստուծոյ մեծագործութիւններով, աստուածային սկզբունքներով, օրէնքներով, պատգամներով, բազմաթիւ յայտնութիւններով եւ մանաւանդ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ, քարոզութեամբ, Անոր մատնութեամբ, խաչելութեամբ, թաղմամբ, յարութեամբ, համբարձումով եւ ապա Անոր երկրորդ գալստեան պատգամով։
Հին կտակարանի աշխարհը իր մէջ կ՚ընդգրկէ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը՝ Հնդկաստանի սահմաններէն մինչեւ Յունաստան, Թուրքիայէն մինչեւ Եթովպիա։
Հին կտակարանը պատմական դէպքերով իր մէջ կը բովանդակէ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող զանազան ազգերը եւ ցեղերը՝ ներառեալ անոնց մշակութային կեանքը եւ քաղաքակրթութիւնը։ Եւ ուրեմն, Հին կտակարանի պատմութիւններու թատերաբեմը միայն Հին Պաղեստինը չէ՛ իր բազմազան ցեղերով եւ ժողովուրդներով, այլ նաեւ Եգիպտոսը իր մշակոյթով, բաբելոնացիներու, հիթիթներու, միտանիներու բնակավայրերը, Ուրարտուն, Ասորեստանը, Սուրիան, Փիւնիկէն՝ իր առեւտրական կապերով եւ այբուբենով, եւ Պարսկաստանը՝ իր հզօր կայսրութեամբ։
Հին կտակարանի պատմութիւնը կը սկսի արարչագործութեամբ եւ կ՚աւարտի պարսկական տիրապետութեամբ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի վրայ (Ն.Ք. Ե դար), երբ հրեայ ժողովուրդի զգալի մէկ մասը վերադարձած էր Բաբելոնեան գերութենէն։ Այս ժամանակաշրջանին Մերձաւոր Արեւելքի պատմութիւնը կ՚արձանագրէ շարք մը կարեւոր դէպքեր, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու փաստեր։ Հաւանաբար մարդկային պատմութեան մէջ նստակեաց՝ ոչ-թափառական, նստուկ կեանք ունեցող քաղաքակրթութիւն ստեղծող ժողովուրդներ եղած են եգիպտացիներ եւ բաբելոնացիներ (սումերներ)։ Այս երկու ժողովուրդը իրենց քաղաքները եւ գիւղերը ունէին, անոնք ունէին նաեւ իրենց կառավարչական ձեւերը եւ քաղաքակրթութիւնը։ Ն.Ք. 4000-1800 թուականներուն այս երկու պետութիւնը տիրեց Մերձաւոր Արեւելքին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 26, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 05/01/2025
- 05/01/2025