Արխիւ

Հոկտեմբերի 1-ին նախատեսուած Միւռոնօրհնութեան ընդառաջ, երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ ձիթաիւղի օրհնութեան կարգ։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու հերթականը։ Կղզեբնակ երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս գնահատուեցան հանդիսատեսին կողմէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խուրհուրդի անդամները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անոնցմէ տեղեկութիւններ ստացաւ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն շուրջ, որոնք երեք ամիսէ ի վեր կը շարունակուին ու հասած են վերջին փուլին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վերջերս լոյս տեսած է համակրելի պրպտող Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Tanzimat, İstibdat ve Meşrutiyet Tiyatrosunda Mardiros Mınakyan (Türk Devlet Tiyatrosu Darülbedayi)»։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի իսկապէս տիրական եւ ազնուական դէմքերէն Այտա Աբգարեան, որ այնքան մեծ յարգանք, սէր ու համակրանք կը վայելէր ընկերային շրջանակէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց՝ Համահայկական 8-րդ խաղերուն առթիւ Հայաստան մեկնած թրքահայ մարզական պատուիրակութեան ներկայացուցիչները։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ հովուական այցելութիւն մը տուաւ Պելժիա։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մենք եւ սա աշխարհը: Բայց անպայման... ՄԵ՛ՆՔ:
Անկեղծօրէն, յաճախ այս մասին երկար կը մտածեմ: Անոր համար այսօր պահանջք զգացի արտայայտուելու:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամուսնութեան միջոցով ազգերու միակերպումը եւ ձուլումը: Մանտեկացցայի կարծիքը այսպիսի միաւորութիւններու մասին: Ասոնց վտանգաւորութիւնը սերունդի տեսակէտէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագիրը կ՚ընդգրկէ բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնան Արարիչը. անոնք որոնք կը հաւատան, կը պաշտեն միակ եւ բարեգութ Աստուածը՝ որ է նաեւ Նախախնամ եւ պիտի դատէ մարդիկը «վերջին օրը»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ի տարբերութիւն ներկային, անցեալի օտարախօս սերունդը ունէր գիր-գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն մը. հայերէն չհասկնալով հանդերձ անոնք մօտ էին մամուլին, գիր-գրականութեան եւ ամէն ձեւով կը փորձէին աղերսուած մնալ այդ բոլորին, որովհետեւ հակառակ լեզուի պակասութեան, հայրենասիրութեան շունչ մը կար անոնց մէջ, պատկանելիութեան գիտակցութիւն մը, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլար, որ գրողներ անտարբեր չմնան անոնց հանդէպ:
«Պաքու մարտահրաւէր կը նետէ՝ կայունութեան հաստատման ուղղեալ միջազգային հանրութեան ջանքերուն»:
«Ցարդ չենք լսած Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վերաբերեալ Ատրպէյճանի հրապարակային խօսքերը»:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մանուկներու ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, երէկ, ծրագրի հերթական փուլին մէկտեղուեցաւ փոքրիկներու հետ, որոնց աշխատանքները կը գլխաւորէ Թանիա Փաքերթիք։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ ընդունեց Պելժիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպը, որ կ՚այցելէ Երեւան։ Երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ օրուան տեւողութեան կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ նոյնպէս Իսթանպուլի երեսփոխան Ճիւնէյթ Եիւքսել։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ցաւալիօրէն, յաճախ մարդը կը ճանչնանք անոր մահէն ետք: Այս ամառ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ սուրիահայ մտաւորական Զարեհ Սափսըզեան, որու անունին ծանօթ էինք միայն ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած անոր պատմուածքներէն, որոնք ուշադրութիւն գրաւած էին իրենց համարձակ նիւթերով եւ արեւմտահայերէն հիւթեղ բառապաշարով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սուրիոյ տարածքին կան բազմաթիւ դպրոցներ եւ ուսումնակրթական հաստատութիւններ. ըլլան անոնք մանկապարտէզներ, նախակրթարաններ, երկրորդականներ, ուսումնարաններ, դասընթացքային կեդրոններ եւ այլն, որոնք հիմնադրուած են սուրիահայերուն կողմէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Մարդ եթէ յանցանք մը ծածկէ կամ այդ յանցանքը յայտնէ, ի՞նչ կը պատահի:
Պատասխան. Սողոմոն Իմաստունը կը գրէ. «Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ, բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամներ կը զատէ» (Առ 17.9):
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առկայ տագնապին լուծումը հաստատ ՄԱԿ-ի ձեռքին չի գտնուիր՝ հակառակ Հայաստանի կառավարութեան դիմումով գումարուած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին:
Աւելի ծանր լուրեր կրնան հասնիլ:
Արցախի վզին շուրջ օղակը ժամ առ ժամ կը սեղմուի եւ ան կը քալէ թէ՛ իր եւ թէ ուրիշներու սխալներու խաչը շալկած: Երեւան կ՚անդրադառնայ, թէ Մոսկուայի վերմակով ծածկուիլ՝ պիտի նշանակէ մսիլ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազատութիւնը իմացականութեան եւ կամքին արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէր է իր անձին։