ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս արտասովոր մթնոլորտ ստեղծուած է՝ թեմակալ առաջնորդի եպիսկոպոս ձեռնադրուելուն առթիւ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Նիւ Եորք վերադառնալէն ի վեր, առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան բոլոր հարթութիւններու վրայ ջերմ վերաբերմունքի կ՚արժանանայ՝ մասնաւորապէս հաւատացեալները զինքը կը շրջապատեն հոգեւոր ուրախութեամբ։

Այս ամբողջին մէջ, թեմի հոգեւորականաց դասն ալ ջերմօրէն կ՚ողջունէ Նորին Սրբազնութիւնը։ Այսպէս, Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանը ողջունելու համար համախմբուեցան Սուրբ Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդունեց իր հոգեւոր եղբայրներուն բարեմաղթութիւնները։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2023