ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԸ ՉԵՂԵԱԼ ՀՌՉԱԿԵՑ՝ ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ» ԿԱԼՈՒԱԾԻ ՎԱՐՁԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱՐՔԸ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը չեղարկեց «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան գործարքը։ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգճեան երէկ ընկերային ցանցերու միջոցաւ այս կապակցութեամբ պաշտօնական ամփոփ տեղեկութիւն մը հրապարակեց։ Այսպէս, Պատրիարքարանէն նամակ մը ուղարկուած է «Xana Gardens Ltd»ին՝ տեղեկացնելով, որ չեղեալ նկատուած է Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» կալուածի վերաբերեալ 8 յուլիս 2021 թուականի ստորագրուած համաձայնագիրը։

«Կովերու պարտէզ»ի աղմկայարոյց վարձակալութեան հարցը բառին բուն իմատսով տագնապ մը ստեղծած էր Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն եւ միաբանութենէն ներս։ Ամբողջ հայաշխարհի մտահոգութեան պատճառ դարձած այս խնդիրը ներկայիս թեւակոխած է նոր հարթութիւն մը։ Սուրբ Աթոռը վարձակալութեան գործարքը ջնջելով առած է անհրաժեշտ առաջին քայլը, որ գետին պիտի պատրաստէ նաեւ այդ համաձայնութենէն ծնունդ առած այլ զանազան բարդութիւնները հարթելու։

«Կովերու պարտէզ»ի գործարքը լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած էր Յորդանանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւններուն մօտ, որոնք այս հարցին հետեւանքով դադրած են Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի իշխանութեան հանգամանքը ճանչնալէ։ Հայոց վանքէն ներս ալ այս գործարքը ցնցումներու պատճառ դարձած էր։ Այդ համաձայնագրին ենթագետինը պատրաստած նախկին կալւածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան առաջին փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ տեսուչի պաշտօնէն առնուած էր, իսկ աւելի վերջ կարգալոյծ հռչակուած։

Մամուլին մէջ ցարդ նիւթ դարձած էր, որ այս գործարքին յետս կոչուիլը տուգանք վճարելու անհրաժեշտութիւն պիտի ստեղծէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան համար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2023