ԱՐՏԸ ԿԱՆԱՉ ՀՆՁԵԼ

Տակաւին չեմ կրցած հասկնալ, որ հայ ժողովուրդը լաւապէս գիտակցելով կրթութեան կարեւորութիւնը, միշտ լուսանցքէ դուրս ձգած է ուսուցիչն ու վարժապետը, մտաւորականն ու հայ լեզուի մշակը: Այս մէկը զարմանալի կը թուի, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, որ ազգի մը ապագայ սերունդը պատրաստողը ուսուցիչն է, ազգի մը լեզուն, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը պահողն ու կերտողը գրողն ու մտաւորականն է եւ այս բոլորը գիտնալով հանդերձ զանոնք մատնած ենք անգործութեան եւ շատ անգամ նոյնիսկ աղքատութեան: Այս բոլորին մասին սկսայ աւելիով մտածել, երբ կարդացի Պերճ Պռոշեանի իրական կեանքէ վերցուցած «Վարժապետը» պատմուածքը, որ յստակ պատկերն է աւելի քան դար մը առաջ գաւառներու եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի վարժապետներուն եւ գրողներուն մօտ տիրող իրավիճակին: 

Այս պատմուածքները կարեւոր են թէ՛ անցեալին մասին տեղեկութիւն ունենալու եւ թէ շատ մը դարձուածքներ եւ ճշմարտութիւններ գիտնալու։ Օրինակի համար, հին ժամանակ գրականութեան մէջ կը գործածուէր «արտը կանաչ հնձել» արտայայտութիւնը՝ որ մեր օրերուն իր իմաստը կորսնցուցած է. գրականութեան մէջ այս արտայայտութիւնը կը նշանակէր աշխատավարձը օրէն առաջ մաս մաս ստանալ եւ ծախսել. Պռոշեան այս արտայայտութեան զոհերուն համար կ՚ըսէ. «Վա՜յ այն անբախտին, որին կը յարմարուի այս առածը…»: 

Ցաւ ի սիրտ, «արտը կանաչ հնձել» արտայայտութիւնը կը պատկանէր Պերճ Պռոշեանի «Վարժապետը» պատմուածքի «հերոս»ին՝ վարժապետ Չիչակեանին. գրեթէ բոլորին ալ յստակ է, որ մօտաւորապէս 100 տարիներ առաջ վարժապետութիւնը համազօր էր աղքատութեան եւ այդ զոհերէն մէկն էր նաեւ Չիչակեան։ Անշուշտ, վարժապետները այս խնդիրը լուծելու համար որդեգրած էին ձեւ մը. ամէն ուսուցիչ իր աշխատավարձէն որոշ փոքր գումար մը կը յանձնէր գանձանակին եւ այն ուսուցիչը, որ գումարի կարիք ունէր, այդ գանձանակէն գումար կը վերցնէր՝ պայմանով, որ մի քանի ամիս առանց աշխատավարձի ապրի՝ որպէսզի յաջողի վերադարձնել այդ գումարը: 

Վարժապետ Չիչակեան կը կորսնցնէ իր զոքանչը եւ անոր թաղումները հոգալու համար գանձանակէն կը վերցնէ իր չորս ամսականին համազօր գումար մը՝ պայմանով, որ չորս ամիս աշխատավարձ չստանայ: Պռոշեանի բառերով «Չիչակեան արտը կանաչ էր հնձել եւ այլեւս ստանալիք չունէր»: Իր այդ ստացած գումարով Չիչակեան կատարած էր իր զոքանչի թաղումը, կատարած անոր եօթնօրը եւ պատրաստած «հոգեճաշի» սեղանը. սակայն աշխատավարձը այնքա՜ն քիչ ըլլալու էր, որ այս պարզ պարտաւորութիւնները կատարելով գրեթէ գումար չէր մնացած մօտը: Սակայն Չիչակեան այս մէկը այնքան ալ մտահոգիչ չէր գտներ, որովհետեւ իր ետին ունէր դպրոցը՝ որ «կը կարեւորէ» իր վարժապետները: 

Չիչակեան ուսուցչութեան պաշտօնէն անդին կը զբաղէր նաեւ վիպագրութեամբ. թերթօն մը կը պատրաստէր, որպէսզի յանձնէր խմբագրութեան՝ մի քանի ղուրուշ այդտեղէն ստանալու ակնկալութեամբ: Իր գրելու ժամը վերջացած նկատելով Չիչակեան դուրս կու գայ իր սենեակէն եւ կը տեսնէ կնոջ արտասուելը. կը փորձէ մխիթարել զինք, որովհետեւ զոքանչը մահացած էր բաւական յառաջացած տարիքին, սակայն կինը իր մօրը մահուան համար չէ՛ր լար. Չիչակեանի զաւակները անօթի էին եւ ուտելիք կը պահանջէին. մէկը հաց կ՚ուզէր, միւսը թէյ: Չիչակեան պահ մը մոռցաւ պահի ծանրութիւնը եւ առաջարկեց հացը պարտքով վերցնել մինչեւ ինք դպրոցի գանձանակէն դարձեալ գումար վերցնէր։ Վարժապետը կնոջ փաթթուելով կ՚ըսէ. «Է՛, հերիք է, մի՛ յուսահատիր, հոգեա՛կս, մեզ համար յուսահատութիւնն աններելի է. ինչպէս ասացի, այսօր ծառան գնայ ապառիկ հաց բերէ, մինչ ես մի ժամից յետոյ դուրս կ՚երթամ, մի տեղից կը հոգամ։ Աշխարհը հօ՜ չքանդուեց. ո՞վ աշխարհի մէջ անօթի մեռած է… որ մենք մեռնինք»:

Անշուշտ Պռոշեան Չիչակեանի օրինակը տալով կ՚ուզէր պարզել բոլոր ուսուցիչներու վիճակը. Պռոշեան անոնց թշուառ վիճակը ներկայացնելով կ՚ըսէ. «եւ ո՞վ չի ճանաչում վարժապետին՝ գերծած, երկարաւուն գլուխը դէպի ձախ ուսը թեք բռնած, թախիծը՝ փքուած, դալկահար ու նիհար երեսին, լորձունքը բերանից շաղ տալով, ուռած ու շաղուած աչքերով, սեւ մօրուքի մի կողմը մինչեւ միսը խոր խուծած, միւս կողմէ խճճուած վարժապետին»: 

Այս բոլորը ինչքանո՞վ չափազանցութիւն է, ինչքանո՞վ ճշմարտութիւն՝ չենք գիտեր, սակայն, այս բոլորը ապացոյցն է այն դժբախտութեան, որ հայ ժողովուրդը իր ազգի ամենէն կարեւոր ներկարացուցիչները՝ մտաւորականները, ուսուցիչները միշտ ալ անտեսած է. օտար ազգերու մէջ ուսուցիչ, մտաւորական ըլլալը մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ժողովուրդը լաւապէս կը գիտակցի, որ անոնց ծառայութիւնը ապագայ սերունդները շատ աւելի գիտակից ընելու կը ծառայէ: Այս բոլորին հետեւանքը պարզ չէ՞. մենք այսօր ունինք ուսուցիչի պակաս. նոր սերունդը գրեթէ չի հետաքրքրուիր ուսուցչութեամբ, որովհետեւ այդ ասպարէզը մեր մօտ գրաւիչ դիրք մը չունի. մեր մօտ ունինք մտաւորականներու, գրողներու պակաս՝ որովհետեւ այդ մէկը եւս իր արժանի գնահատանքին չ՚արժանանար: Մեր մտաւորականները այս պատմուածքները կը գրէին, հանրութեան ուշադրութիւնը ուսուցչութեան կարեւորութեան վրայ կեդրոնացնելու համար… որովհետեւ ուսուցիչն ու մտաւորականը գնահատելով ո՛չ թէ անձը, այլ ամբողջ ազգի մը ապագան մեծարած կ՚ըլլանք:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ազգի մը համար պետական գործի՞չն է աւելի կարեւոր, թէ մտաւորականը:

Պատասխան. Ազգի մը համար երկուքն ալ կարեւոր եւ անփոխարինելի են եւ ունին տարբեր առաքելութիւններ: Պետական գործիչը պետականութիւն կը կերտէ, հասարակութեան շահերը կը պաշտպանէ, քաղաքական կեանքը կը զարգացնէ, իսկ մտաւորականը կը սնէ մտաւոր եւ հոգեւոր աշխարհը, մշակոյթը, ինքնութիւնն ու քննադատական միտքը: Առանց պետական գործիչի ազգը կրնայ մնալ անպաշտպան ու անկազմակերպ, իսկ առանց մտաւորականի կրնայ կորսնցնել իր հոգին ու ինքնութիւնը: Ուստի, իսկական ուժը կը ծնի այն ատեն, երբ երկուքը միասին աշխատին եւ զիրար լրացնեն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 22, 2025