Արխիւ
Ելմտական ու պետական գանձի նախարար Մեհմէտ Շիմշէք լաւատես կանխատեսումներ ըրաւ Թուրքիոյ տնտեսութեան համար։ Նախարարին խօսքով՝ ներկայիս առկայ են Թուրքիոյ դէմ հովեր, սակայն 2024 թուականի երկրորդ կէսէն սկսեալ այդ հովերը պիտի սկսին փչել Թուրքիոյ ի նպաստ։
Անգարայի մէջ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Պեշթեփէի երէկուան ժողովը տեւեց երեք ժամ:
Թուրքիա Ռուսաստանը եւ Ուքրայնան կը հրաւիրէ անյապաղ բանակցային սեղանի շուրջ նստիլ ու վերջ տալ պատերազմին:
Պաշարեալ Արցախի մէջ կացութիւնը հետզհետէ աւելի ողբերգական կը դառնայ։ Հայաստանէն ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը կարելի չ՚ըլլար Լաչինի միջանցքով տեղ հասցնել։ Երեւանի ղեկավարութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացումը կը սպառնայ տարածաշրջանի խաղաղութեան։
Հրեայ ծայրայեղականներու ոտնձգութիւններն ու անարգական արարքները մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ:
Սուրբ երկրի քրիստոնեայ յարանուանութեան ներկայացուցիչները տեսակցեցան Երուսաղէմի ոստիկանապետին հետ:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանին երէկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ՝ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին կողմէ։ Յուշանուէրը յանձնեց համոյթի անդամներէն Սարգիս Մենշուր, որ կը բնակի Երեւանի մէջ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մենք հայ երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու շարքի հերթականը։ Կղզեբնակ երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս արժանացան բոլորի ծափահարութիւններուն։
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ Վարդան-Ճուլիա Յովհաննէսեան ամոլը բախտաւորուած է դուստրով մը, որ կոչուած է՝
ԺՊՏՈՒՆ
Մայրը եւ նորածինը քաջառողջ են։ Ան իր ծնողներուն առաջնեկն է։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Կ՚ապրինք անբացատրելի զգացումներ, որոնք շատ են եւ խօսուն: Չեմ կրնար ներկայացնել անոնց ծաւալը, որպէսզի կարենաս լաւ կերպով հասկնալ մեր վիճակը Արցախի մէջ»:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Չհասութեան գաղափարը հին եւ նոր ազգերուն մէջ: Մուհամմէտն ու Մովսէսը: Արեւմտեան եւ Արեւելեան եկեղեցական ժողովներուն որոշումները ազգակցական ամուսնութեան վերաբերմամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Գոյացական եւ իսկական կեանքը Հա՛յրն է, որ Որդիով եւ Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ երկնային պարգեւները բոլորին վրայ կը սփռէ առանց բացառութեան։ Շնորհիւ Հօր ողորմութեան, մենք՝ մարդիկս ալ յաւիտենական կեանքին անսուտ խոստումը ստացանք», կ՚ըսէ Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացի։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երաժշտութեան եւ պարի միութիւնը դարեր շարունակ եղած է մարդկային մշակոյթի անբաժանելի մէկ մասը: Գեղարուեստական արտայայտման երկու ձեւերն ալ խորապէս արմատաւորուած են հայկական պատմութեան մէջ՝ գերազանցելով լեզուական արգելքներն ու մշակութային տարանջատումները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատերազմի դաժան արդիւնքէն ետք յուսալի էր, որ մեր ղեկավարութիւնը քիչ մը աւելի իրատես դառնար ու լուրջ ձեւով սկսէր մտածել ցաւոտ հարցերու մասին՝ նոյնիսկ ինքնաքննադատութեան գնով, սակայն այնպէս ալ բոլորը մնացին յոյսի սահմաններուն մէջ:
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան հետախուզութեան բաժնի պետ զօրավար Իսմայիլ Կիւնայտըն վերջերս այցելեց Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ զօրավար Քերիմ Վելիեւի կողմէ։

Երեւանի վերջին Ազգային երիտասարդական համաժողովը յաջողութեամբ պսակուած:
Զարեհ Սինանեան նախաձեռնութիւնը արդարացած կը նկատէ՝ Հայաստան-սփիւռք կապերու տեսակէտէ:
«Թուրքիա դիրքաւորուած է երեք ցամաքամասերու սրտին վրայ եւ չի կրնար ձեռնունայն հետեւիլ իրադարձութիւններուն»:
«Ղարաբաղը ազատուեցաւ 30 տարուան բռնագրաւումէ վերջ եւ հնարաւորութիւն մը ստեղծուեցաւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան համար»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վաղը պիտի մեկնի Հաթայ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի նախագահէ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի արարողութիւններուն եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի Մատենադարանի նորընտիր տնօրէն Արա Խզմալեանը, որուն ընկերացաւ գիտական գծով փոխ-տնօրէն Վահէ Թորոսեան։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարի ալ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուած է Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ։ Ամրան շրջանին կը համընկնի այս կարեւոր տաղաւարը, որու իմաստը եւ առթած հոգեւոր ուրախութիւնը կը բազմապատկուին աւանդական խաղողօրհնէքով։
Պատրիարքական Աթոռի կարգադրութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելեց Տիարպաքըր։ Նորին Սրբազնութիւնը տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ընդարձակ համալիրէն ներս՝ յարակից Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի մատրան նորակերտ խորանի օծումը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի անդամները, որոնք այս շրջանին մեկնած են Հայաստան։ Մարալցիները, որոնք Համահայկական 8-րդ խաղերու բացման ելոյթ ունենալու համար Հայաստանի մէջ կը գտնուին, ուխտի այցելութիւն մը տուին համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին, որու խորախորհուրդ մթնոլորտի իսկական ներշնչման առիթ մը դարձաւ իրենց համար։