Արխիւ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները հիւրընկալեցին Համահայկական խաղերու Թեհրանի տեղական կոմիտէի պատասխանատուներէն Հրաչիկ Շահպազեանն ու Ռազմիկ Միրզախանեանը։
Ֆրանսահայ յայտնի հոգեբոյժ տքթ. Տիրան Տօնապետեան այս օրերուն կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Ան երէկ հիւրընկալուեցաւ Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ։
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց շուրջ 150 համալսարանականներ, որոնց շարքին կը գտնուէին թէ՛ ուսանողներ եւ թէ շրջանաւարտներ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն շաբաթավերջին հասան զգայացունց լուրեր։ Այսպէս, Սուրբ Աթոռի դիւանը տեղեկացուց, որ կարգալոյծ հռչակուած է Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին Թուրքիոյ տեսակէտէ բախտորոշ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ -1:
Քաղաքական թատերաբեմին վրայ ամլութիւն չի նկատուիր՝ մինչ ակնկալութիւններն ու սպասումները միահիւսուած են, միջազգային անմիջական ուշադրութիւնով հանդերձ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հիմնադրութեան թուականը մեզմէ շատեր չեն գիտեր։ Գուցէ մեր սերունդին համար անյիշելի ժամանակէ մը ի վեր Մարաշ թաղի սրտին վրայ կը գործէր «Քաֆէ Կարօ»ն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրերս գրադարանին մէջ հանդիպեցայ արեւմտահայերէնով գրուած յուշագիրքի մը: Միշտ հետաքրքրութիւն ունենալով յուշագրութեան հանդէպ, թերթեցի գիրքը եւ կլանուած կարդալով տեսայ, որ հեղինակը՝ Յովհաննէս Պօղոսեան, եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի աշխատակից:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Ռուսական գրականութեան փարթամ գետը ամբողջութեամբ կը բխի Կովկասի ձիւնոտ գագաթներուն մէջ ծնած այս պարզ աղբիւրէն», կ՚ըսէ Կոկոլ՝ ողջունելով «Մեր ժամանակի հերոսը» գիրքը, որ Միխայիլ Եուրեւիչ Լերմոնթովի միակ վէպն է։ Գիրքի գլխաւոր հերոսը՝ Փեչորին դասուած է ռուսական գրականութեան ներշնչման գլխաւոր աղբիւրներու շարքին, ինչ որ կը համարուի աննախընթաց:
Ուաշինկթընի մէջ անցեալ շաբաթ կազմակերպուած արտաքին գործոց նախարարներու խտացեալ բանակցութիւններուն ի շարունակութիւն, այժմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ կը կազմակերպուի նոր ժամադրութիւն մը։
Կը տեղեկանանք, որ «23.5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայրը» արժանացած է EMYA 2023 մրցանակին։ Այսպէսով «23.5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայրը» հռչակուած է Եւրոպայի այս տարուան լաւագոյն թանգարանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վասնզի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է, եւ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն». (ՀՌՈՎ. Ը 6)։
Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է. այսինքն մարմնաւոր բարիք մտածել եւ անոնց հետամուտ ըլլալը կը կորսնցնէ մարդուս հոգիին կեանքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 110 տարիներ առաջ՝ շաբաթ, 9 մարտ 1913 թուականին Պոլսոյ Նշան Պապիկեան տպագրատունէն լոյս կը տեսնէ «Բամբիռ» շաբաթաթերթը. շաբաթաթերթի խմբագիրը (որ ցաւ ի սիրտ, իր անունը չի յիշեր շաբաթաթերթի էջերուն մէջ) իր առաջին խմբագրականին մէջ հպարտութեամբ կը գրէ հետեւեալ տողերը.-
Գումգաբուի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Դպրոցի զանազան սերունդներէ ընթացաւարտները զիրար վերագտան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նաեւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի Երեւման Ս. Խաչի տօնին օրը կը կատարուի Վոսփորի մեր այս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ թաղի Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յուշամատեանի շնորհանդէսին առթիւ։ Համավարակի հետեւանքով յապաղումով կազմակերպուած ձեռնարկը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը երէկ կազմակերպեց թենիսի մրցաշարք մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Այս մրցաշարքը կազմակերպուած էր ի յիշատակ ակումբի բարեյիշատակ հիմնադիրներէն հոգելոյս Գրիգոր Միսաքեանի։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան երէկ պատարագեց Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին նաեւ առաջնորդական փոխանորդ Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան եւ Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան։
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր պաշտօնակից «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան արժանացած է մրցանակի մը։ Այսպէս, իրեն շնորհուած է Մարդու իրաւանց միութեան «Արտայայտութեան ու մտքի» տարեկան մրցանակը, որ հաստատուած է ի յիշատակ հանգուցեալ մտաւորական Այշէնուր Զարաքօլուի։
Փաշինեան մեկնաբանեց Ուաշինկթընի վերջին բանակցութիւններու լոյսին տակ ստեղծուած իրավիճակը:
Վարչապետէն պարզաբանումներ. «Առանցքային տարաձայնութիւնները կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղին, բայց ոչ միայն այդքան»: