Արխիւ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս տարի եւս Սուրբ Երկրին մէջ հանդիսաւորապէս, աւանդական շուքով նշեց Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը՝ ըստ հին տոմարի։
Մեր համայնքէն Սէրլի Սեդա Նշանեանի բեմադրութեամբ այս շրջանին կը բեմադրուի թատերական ներկայացումներու շարք մը, որ «Տերեւ արթ»ի անդրանիկ նախագիծն է։ «Borderline» կը կոչուի այս թատերական ներկայացումը, որու բեմագիրն է Քաան Էրքան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անմիաբանութիւնը կը կործանէ, կը քանդէ ամէն հոգեւոր, ամէն բարոյական շէնք։ Անմիաբանութիւնը, որովհետեւ պառակտում կը ստեղծէ, իսկ պառակտումը ամենամեծ թշնամին է միութեան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հակառակ այն իրողութեան, թէ կը հաւատանք բնածին շնորհքներու ու կարողութիւններու, կը հաւատանք նաեւ, որ ժամանակն ու շրջապատը մեծ դեր ու ազդեցութիւն կ՚ունենան կազմաւորման ու դրսեւորման մէջ։
Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքը։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը ճաշասեղանով մը պատուեց հոգեւոր եղբայրը, որ այցելեց Լիբանան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Տուրսունն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Շիշլի մարզակումբի ներկայացուցիչները վերջին օրերուն մասնակցեցան Իսթանպուլի մինչեւ 14 տարեկաններու մարմնամարզի մրցաշարքին, որու արդիւնքով ապահովեցին փայլուն նուաճումներ։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը։ Այս վերջինը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանին կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ Տաւոսի մէջ կը մասնակցի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, շարունակեց նաեւ իր երկկողմանի հանդիպումները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ այսօր կը հրատարակէ 6 էջէ բաղկացեալ բացառիկ թիւ մը։ Համոզուած ենք, թէ այս թիւը փաստավաւերագրական արժէք կը ներկայացնէ։
Զեքիեան Գերապայծառ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, վերապատուելի Աղապալօղլու եւ Յունաց պատրիարքարանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչն ալ պատուեցին հաւաքոյթը:
Նորանշանակ դեսպանին նուիրուեցաւ յայտնի գեղանկարիչ Սայաթ Ուշաքլըկիլի վառ ստեղծագործութիւններէն մին՝ ի յիշատակ Թուրքիոյ աշխատանքի տարիներուն:
Սահակ Սարգսեան-Արփինէ Աւդալեան ամոլը Ատիս Ապապա կ՚ուղեւորուի՝ ուրոյն հետք մը թողած ըլլալով պոլսահայ արդի տարեգրութեանց մէջ, ուր արձանագրուած կը մնան բարի կամքն ու անկեղծութիւնը:
Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի աւանդութիւններով ամենաբարձր մակարդակի վրայ նախաձեռնութիւն մը. երախտիք եւ մեծարանք:
Եւ դարձեալ յունուարի 19։ Այսօր լրագրող-հրապարակագիր, «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի նահատակութեան 17-րդ տարելիցն է։ Այսօր դարձեալ իր սիրելիներն ու պատգամին, աւանդին հաւատարիմները ժամադրուած են այն կէտին վրայ, ուր ան թէ՛ ինկաւ եւ թէ անմահացաւ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Պատերազմը խելք չունի, ունի խամաճիկներ, որոնք կ՚ընեն այն, ինչ որ պատուիրուած է։
Պատերազմ՝ ոչնչացում կը նշանակէ։ Պատերազմը կ՚աղքատացնէ երկիրները եւ կը վնասէ աշխարհը՝ կլոպալ ծաւալով։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ հանդէս եկաւ կարեւոր զգուշացումներով։ Վերջին շրջանին պաղառութեան եւ շնչառական համակարգի բորբոքումներու դէպքերը անհամեմատօրէն աւելցած են։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ նոր հարուածներ հասցուց Եմէնին։ Այսպէս, թիրախաւորուեցան հուսիներու «Անսար Ալլահ» ապստամբական շարժման կառոյցները։ Ըստ ամերիկեան աղբիւրներուն, ռմբակոծուեցան հուսիներու քանի մը թիրախները, ուրկէ նոր յարձակումներ կը նախապատրաստուէին։
Մինչ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած կը մնայ Կազզէի պատերազմին վրայ, մարդասիրական հերթական նախաձեռնութիւն մը միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կը գրաւէ՝ որքան որ ալ երկարաժամկէտ խաղաղութեան մը յոյսը չներշնչէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Տաւոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Անոնք կը մասնակցէին Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։
Ֆրանսական ֆութպոլի աշխարհահռչակ աստղը շրջապատուած հայ պատանի մարզիկներուն կողմէ:
Նիքոլա Անելքա եւ Հայաստանի ոլորտի պատասխանատուները կը գործակցին նոր ապագայ մը պատրաստելու համար:
«Անկախութեան գոյութեան ամբողջ ընթացքին լղոզած ենք ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստան խաղաղութեան օրակարգը հռչակած է ո՛չ թէ Ատրպէյճանի, այլ իր տրամաբանութեամբ ու կը շարունակէ»: