Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խօսք մը շիտակ մեկնաբանել՝ խօսքը ճիշդ հասկնալ կը նշանակէ։ Խօսքը ճիշդ հասկնալ շիտակ գիտութիւն առնել կը նշանակէ, քանի որ միայն հասկնալով է որ ճշմարտութեան կարելի է հասնիլ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ինչքա՜ն պիտի ուզէինք, որ Նոր տարուան առաջին օրերուն մեր յօդուածները սկիզբ առնէր դրական ապրումներով, սակայն կեանքը այդ բախտը չվիճակեց մեզի:
Քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւնները տարեմուտին համակուած են տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Յոյն համայնքն ալ Սուրբ Ծնունդը, Նոր տարին եւ Աստուածայայտնութիւնը կը նշէ կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի նախագահութեամբ։
Մարտի 31-ին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները արդէն կը բնորոշեն Թուրքիոյ օրակարգը։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի պաշտօնի ընտրապայքարը։
Թուրքիան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն բարձրաստիճան հիւր մը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Իսթանպուլի մէջ բանակցութիւններ վարեց ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, որ վերջին տարիներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հաստատուած է, իսկ ներկայ տարեմուտին կ՚այցելէ քաղաքս։
Պէյօղլուի ընտանիքը մեծ հրճուանքով տօնախմբեց Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տօնակտարութիւններուն նախագահեց, տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներու աշխարհական աշխատակիցներուն հետ։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Վերստին կը լուսաւորուի քրիստոնեայ աշխարհին կեանքը մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշալի ծնունդովը, որուն մէջ մենք կը տեսնենք Աստուածորդիի խոնարհումը երկինքէն երկիր եւ Անոր գալուստով՝ մեր առջեւ բացուող առաւօտը նոր կեանքին:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Նոր տարի մը եւս դիմաւորելու, ամանորեան ուրախութեան շնորհքին արժանացածներու ապրած երջանկութեան պահերէն անմիջապէս յետոյ, նոյն շաբթուան մէջ կը տօնենք Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ամանորեայ ուղերձը «Հ1»ով հեռարձակելը աւանդոյթ մըն էր, որ գոյութիւն ունէր տակաւին Վազգէն Առաջին Վեհափառի ժամանակներէն: Այդ աւանդոյթէն հրաժարիլը ներկայ իշխանութիւններու նեղմտութեան արտայայտութիւնն է:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ծնողքս նուիրեց քե՛զ իմ ծնունդիս,
Որ միշտ հետս ըլլաս, հրեշտակի պէս,
Արդ քեզմով կ՚ապրին միտքս ու հոգիս
Մայրենի լեզու, իմ քաղցրիկ հայերէնս։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Կարելի անյայտ հայեացքդ սպառնաց տողերս,
որոնք դեռ չընդգրկած ճերմակ ծով ու արեւ,
դարձան ծառայ քու ցանկութեան ու մաղձ տուին ճիգերուս,
որոնք ննջեցին վհատ, լքելով թռիչք ու թեւ:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի կեանքի կարեւորագոյն երկու դէպքերը միասնաբար կը տօնենք որպէս Աստուածայայտնութեան տօն. Տէր Յիսուսի սրբալոյս ծնունդը ի Բեթղեհէմ եւ իր Աստուածընկալ Մկրտութիւնը ի Յորդանան գետ: Երկուքն ալ զարմանք առաջացնելու չափ խոնարհ պայմաններու ներքեւ իրականացած են:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ մարդկութիւնը կ՚ապրէր փոփոխական զարգացումներով լեցուն շրջան մը: Հրէաստանը դարձած էր Հռոմէական կայսրութեան նահանգներէն մէկը, որ իր քաղաքական որոշումները եւ ուղորդումները կը ստանար Կեսարիայէն՝ ուր կայք հաստատած էր երկրի նահանգապետը, իսկ Երուսաղէմի ներքին գործերը յանձնուած էին հրեաներուն, յատկապէս օրուան քահանայապետին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բեթլեհէմ քաղաքի մէջ ծնաւ մանուկ Յիսուս՝ մարմնացաւ եւ մարդացաւ Աստուած համեստ պայմաններու եւ անշուք միջավայրի մը մէջ բայց մեծ փառքով։ Եւ ասիկա եղաւ մանուկ Յիսուսի առաջին պատգամը՝ ինքնահաճ եւ յաւակնոտ մարդկութեան, թէ՝ համեստութեան եւ խոնարհութեան մէ՛ջ է փառքը եւ վեհութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դարեր շարունակ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդի մասին եղած են բազմաթիւ հարցադրումներ մինչեւ օրս եւ մեծ հաւանականութեամբ վաղը եւս պիտի շարունակեն հնչել հարցեր, որոնք մարդ արարածը կը մտահոգեն. յաճախ տրուող հարցերէն մին այն է, որ ինչո՞ւ համար Յիսուս Քրիստոս սովորական տան մը մէջ ծնելու փոխարէն լոյս աշխարհ եկաւ մսուրի մը մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ ազատ է սուրճը շաքարով կամ առանց շաքարի խմելու. բայց եթէ բանաւոր պատճառ մը կամ առողջական լուրջ արգելք մը չկայ, ազատ չէ ուրիշի մը սուրճին միջամտելու։ Այս պարզ օրինակը ցոյց կու տայ, որ մա՛րդ անսահմանաբար ազատ չէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը ունեցած է բազմաթիւ մեծութիւններ, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին յիշուիլ որպէս մեծ արժէքներ. ինչպէս՝ Կոմիտաս Վարդապետ, Երուանդ Օտեան, Յակոբ Պարոնեան, Յակոբ Օշական եւ ուրիշներ:
