Արխիւ
Ամբողջութեամբ պաշարեալ Արցախի մէջ մարդասիրական տագնապը կը խորանայ վտանգաւոր թափով։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ երէկ հանդէս եկաւ ժողովուրդին ուղղեալ ելոյթով մը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Վիեննայի մէջ։ Այսպէս, ան կ՚ընդունուի Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկի կողմէ։
Հանրապետութեան նախագահը ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ՝ դէպի Արաբական ծոցի երկիրները:
Էրտողան իրերայաջորդ շփումներ կ՚ունենայ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնի գործերու խորհրդականը երէկ այցելեց Գումգաբու:
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը դեսպան Ժան-Քրիստոֆ Փոսելին տեղեկութիւններ տուաւ թրքահայ կեանքին շուրջ:
«Արաս» հրատարակչութիւնը այս շրջանին ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հերթական հետաքրքրական գործը։ Նոր գիրքը կը կոչուի «Patrik Avedik'in Gizemli Yaşamı, İstanbul Patrikliğinden Bastille Zindanlarına»։ Հեղինակն է Սիրվարդ Մալխասեան։ Պատրիարքական Աթոռի եւդոկիացի գահակալի կեանքի ոդիսականը խոշորացոյցի տակ առնուած է այս գիրքին մէջ։
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ համայնքային վարիչները հերթական անգամ անդրադարձան պոլսահայ կրթական համակարգի հրատապ հարցերուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ կամ Քառասնորդական պահքի միւս անունը յաճախ զբաղեցուցած է միտքեր։ Պատմութեան մէջ կը գտնենք լուծումը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ռուս մեծանուն գրող՝ Թոլոսթոյ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կեանքի մասին հետեւեալ կարծիքը կը յայտնէ. «Ան՝ որ իր երջանկութենէն զատ ուրիշ նպատակ չունի՝ գէշ մարդ է, ան՝ որուն նպատակը ուրիշներուն բարի կարծիքն է՝ տկար մարդ է: Ան՝ որ որ ուրիշներուն երջանկութիւնը իրեն նպատակ ունի՝ առաքինի մարդ է, ան՝ որուն կեանքին առանցքը Աստուած է՝ մարդ է»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր Տաղաւար տօնի կը յաջորդէ՝ Մեռելոց Օր, մատուցանելու համար հանգուցեալներու նկատմամբ յարգանքը։ Արդարեւ, ասիկա, հանգուցեալներու մասնակցութիւնն է Տաղաւար տօնի տօնախմբութեան ուրախութիւններուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցող շաբթուան ընթացքին արաբական երկիրներէն այլազգի բարեկամ մը Հայաստան այցելեց եւ իր հետ բերաւ բարեկամ մը՝ որ առաջին անգամ Հայաստան կ՚այցելէր: Դէպի Ծաղկաձոր եւ Դիլիջան պտոյտ մը ունենալէ ետք որոշեցինք տեղ մը ճաշել:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երկաթը՝ ծանր, կռելի այդ մետաղը կեանք կառուցող տարր մըն է: Այս եզրայանգումին կու գանք անգամ մը եւս՝ ծանօթանալով սփիւռքահայ մտաւորական Կիրակոս Գույումճեանի «Իմ երթս երկաթին հետ» նորատիպ գիրքի բովանդակութեան:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները վարակիչ հիւանդութիւններու եւ համաճարակներու գրականութեան մէջ տեղին մասին։
Համաճարակներու կամ վարակիչ հիւանդութիւններու մասին վէպերը աննկարագրելի կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ամբողջ մարդկութեան համար՝ այն առումով, որ հեղինակներու գրեթէ բոլորը ներշնչուած են աշխարհի վրայ նախապէս գոյութիւն ունեցած հիւանդութիւններէ եւ անոնց նիւթական, առողջապահական, ընկերային եւ այլ ազդեցութիւններէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպումը մեծ նորութիւն մը չբերաւ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային ընդհանուր գործընթացին։ Այս առումով նախքան բանակցութիւնները վերլուծաբաններ արդէն նկատել տուած էին, որ ինչ մթնոլորտի մէջ ալ ըլլան շփումները՝ կողմերը պիտի չկարողանան բեկումնային նորութիւն մը բերել առկայ գործընթացին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։
Տաղաւարի առթիւ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ քահանայական ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ Սիւնեաց թեմէն ներս։
Քաղդէացի կաթոլիկ համայնքը օժտուեցաւ նոր եպիսկոպոսով մը՝ յանձինն Մոնս. Սապրի Անարի, որուն ձեռնադրութեան արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Սեն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան նախագահեց Քաղդէացի Կաթոլիկներու Պատրիարք Կարտինալ Մար Ռաֆայէլ Լուիս Սաքօ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Վարդավառի տօնը երէկ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Գնալը կղզիի բարձունքին ժողովուրդը համախմբուեցաւ բարձր տրամադրութեամբ։
Ռուսաստան շաբաթավերջին խստօրէն կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի ղեկավարութեան, որպէսզի շտապ միջոցներու ձեռնարկէ Լաչինի միջանցքը անյապաղ բանալու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ մտահոգիչ համարուեցաւ, որ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը կը զարգանայ բացասական բեմագրութեամբ։
Երեւանի Մատենադարանին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ նոր տնօրէնի ընտրութիւն։ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան արդէն աւարտած է իր ծառայութեան պայմանագրային ժամկէտը։
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահին միջնորդութեամբ, Հայաստանի վարչապետն ու Ատրպէյճանի նախագահը շուրջ երեք ժամ բանակցութիւններ վարեցին Պրիւքսելի մէջ:
Մինչ պաշարեալ Արցախը կը շարունակէ օղակի մէջ մնալ ծանր վիճակով, Շարլ Միշել խօսեցաւ նոր ժամադրութիւններու հեռանկարին մասին՝ եռակողմանի կամ հնգակողմանի ձեւաչափերով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Իմաստութիւն Սողոմոնի գիրքէն 7.25-8.4: Զաքարիայի մարգարէութենէն 14.16-21: Յովհաննէս առաքեալի Ընդհանրական Առաջին Նամակէն 1.1-7: Մատթէոսի Աւետարանէն 16.13-17.13: