Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գ.- Քաթիպա իր երրորդ թուքը կը նուիրէ բոլոր անոնց, որոնք ի վերուստ՝ Աստուծոյ կողմէ շնորհքներու արժանացած են, սակայն իրենց այդ շնորհքները ո՛չ մէկ ձեւով հայրենիքը զարգացնելու չեն ծառայեցներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Թքելու սովորութիւն ունիք թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն այսօր բոլորդ կը հրաւիրենք թուքի փառատօնի, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ այսօր մեր իրականութեան մէջ շատեր արժանի են մեր թուքին:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետը Ազգային ժողովին մէջ (…) վկայեց 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի Քննիչ յանձնաժողովին առջեւ ու հարցաքննուեցաւ անոր կողմէ։ Պատերազմին մասնակից բոլոր կարեւոր դերակատարները անցան կամ պիտի անցնին այս քննութենէն։
Պաշարեալ Արցախի մէջ մարդասիրական տագնապը հետզհետէ կը խորանայ։ Ամիսներէ ի վեր շրջափակումը կը տեւէ, իսկ յունիսի 15-էն իր վեր Ատրպէյճան ամբողջութեամբ փակած է Լաչինի միջանցքը՝ ներառեալ մարդասիրական տարանցումները։
Բոլորը կը ձգտին լայն ճանապարհներով ընթանալ, ունենալ հանգիստ ու ապահով անցք։ Տակաւին բոլորը կ՚ուզեն բացուիլ դէպի ընդարձակ հրապարակներ՝ շողշողուն, հրապուրիչ։ Առ երեւոյթ, ընդհանուր համոզումը այն է, թէ լայն ճանապարհները փշոտ չեն ըլլար։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օրերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձի մամլոյ ասուլիսը: Քանի մը ժամ տեւած հարց ու պատասխանի ընթացքին Հայաստանի վարչապետը հնարաւորութիւն ունեցաւ իր մէջ կուտակած ամբողջ թոյնն ու մաղձը, ատելութիւնը, նողկանքն ու թշնամական վերաբերմունքը արտայայտելու Արցախի ու արցախահայոց մասին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշխարհի ամենահաւատարիմ շունը 100 տարեկան կը դառնայ: Այսպէս խորագրուած է «Պի.Պի.Սի.»ի մէկ յօդուածը, որ հրատարակուեցաւ օրերս, պատմելով շունի մը մասին, որ Ճաբոնի մէջ կը համարուի հաւատարմութեան եւ նուիրուածութեան խորհրդանիշ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ հերթական երաժշտական երեկոյթը երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։
Իսթանպուլի նորընտիր երեսփոխանը հիւրընկալուեցաւ առողջապահութեան նախարարին կողմէ:
Սեւան Սվաճըօղլու եւ Ֆահրետտին Քոճա անդրադարձան փոքրամասնութեանց հիւանդանոցներու ծաւալած գործունէութեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեր գիտակցական ողջ կեանքի ընթացքին գտնուած են դէմքեր, եղած են անուններ, ապրած են նուիրեալներ, որոնք մեզի ճանապարհ ցոյց տուած են առ Աստուած։ Մեզի՝ քրիստոնեաներուս համար, ինչ ալ ըլլան յարանուանական տարբերութիւնները, Աստուծոյ տունը եկեղեցին է՝ իր տարբեր դրոյթներով, կառոյցներով, սլացիկ գմբէթներով կամ պարզ ու համեստ ճարտարապետութեամբ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօրուան մեր սիւնակով մեր սիրելի ընթերցողներուն անգլերէնէ թարգմանաբար 40 արտայայտութիւններ պիտի ներկայցնենք; Արտայայտութիւններ, որոնք թէ՛ մեր զաւակները եւ թէ՛ մեզ աւելի գոհունակ, երախտագէտ, տոկուն, յաջողակ ու ինքնավստահ կը դարձնեն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«O sancta simplicitas». ո՜վ սուրբ պարզութիւն։
Յիսուս Ի՛նք կը հաստատէ, թէ «Աստուած միակ Տէրն է» եւ հարկ է սիրել զԻնք ամենայն պարզութեամբ. «ամբողջ սրտով, ամբողջ հոգիով, ամբողջ մտքով եւ ամբողջ ուժերով». (ՄԱՐԿ. ԺԲ 29-30)։
ԱՆՆԱ ՄԵԿՈՒՆՑ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Պատերազմ էր...
Կը յիշեմ, որ իմ հայրը ինքզինք զոհեց, որպէսզի ես ու իմ մայրիկը մնանք ողջ:
Յետոյ սպաննեցին իմ եղբայրը:
Սպաննեցինը ո՞րն է...
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
26 յունիս-2 յուլիս թուականներուն միջեւ այցելեցի Իրլանտայի Հանրապետութիւն: Երկիր մը, որ օժտուած է Աստուծոյ ստեղծած գեղեցիկ բնութեամբ: Հոն, ուր կանաչ գոյնը կը տեսնես ամէն տեղ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սիկառներու աշխարհէն ներս յայտնի գործարար մըն է Գէորգ Թալաթինեան, որու հետ իւրաքանչիւր շփման ընթացքին նիւթերը ակամայ կը յորդին տուեալ բնագաւառի սահմաններէն։ Բարձրաշխարհիկ կենցաղի խորհրդանշաններէն է սիկառը, որու ծուխի քուլաները կ՚ուրուագծեն ինչ-ինչ հետաքրքրական հորիզոններ։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Չհասութեան գաղափարը հին եւ նոր ազգերուն մէջ: Մուհամմէտն ու Մովսէսը: Արեւմտեան եւ Արեւելեան եկեղեցական ժողովներուն որոշումները ազգակցական ամուսնութեան վերաբերմամբ: Հայոց Եկեղեցւոյ սահմանած կանոնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընչասիրութիւնը, այսինքն լայն առումով նիւթապաշտութիւնը՝ արծաթասիրութիւնը կամ ագահութիւնը վատ եւ շատ վնասակա՛ր մոլութիւն մըն է՝ մշտապէս անարգուած։ Շատեր արծաթասիրութիւնը «ճարպիկութիւն» կը համարեն՝ մարմնական եւ աշխարհային նկատումներով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ֆրանսացի արուեստագէտները սքանչանալով հայ արուեստագէտի աշխատութեան, զարմանքով հարց կու տան, թէ ան արուեստի ո՞ր դպրոցը աւարտած է. հայ արուեստագէտը կը պատասխանէ. «Իմ դպրոցը մինչեւ այսօր եղած է Շուշիի փողոցներու ցեխը. բացի անոնցմէ ուրիշ դպրոց չեմ տեսած»:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը, թէ ռուս խաղաղապահները, ըստ համաձայնութեան, պէտք է Լեռնային Ղարաբաղ մնան մինչեւ 2025 թուականը, տարածաշրջանին մէջ նոր իրավիճակի մը ձեւաւորման նախադրեալները կը փոխանցէ: Ճիշդ է, որ համաձայնութիւնը հինգ տարուան համար է:
Արցախի պաշարման պայմաններուն ներքեւ հայկական հանրային կարծիքին կողմէ դրսեւորուած զգայնութիւնը հետզհետէ նոր դրսեւորումներ կ՚ունենայ։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը մարդասիրական իսկական աղէտի մը դէմ յանդիման մնացած է եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ հանրային կարծիքը աստիճանաբար կը թօթափէ անտարբերութիւնը եւ կը կեդրոնանայ լուծման հեռանկարներու վրայ։