Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚աղօթենք Աստուծոյ, կ՚աղօթենք եւ կը խնդրենք Աստուծմէ, քանի որ Ան մեր երկնային Հայրն է, եւ շատ բնական է՝ որ որդի մը բան մը խնդրէ իր հօրմէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի վրայ կան մարդիկ, որ հակառակ իրենց ունեցած նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն ու տանջանքներուն, շատ անգամ աւելի՛ լաւատես են՝ քան ուրիշներ իր շատ աւելի բարենպաստ պայմաններով կ՚ապրին:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Շէյխ Մուհամմէտ պին Զայիտ ալ Նահիան դէպի Պաքու պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
Էքրէմ Իմամօղլու եւ Մուրատ Քուրում՝ 31 մարտին ընդառաջ խօսք կ՚ուղղեն հանրային կարծիքին:
ԱՔ կուսակցութեան թեկնածուն համոզուած է, թէ անկարելի է Իսթանպուլը ապագայի համար ցատկատախտակ տեսնել:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ներկայ տարեմուտին Անթիլիասի մէջ ընդունեց Պէյրութի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Էրվէ Մակրոն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն միաբաններէն նորոգ վախճանեալ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանին, որու կորուստը ներկայ տարեմուտին խոր ցաւ յառաջացուցած էր:
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ուաշինկթընէն բարձրաստիճան դիւանագէտ մը։ Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններուն գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնոն, որ ընդունուեցաւ նաեւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ նշանակուեցաւ Նաիրի Պետրոսեան, որ այս պաշտօնին մէջ պիտի յաջորդէ Սահակ Սարգսեանին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
2024-ի տարեմուտին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի վարչական փակուղին կը խորանայ՝ մասնաւորապէս համայնքային վարժարաններու ցանցին տարիներէ ի վեր յետաձգուած եւ անյաղթահարելիօրէն կուտակուած խնդիրներուն ազդեցութեամբ. առկայ մարտահրաւէրները պայմանաւորեցին նաեւ Գումգաբուի ընդունելութեան մթնոլորտը:
Տագնապը կ՚ահագնանայ՝ քանի երկար ժամանակէ ի վեր ներդրում-արդիւնք յարաբերակցութիւնը դիտումնաւոր չի հաշուարկուիր, հաւաքական կարիքները առարկայականօրէն չեն արժեւորուիր եւ նիւթական միջոցները անխնայօրէն կը մսխուին՝ բաղձալին իրականի վերածելու անիրատես ձգտումով, ինչ որ կ՚ուղղորդուի աճպարարութիւններու դիպաշարով, նաեւ արհեստական օրակարգի սնուցմամբ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արդէն 130 եւ աւելի տարիէ ի վեր ամերիկեան աւանդոյթ մը կայ. Գալիֆորնիոյ նահանգի Փասատինա քաղաքին մէջ Նոր տարին կը սկսի Վարդերու շքերթով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Այո՛, վիճելի կրնայ համարուիլ այն մտածումը, որ արհեստագիտութիւնը մարդկային հաւաքական ապրուստին պատճառեց մեծ ապականում ու բնութեան աննախադէպ աւերում, բայց եթէ չափանիշ ընդունինք մարդու բարօրութեան աստիճանը եւ հաւաքական բարեկեցութեան նուազագոյն ցուցանիշի հասնիլը, կը տեսնենք, թէ ներկայ դարուն հնարաւորութիւններ ստեղծեց մարդկութեան մեծ յառաջդիմութեան համար։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ծուլութիւնն ու թուլակամութիւնը ի՞նչ կու տան մարդուն:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Ծուլութիւնը խորունկ քուն կը բերէ եւ թոյլ մարդը անօթի կը մնայ» (Առ 19.15):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը, ստեղծագործող անձ մը ըլլալու կոչումով ստեղծուած է։ Ան իր բազմաթիւ զգացումներու վիհին մէջէն աշխարհ մը կը ստեղծէ՝ ի՛ր աշխարհը եւ ընկերութեան մէջ «արժէքաւոր անձ» մը կը դառնայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կեանքի մէջ յաջողութիւնները պատահականութեան արդիւնք չեն. անոնք շատ անգամ ծնունդ են լուրջ աշխատութեան եւ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ վստահաբար այդ յաջողակներէն մէկն է Սայաթ Նովա, որ իր մահէն 229 տարիներ ետք անգամ կը շարունակէ իր պատուաւոր եւ ուրոյն տեղը ունենալ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Իսկապէս հին ժամանակները աւելի՞ գեղեցիկ էին՝ քան այսօր։ Ներկայէն փախչելու համար պահ մը կը թակենք անցեալի դուռը, իսկ երբեմն ալ կ՚երթանք դէպի ապագայ՝ երազելով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խօսք մը շիտակ մեկնաբանել՝ խօսքը ճիշդ հասկնալ կը նշանակէ։ Խօսքը ճիշդ հասկնալ շիտակ գիտութիւն առնել կը նշանակէ, քանի որ միայն հասկնալով է որ ճշմարտութեան կարելի է հասնիլ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ինչքա՜ն պիտի ուզէինք, որ Նոր տարուան առաջին օրերուն մեր յօդուածները սկիզբ առնէր դրական ապրումներով, սակայն կեանքը այդ բախտը չվիճակեց մեզի:
Քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւնները տարեմուտին համակուած են տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Յոյն համայնքն ալ Սուրբ Ծնունդը, Նոր տարին եւ Աստուածայայտնութիւնը կը նշէ կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի նախագահութեամբ։
Մարտի 31-ին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները արդէն կը բնորոշեն Թուրքիոյ օրակարգը։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի պաշտօնի ընտրապայքարը։
