Արխիւ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Անգլիան եւ Եւրոմիութիւնը մտադիր են առաջին միջազգային համաձայնագիրը ստորագրելու՝ արհեստական բանականութեան կիրառման վերաբերեալ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս փաստաթուղթը պարտադիր իրաւաբանական ուժ պիտի ունենայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024

Երեւանի մէջ այս երկուշաբթի պիտի սկսի եռօրեայ միջազգային համաժողով մը, որ կազմակերպուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։ «Երեւանեան երկխօսութիւն» կը կոչուի այս համաժողովը, որուն ընդառաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Մեր տարածաշրջանը՝ Հարաւային Կովկասը, որ պատմականօրէն գտնուած է մշակութային եւ խոշոր առեւտրային ուղիներու հատման կէտին, այսօր կանգնած է կարեւոր խաչմերուկի մը վրայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի ՊՐԻՔՍ-ի գագաթաժողովին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետի բանբերը՝ Նազելի Պաղտասարեան երէկ հաստատեց այս տեղեկութիւնը, որուն աւելի առաջ անդրադարձած էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024

Երէկ, Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի Հռոմի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Այս առթիւ ան աջակցութիւն յայտնեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024

Ամերիկահայ գիտնական, ձեռներէց եւ բարերար Նուպար Աֆէեան կը նախատեսէ նոր ներդրումներ ընել Հայաստանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նուպար Աֆէեանի «Afeyan Philanthropies» կազմակերպութիւնը, որու առաքելութիւնն է աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու նպատակով լուծումներ գտնել, տեղեկացուց, որ Աֆէեան յանձնառու կը մնայ Հայաստանի աջակցութեան գործին մէջ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024

Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցային ուղիներու հաւանական ապաշրջափակման։ Ան վերահաստատեց Թեհրանի դիրքորոշումը, ըստ որու ապաշրջափակումը որեւէ անպատեհութիւն չունի, սակայն ապահովաբար այդ մէկը պէտք է տեղի ունենայ երկիրներու ազգային եւ պետական ինքնիշխանութեան ներքեւ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ դէպի Վան տարեկան աւանդական ուխտագնացութիւնը։ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ վաղը կը մատուցուի տարեկան Ս. Պատարագը՝ Խաչվերացի տօնին ընդառաջ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Վերամուտի առթիւ բացառիկ հարցազրոյց. 2024-2025 կրթական շրջանի սկիզբին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Սերքան Հայկ Քըյըճը յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Պոլսահայ կրթական համակարգը կրնայ զերծ մնալ այն վարչական վաղեմի տագնապներէն, որոնք առկայ են համայնքային կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս:
«Հայերէնի վրայ աշխատելու պարտաւոր ենք։ Համընդհանուր շարժումի մը պէտք ունինք։ Միջգիտաճիւղային համագործակցութիւն մը պէտք է ստեղծուի։ Մեր դպրոցներու ցանցի բոլոր տարրերը պէտք է առաջնորդել մտածելու, միտք յոգնեցնելու, այլապէս հարցերը չեն լուծուիր։ Հարցադրումներ եւ նիւթեր պէտք է մատուցուին միշտ նախագծերու ձեւաչափին մէջ տեղաւորուելով»:
«Գիտակից անձը ժամանակէն ետ չի մնար։ Մենք պէտք է դարուն յարմարինք ու պէտք է հասկնանք, թէ մեր արժէքները մեզի ո՛չ թէ կը հեռացնեն դարէն, այլ ընդհակառակն»:
«Վաստակ պէտք է ներդնել։ Մեր համայնքէն մասնագէտներ պէտք է հասնին։ Մենք պէտք չէ աչք փակենք՝ հայկական լիսէներու շրջանաւարտներու մեր հաւաքական կեանքէն հրաժեշտ առնելուն»:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան թէեւ այնքան խանդավառ չէ «3+3» ձեւաչափով, բայց չի կրնար մեկուսանալ տարածաշրջանէն:
«Հայաստանի վերջնական դիրքորոշման վրայ զգալի ազդեցութիւն պիտի ունենայ Ուքրայնայի պատերազմի հաւանական աւարտը»:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Բնիկ վանեցի Եղիազար Մուրատեան ծնած է 1841 թուականին: 13-14 տարեկան հասակին ուսանելու համար Վանէն անցած է Կոստանդնուպոլիս եւ մուտք գործած՝ Ս. Փրկչեան ճեմարան: Ս. Փրկչեան ճեմարանը այդ տարիներուն Պոլսոյ կրթական ամենէն փայլուն ու յառաջադէմ հաստատութիւնը կը համարուէր:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Փարիզի Ողիմպիականներուն մասնակից Հայաստանի հաւաքականը երէկ ընդունուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Երեւանի մէջ, կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (USAID) որոշեց Հայաստանի համար նախատեսուած աջակցութիւնը բարձրացնել 130 միլիոն տոլարով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այսպէսով փոփոխութեան պիտի ենթարկուի ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ՝ 29 յունիս 2022 թուականին ստորագրուած դրամաշնորհային համաձայնագիրը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ վարչապետ նշանակեց Միշէլ Պառնիէն։ Երկրէն ներս տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան հիման վրայ ստեղծուած էր քաղաքական բարդ հաւասարակշռութիւն մը, որու պայմաններուն ներքեւ երեք ամիսէ ի վեր նոր կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը հնարաւոր չէր դառնար։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ եթէ Ուքրայնա դէպի Եւրոպա բնական կազի տարանցման վերաբերեալ համաձայնագիրը չերկարաձգէ, ապա «Թրքական հոսք» խողովակաշարի վրայով փոխադրումը կրնայ աւելցուիլ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երբ մարդկութիւնը սկսաւ միասին ապրիլ ու կազմեցին հաւաքականութիւններ, անհատներու կամ մարդոց գործողութիւնները միշտ կարեւոր դարձաւ տուեալ հաւաքականութեան միւս անդամներուն համար: Որովհետեւ մարդը, որ կը գտնուի որոշ աշխուժութեան մէջ, կը յանգի որոշ արդիւնքներու։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կը պատմուի, թէ գիւղ մը մէջ երկար ժամանակ անձրեւ չէր տեղար եւ երաշտ կը տիրէր։ Ուստի գիւղացիներ կը դիմեն գիւղի քահանային, որպէսզի գիւղի ամբողջ բնակչութիւնը հաւաքէ եկեղեցի եւ կատարուի հաւաքական աղօթք։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ լոյս աշխարհ եկած ես որպէս հայ, ապա անպայմանօրէն լսած պիտի ըլլաս «մեզի» ու «ձեզի», «մեր» ու «ձեր»ի զաւեշտը. միասնութեան կոչուած հայ ժողովուրդը միշտ ալ իր մէջ ունեցած է այդ երկուութիւնը, որ նոյն բանին համար կը պայքարին՝ սակայն հիմնական պայքարը իրարու դէմ կը մղեն. մեր ազգին մէջ գրեթէ ամէն բանի շարքին «մեր»ն ու «ձեր»ը գոյութիւն ունի. անոնց մէջ կարելի է յիշել դպրոցը, եկեղեցին, ակումբը, թերթը եւ գրեթէ ամէն բան՝ որ տարբեր գոյն ու երանգ կրնայ ստանալ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը պատրաստ է 2024-2025 կրթական շրջանի համար իր դռները բանալու։ Վերջերս Թոփգաբուի ընտանիքի պատասխանատուները խորհրդակցութիւն մը ունեցան վերամուտին ընդառաջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Մեսրոպ Չոպանեանի։ Հարկ է նշել, որ այս խումբը եկած է մասնակցելու՝ այս շաբաթավերջի դէպի Աղթամար ուխտագնացութեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024

Ատրպէյճան-Իսրայէլ համագործակցութիւնը ամբողջ թափով կը շարունակուի ռազմական բնագաւառէ ներս։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «Flight Radar» կայքը տեղեկացուց, թէ Ատրպէյճանի ռազմական բեռնատար ինքնաթիռները նոր թռիչքներ կատարեցին դէպի Իսրայէլ։

Էջեր