Արխիւ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ի՞նչ իմաստ ունի փոխել տարեթիւը, եթէ մարդկութիւնը պիտի շարունակէ ծանրաբեռնուած մնալ նո՛յն վիշտով, որ ունէր հինին ժամանակ։ Ի՞նչ «նոր», երբ ժողովուրդին վիշտն ու թախիծը պիտի մնայ նոյնը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ

Նոր տարին դիմաւորելու տօնական մթնոլորտի ատեն մեզմէ շատեր որոշ երեւոյթներու, արժէքներու եւ գաղափարներու մասին կը մտածեն։ Այլ խօսքով, բարեմաղթութիւններով չենք սահմանափակուիր, այլ կը փորձենք կեանքը լաւագոյն կերպով արժեւորելու ձգտումը ունենալ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆ

Իվանքա Կոզաչէնկոն, «Սոլոմիյա» պարբերաթերթի լրագրողը, հետս կը քալէր դէպի գետնուղիի կայարան։ Ուշ գիշեր էր եւ փողոցը՝ մութ։ Մայտան հասնելուս պէս՝ տարօրինակ տպաւորութիւն մը անակնկալ կերպով մրրիկի պէս զիս հարուածեց։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Աւազի ժամացոյցի սահող հատիկներուն նման՝ ամիսներ իրար յաջորդեցին ու անգամ մը եւս նոր տարուան մը սեմին հասանք՝ Կաղանդ է։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Աւելի քան երեք տարի առաջ, 2021-ի յունիս-յուլիս ամիսներուն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ հրատարակեցի եռակտոր յօդուածաշարք մը՝ «Թուրքիոյ հայոց շարժն ի Հայաստան» վերնագրով։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ամանորը հասած է եւ աշխարհի վրայ չկայ անձ մը, որ կաղանդի ծառի կանաչը տեսնելով չհմայուի եւ իր յոյսը չդնէ գալիք տարուան վրայ։ Անժամանակ Աստուծոյ մարդոց մօտ դրած ժամանակացոյցի խաղալիքը կրկին անգամ կ՚աշխատի եւ մարդիկ Ամանոր բառին առընթեր կը վերյիշեն յոյսի եւ բարեմաղթանքներու գաղափարները։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայ լրագրութեան խնդիրներուն մասին յաճախ գրած եմ։ Գրած եմ այսօրուայ իրավիճակին, մարտահրաւէրներուն, նաեւ մեծ ու փոքր ակնկալիքներուն մասին։
Միշտ չէ, անշուշտ, որ գրութեան մը միտք բանին, իմաստը եւ կամ «պատգամը» (ծանր բառ մըն է այս մէկը եւ խորշելի) տեղ կը հասնին...

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Տարեվերջի այս օրերուն, մեծ բանաստեղծ Գամառ Քաթիպայի (Ռաֆայէլ Պատկանեան) «Նոր տարի» բանաստեղծութեան առաջին տողը իր մէջ կ՚ամփոփէ այն բոլորը, որ մեր մտքին մէջ կը պատկերացնէ օրուան խորհուրդը. կու գայ նոր տարի մը եւ մարդիկ դարձեալ երնէկ տալով կը մաղթեն, թէ լաւ ու յաջող ըլլայ եկող նոր տարին:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

Թռաւ-գնաց տարի մը եւս. Ամանոր է դարձեալ…
Մեր ժամանակներու կշռոյթով դժուար թէ կարելի ըլլայ խօսիլ տարիներու անցնելուն մասին։ Իւրաքանչիւր ն՛որ տարի սկսած է արագութեան նո՛ր նշաձող մը սահմանել։ 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ամանոր է այսօր։ Պահը՝ անգամ մը եւս անդրադառնալու, թէ ժամանակը որքան արագ կ՚ընթանայ։ Յիրաւի, անգամ մը եւս կը նշմարենք, թէ աշխարհի մատնուած թոհուբոհի վիճակին մէջ անզգալաբար որքա՛ն արագ սահեր են անցեալի օրերը եւ միացած՝ տիեզերքի պատմութեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

Ձմրան՝ ամէն տեղ անձրեւ, ամրան՝ հո՛ն, ուր Տէրը կամենայ:
Ր գիրն ունեցող ամիսներուն՝ ոտքդ եւ մարմինդ տաք պահէ, չունեցողներուն՝ ուզածիդ պէս վարուէ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

Համայն հայութիւնը այս տարեմուտին ալ կը սպասէ իր Ընդհանրական Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ձիւնագեղը փոքրիկ գիւղ մըն էր, որ իր առատ ձիւնին եւ անկէ ստեղծուած գեղեցիկ տեսարաններուն համար կոչուած էր Ձիւնագեղ։ Տարին վեց-եօթ ամիս ձիւնով ծածկուած էր, հեքիաթ ըլլար կարծես…

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Ինչպէս անցած ըլլալը կարեւոր չէ այս պարագային. տարի մը հինցաւ մեր կեանքէն եւ որքան ալ դժբախտութիւն ու չարիք պատահած ըլլայ անոր ընթացքին, մարդ, բարեբախտաբար, յոյս մը կը տածէ գալիք լաւ օրերուն, «թերեւս» կ՚ըսէ ու կը յուսայ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Հասած ենք արդէն դեկտեմբերի օրացոյցի վերջին օրուան։ Մեր սրտերը ահ ու դողով լեցնող բոլոր վերիվայրումներով լի 2024 տարին՝ նահանջ տարի մը, մեր ետին թողնելու վրայ ենք։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ՄԱՐԱԼ ԷՊԷՕՂԼՈՒ ՍԱԹԱՐ

Նոր տարին շատերս պիտի դիմաւորենք մեր տուներուն մէջ, ընտանեկան յարկի տակ՝ համախմբուելով տօնական սեղաններու շուրջ, անցեալի ապրումները շալկած ու նոր ապրումներու ճամբայ բանալով։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ նոր սպասումներու, փափաքներու, մաղթանքներու, յոյսերու ցանկով 365 օրը կը սկսի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Կաղանդը անհնար է պատկերացնել առանց օրացոյցի, որ պատմութեան ընթացքին միշտ ուղեկցած է մարդուն։ Եւ Կաղանդը կարգ մը պարտադիր իրողութիւններու հետ կը բերէ նաեւ օրացոյցը՝ որպէս տարուայ գլխաւոր պատկեր:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ

Թուրքիոյ հայերուն համար կրթութիւնը միայն անհատական զարգացում մը չէ, այլ՝ մշակութային տեւականութեան կարեւոր միջոց մըն է։ Դպրոցները մեր մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ փոխանցման հիմնասիւներն են։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ԱՐԹԻՒՐ ԻՓԷՔ

Ամըստամէ, կենաց ուղւոյ վրայէն սլացող թափօր մը կ՚առնէ նոր սկիզբ ամէն տարեգլուխին։ Քայլ առ քայլ, այս ուղիէն նոր ճիւղ մը կը ծլի եւ իմ խոկումներս խոյանքներ կը կատարեն դէպի այդ նոր ճիւղաւորումները՝ քիչ մը անցեալապաշտ, քիչ մը ապագայապաշտ նայուածքներով, բայց, ընդմիշտ նոր ի նորոյ արժէքներ փնտռելով։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Իւրաքանչիւր տարին կը սպասենք նոր սպասումներով, յոյսերով, երազներով։ Այնուամենայնիւ, յաճախ հիասթափութեան պատճառ կը դառնան մեր ակնկալիքները՝ այլ մարդոցմէ կամ ընդհանրապէս կեանքէն։

Էջեր