ԵՐԲ Կ՚ՈԳԵԿՈՉԵՆՔ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼՆԵՐԸ
Տաղաւար տօներու կը յաջորդեն մեռելոց ոգեկոչումը։ Անշուշտ այս բնական է, քանի որ տաղաւարի ուրախութեան պէտք է մասնակցնել, քանի որ անոնք ալ՝ հանգուցեալները կ՚ապրին հոգիով եւ եթէ ոչ մարմնապէս, բայց հոգեպէս միշտ ներկայ են մեր մէջ։ Եթէ այդպէս չըլլար, պիտի չկատարուէր հոգեհանգստեան պաշտամունք։
Եւ երբ կ՚ոգեկոչենք մեր հանգուցեալ սիրելիները, ոգեկոչելով մեզ կը պատէ հոգեկան տրտմութիւն մը, բայց այդ տրտմութիւնը նաեւ մխիթարիչ ազդեցութիւն կը գործէ մեր վրայ։ Եւ ուրեմն, կ՚արժէ խորհրդածել այս նիւթին վրայ…
Վիշտը եւ հոգեկան տրտմութիւնը ամէն տեղ գոյութիւն ունի, ասիկա բոլորս ալ գիտենք եւ ապրած ենք։ Վիշտը ամենէն հին՝ գոյութիւն ունեցող զգացումը եւ խնդիրն է աշխարհի վրայ, քանի որ այս աշխարհը դրախտ մը չէ երբեք։ Եղած են իմաստասէրներ, որոնք ըսած են. «Չկայ երկրի վրայ վիշտ՝ եթէ անտարբերութեամբ եւ հեշտասիրութեամբ ապրիս»։ Բայց կարելի՞ է ասիկա։
Բանականութեան տէր եւ զգացումներ եւ խիղճ ունեցող մարդը կրնա՞յ անտարբեր ըլլալ իր շուրջը կատարուածներուն։ Եւ դարձեալ կ՚ըսեն, թէ անգիտութիւնը երջանկութիւն է։ Կարելի՞ է անգէտ ըլլալ պատահարներու, մանաւանդ մեր դարուն՝ որ ամէն լուր կը տարածուի կայծակի արագութեամբ։ Ուստի, ցաւը եւ վիշտը, եւ ուրեմն տրտմութեան, տխրութեան եւ թախիծի զգացումն ալ անբաժան է մարդկային կեանքէն։ Այս զգացումը թէեւ ժամանակաւոր է, բայց յաճախ կը պատահի անխուսափելիօրէն։ Եթէ ակնարկ մը նետենք յունական կամ հռովմէական հին աշխարհի վրայ եւ քննենք նշանաւոր փիլիսոփաներու խօսքերը, նոյն բանն է, որ կը յանձնարարուի վշտին իբր դարման. հեշտասիրութիւն՝ Եպիկուրով եւ անտարբերութիւն՝ Ստոյիկեան Զենոնով։ Բայց վիշտը կը տիրէ մարդուն կեանքին…
Ուրիշ իմաստասէր մըն ալ, որ աւելի խորին կերպով քննած է վիշտը, տեսած է անոր մէջ Նախախնամութեան խորհրդաւոր մէկ գործիքը մարդուն դաստիարակութեան եւ հոգիին ազնուութեան համար։ Սենեկան է այն, հնագոյն փիլիսոփայական աշխարհի մեծանուն անձը՝ որուն գրութիւնները մէկ քանի կէտերով կը համերաշխեն աւետարանի բարձրագոյն սկզբունքներուն։
Սուրբ Գիրքը երբեք դրութենական եղանակով չի խօսիր՝ ո՛չ այս կնճռոտ խնդրին վրայ եւ ո՛չ ա՛յլ խնդրոյ մասին, ան երբեք փիլիսոփայական պատասխաններ չի տար մեր անհաստատ յուզուած միտքին ամէն հայեացքներուն, բայց ի՛նչ որ կ՚ըսէ այս կամ այն խնդրոյ մասին՝ բաւարար է մեր մրմունջները կամ դժգոհութիւնները լռեցնելու, արդարացնելով միեւնոյն ատեն Աստուծոյ կենդանւոյ նկարագիրը։
Ըստ Սուրբ Գիրքի, վիշտը ո՛չ պարզապէս բնական երեւոյթ մըն է, ոչ Արարչին սկզբնական կամքին մէկ արդիւնքը, ոչ ալ «ճակատագրական» մըն է, այլ արդի՛ւնքն է՝ անկարգութեան, անհնազանդութեան, անհաւատարմութեան, հեստութեան ընդդէմ Աստուծոյ։
Աստուած չէ ուզած եւ չ՚ուզեր վիշտը՝ Անոր հաճելի բան մը չէ՛ այդ. երբ մարդ Աստուծոյ կը հպատակի եւ իր յարաբերութիւնները երկիւղածութեամբ եւ ներքին խաղաղութեամբ կը կատարէ, այն ատեն ցաւը, վիշտը եւ տառապանքն ալ ինքնաբերաբար կ՚անհետի, եւ մարդ ինքզինք երջանիկ եւ ուրախ կը զգայ։ Բայց մարդ արարածը հպատակութենէ կամ համակերպութենէ աւելի կարծես նախապատիւ համարած է ապստամբութիւնը, հեստութիւնը եւ անոր համար է, որ վիշտը, տառապանքը, տխրութիւնը անխուսափելիօրէն կա՛յ անոր հետ՝ որքան որ կ՚ապրի աշխարհի երեսի վրայ։ Արդարեւ, Աստուծմէ հեռանալ կը նշանակէ գերի՛ ըլլալ տառապանքի, վշտի եւ տխրութեան, ինչպէս կը կարդանք Ովսեայ մարգարէութեան մէջ. «Դուն քեզ կորսնցուցիր, ո՛վ Իսրայէլ, բայց քու օգնութիւնդ միայն ինծմէ է». (ՈՎՍ. ԺԳ 9)։
Ուրեմն, վիշտը եւ արտասուքը, տառապանքը եւ հեծկլտանքը՝ հետեւանքն է ընդհանրապէս հոգիին ապստամբ, ըմբոստ եւ անհնազանդ կացութեան։ Հաւատալ կը նշանակէ ապրիլ։ Ըմբոստութիւնը մեղքի մը պէս կը մտնէ ծածկօրէն սրտին մէջ, եւ սրտէն՝ այդ մշտաբաց եւ մշտաբուխ ակէն կը տարածուի համաչափութեամբ մը, համերաշխութեան խորհրդաւոր օրէնքով մը մինչեւ զգայականութեան ամենէն յետինին։ Առաւօտ մը չ՚ըլլար, ժամ մը չ՚անցնիր, ո՛չ իսկ վայրկեան մը՝ որ մարդ առանց տառապելու՝ արտասուելու ապրի եւ մեռնի…
Բայց արտասուքը ոմանց սիրտը կը նորոգէ։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Տէրը եւ Սէրը ձեզ հետ ըլլայ եւ մի՛շտ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 4, 2025, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/26/2025