Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 1, 2025

Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու երէկ այցելեց Փեքին, ուր ընդունուեցաւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի կողմէ։ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Եիի հետ ալ տեսակցեցաւ Շոյկու։

Շաբաթ, Մարտ 1, 2025

Սպիտակ տան երդիքին տակ վէճ. ԱՄՆ-ի եւ Ուքրայնայի նախագահներու փոխանդարձ պոռթկումը:
Տանըլտ Թրամփ եւ Վոլոտիմիր Զելենսքի Ուաշինկթընի մէջ ստեղծուած փոթորկալից մթնոլորտին մէջ ջնջեցին համատեղ մամլոյ ասուլիսը եւ մանաւանդ՝ չստորագրեցին արժէքաւոր հանածոներու վերաբերեալ համաձայնագիրը:

Շաբաթ, Մարտ 1, 2025

Հայաստան կը շարունակէ մնալ 44-օրեայ պատերազմի ծանր պարտութեան հետեւանքներու ճիրաններուն մէջ։ Ներքին քաղաքական կեանքը կ՚ուղղորդուի շարք մը գործօններով, որոնց առանցքայինը կը համարուի՝ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ պատանդներու եւ գերիներու ազատ արձակման հարցը, Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու ցուցադրական դատավարութիւններով հանդերձ։

Շաբաթ, Մարտ 1, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Գալով մարդկային տառապանքին եւ անոր ազնիւ յատկութեան կեանքի ինքնութեան ընդմէջէն, ինչ որ պուտտայական հասկացողութիւն մըն է։ Քրիստոնէական փիլիսոփայութիւնը կեանքը կը համարէ աւելի զուարճալի եւ փրկութիւնը ապահովուած կը սեպէ Քրիստոսի տառապանքով:

Շաբաթ, Մարտ 1, 2025

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Կիներու տեսակէտը» վերանգիրը կրող գրութեան մէջ, խօսելով կիներուն ունենալիք կարեւոր դերակատարութեան մասին ընկերութեան եւ երկրի կեանքէն ներս, Զապէլ Եսայեան այսպէս կը գրէ.
* …Այսօր, եղածը եղած է, նոր կեանքի պայմաններ, նոր պարտաւորութիւններ եւ նոր ծրագիրներ կը դնեն մեր առջեւ. անոնցմէ առաջինը, ամենատարրականը ինքնապաշտպանութեան կարող դառնալն է.

Շաբաթ, Մարտ 1, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ մը կէս գիշերին շտապ օգնութիւն կանչելով հերթապահ բժիշկին կ՚ըսէ.
-Յարգելի բժի՛շկ, շուտ հասի՛ր, զոքանչս բերանը բաց քնացած ժամանակ մուկ մը մտաւ բերանը։
Բանգէտ բժիշկը կը թելադրէ «մտահոգ» մարդուն կտոր մը պանիր բռնել զոքանչին բերնին վրայ։

Շաբաթ, Մարտ 1, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային յարաբերութիւնները ունին որոշ հիմքեր, որոնցմէ մէկը անկասկած անկեղծութիւնն է, սակայն, մարդ արարած ի՛նք պայքարի մէջ է նախ ինքն իր անձին հանդէպ անկեղծ ըլլալու եւ ապա շրջապատին:

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները Բարեկենդանի ընդառաջ կազմակերպուած խրախճանքով ապրեցան մեծ խանդավառութիւն:

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները մասնակցեցան «TED Atakent» քոլէճի հիւրընկալմամբ, Թուրքիոյ մտախաղերու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքին, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ ասպարէզներու ծանօթացման ուղղեալ հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի միջնակարգի բաժնի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթը երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025

Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ, երէկ Ֆէրիգիւղի համանուն եկեղեցւոյ արարողութիւններուն յաջորդած սիրոյ սեղանին ժամանակ նշուեցաւ նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռնադրութեան տասնամեակը։ Ան այս փուլին հատեց տարեդարձին առթիւ պատրաստուած կարկանդակը։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սրբոց Վարդանանց յիշատակի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը, որու զուգահեռ նաեւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անուանակոչութիւնը, որու առթիւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Քրիստոնեայ-դեմոկրատ միութեան նախագահ Ֆրիտրիխ Մերցը, որու առաջնորդած քաղաքական ուժը շաբաթավերջի ընտրութենէն յաղթական դուրս եկաւ։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն։ Թրամփ-Սթարմըր ժամադրութիւնը զուգադիպեցաւ ճիշդ այն օրուան, երբ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի դիւանագէտները բանակցութիւններ վարեցին Իսթանպուլի մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, դէպի Պուէնոս Այրէս աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, հիւրընկալուեցաւ Արժանթինի նախագահ Խաւիէր Միլէի կողմէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025

Թուրքիոյ օրակարգը երէկ յեղաշրջուեցաւ Ապտուլլահ Էօճալանի պատմական ոճով, որով ան ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը հրաւիրեց զինաթափման եւ ինքնալուծարման։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ընդունեց Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիէնքոն, որ Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշի կողմէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025

ՀՅԴ-ի 35-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ կուսակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնները:
«Արցախը պէտք է ունենայ միջանկեալ կարգավիճակ եւ հայերը պէտք է վերադառնան միջազգային երաշխիքներով»:

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025

«Տարածաշրջանային ապաշրջափակման լուծումները պէտք է ըլլան փոխադարձութեան սկզբունքի հիմքով»:
Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայաստանի երկաթուղիի ցանցը ամբողջ մը կը կազմէ Նախիջեւանի հատուածով:

Էջեր