Արխիւ
Գնալը կղզիի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» շարքի հերթական համերգը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ հանդէս եկան «Կամանս» եւ «Սոլանում» խումբերը։
Ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան այսօրուան եզրափակչին կը յաւակնի դարձեալ ոսկէ մետայլ նուաճելու:
Ողիմպիական խաղերուն դափնեկիր դարձած հայ մարզիկները Երեւանի մէջ կը դիմաւորուին բարձր տրամադրութեամբ:
Հայաստանի, Իրանի եւ Հնդկաստանի մասնակցութեամբ կը ծրագրուի կազմակերպել հանդիպում մը՝ առեւտրային երթուղիներու գործարկման վերաբերեալ։ «Սփութնիք Արմենիա»ն լոժիստիք ընկերութիւններէ սեփական աղբիւրներու հիման վրայ այս մասին ըրած է հաղորդումներ, որոնց արձագանգած է նաեւ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը։
Գնալը կղզիի յունաց Մեթամորֆոսիս վանքին մէջ երէկ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ, որոնց նախագահեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Ըստ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ տօնացոյցին՝ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնի արարողութիւնները կատարուեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հնագէտները յայտնաբերած են մարդկային մնացորդներ, որոնք աւելի քան 1000 տարեկան են:
Ըստ հաղորդագրութեան, «24 ճանաչելի կմախքներ» յայտնաբերուած են Բրիտանիոյ Մալմսպերի աբբայութեան դրացնութեամբ գտնուող «Օլտ Պել» պանդոկին մէջ պեղումներու ժամանակ:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. ո՜վ բանաստեղծ, կ՚ուզես պալատները իրենց տէրերուն գլուխի՞ն փլել:
Պատասխան. ո՛չ, պարզապէս հառաչել կ՚ուզեմ անոնց պարիսպներուն դիմաց:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մէկէ մը օգնութիւն ստանալու համար պէտք է, որ անոր վստահինք, ապաւինինք՝ աներկբայ, անվարան եւ առանց տարակուսելու։ Եւ մարդ միշտ պէտքը կը զգայ զինք ապահովութեան մէջ պահող օգնականի մը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ընդհանրապէս որպէս արեւմտահայեր վիպասանութեան եւ արձակագրութեան մէջ մեզ կը գրաւեն արեւմտահայ գրողները՝ ինչպէս Կարօ Փօլատեան, Վազգէն Շուշանեան, Շահան Շահնուր եւ ուրիշներ, իսկ արեւելահայերէնի պարագային մեզ աւելիով կը հետաքրքրէ բանաստեղծները՝ ինչպէս Պարոյր Սեւակ, Համօ Սահեան եւ ուրիշներ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ինչպէս «նախկինները» 2018 թուականի գարնան` իշխանութիւնը բողոքող ցուցարարներէն դարձեալ փշալարերով կը պաշտպանուի։
Երբ «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» յաղթեց, նոր իշխանաւորները խրոխտ ձայնով կը յայտարարէին, որ Հայաստանի փողոցներուն մէջ այլեւս փշալարեր պիտի չըլլան։
«DefenseNews» պարբերականը հրապարակեց՝ պաշտպանական արդիւնաբերութեան աշխարհի մեծագոյն հարիւր ընկերութիւններուն ցուցակը։ Այս տարի սոյն ցանկին վրայ Թուրքիայէն հինգ ընկերութիւն տեղ գտած է։
Ռուսաստան կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու գործընթացին:
Մոսկուա-Պաքու կապերը հարեւաններու համար օրինակելի:
Իլհամ Ալիեւ եւ Սերկէյ Շոյկու անդրադարձան՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով համագործակցութեան հարթակի վերաբերեալ հարցերու:
Յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեանի գեղարուեստական գործունէութեան 60-ամեակին առթիւ երէկ երեկոյեան յոբելենական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Գնալըի բարձունքին։
Ցաւով տեղեկացանք, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն դարմանումի տակ կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը վերջերս բացակայած է քաղաքէս ու վերադարձին անհանգստութիւն զգալով՝ դիմած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ինչո՞ւ Փաշինեան հեշտութեամբ կը դիմէ հերքուող սուտերու. ՀԱԿ-ի (Հայ ազգային քոնկրէս կուսակցութիւնը, որու ղեկավարն է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան) յայտարարութեան մէջ կար այսպիսի հարցում մը, որուն պատասխանը ինծի համար պարզ է։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հովանաւորութեան ներքեւ:
«Երեւանի պետական համալսարանի բարեկամներ» նորահաստատ հիմնադրամի գործունէութեան հանդիսաւոր մեկնարկը:
Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտնեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը քաղաքական կամք կը պահանջէ։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութիւնը վերջին ամիսներուն տուած է դրական արդիւնք։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան աւարտեց դէպի Եգիպտոս այցելութիւնը։ Գահիրէի մէջ, բացի Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ ընդունուելէ, Ֆիտան մէկտեղուեցաւ նաեւ իր պաշտօնակցին Պետիր Ապտիւլաթիի հետ։
Հայաստան-սփիւռք 11-րդ համահայկական կրթական համաժողովը կ՚ընթանայ Աղուերանի մէջ:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Փոխակերպուող կրթութիւն 2030» օրակարգի համահունչ մասնագիտական ծաւալուն քննարկումներ:
Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ աշխուժութիւնը կը շարունակուի՝ մինչ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները հետզհետէ աւելի մտահոգիչ վիճակ մը կը ստանայ։ Իրանի մէջ նոր ղեկավարութեան ձեւաւորումէն վերջ Ռուսաստանի հետ անմիջական շփումները կ՚ընթանան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական Քլոտ Արմէն Մութաֆեանի կողմէ պատմական նուիրատուութիւն՝ հօրը ժառանգութեան յաւերժացման ճանապարհին: