«ԵԱՆ»Ն ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Կայ այնպիսի տպաւորութիւն մը, որ «եան» ունեցող բոլոր ազգանունները հայկական են եւ արդար ըլլալու համար ըսենք, որ կար ժամանակ, երբ պետութիւններ հայերը հետապնդէին, ուշադրութիւն կը դարձնէին անոնց մականուններուն: Վստահաբար մտածած էք, թէ ուրկէ՞ առաջ եկած է «եան» մասնիկը: Այս մասին, անշուշտ, կան հսկայական ուսումնասիրութիւններ, սակայն մեծ մասամբ անծանօթ են մեր ժողովուրդին. առ այդ կ՚ուզենք ամփոփ տողերու մէջ ներկայացնել «եան»ի գործածութիւնը:
Ըսենք, որ «եան» գործածութիւնը հայ ժողովուրդին մօտ վերջին մի քանի դարերու ընթացքին ի յայտ եկած մասնիկ մը չէ. եթէ որպէս հին աղբիւր նկատի ունենանք Մովսէս Խորենացին, ապա այդտեղ պիտի գտնենք բազմաթի՜ւ «եան»ով վերջացած մականուններ. օրինակի համար, Խորենացի կը գրէ Սուրէնեան, Կարէնեան, Մամգոնեան եւ այլ մականուններ։ Անշուշտ, այդ հնութեան լաւագոյն օրինակներէն մէկը Մամիկնոնեաններն են, ինչպէս նաեւ այն թագաւորութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր կը յիշուին իրենց «եան» վերջացող մականուններով. ինչպէս՝ Արտաշէսեան, Թորոսեան, Ռուբինեան եւ այլ թագաւորութիւններ: Սակայն որպէս մականունի վերջածանց գործածութեան մէջ ունեցած ենք նաեւ «անի» եւ «ունի» մասնիկները. ինչպէս՝ Բագրատունի, Արշակունի, Արծրունի եւ այլն. անոնց կողքին կայ նաեւ «ացի»ով վերջացող բազմաթիւ մականուններ. ինչպէս օրինակ՝ Խորենացի, Մեծարեցի, Մատթէացի եւ այլն: Անշուշտ, լեզուաբաններ կը նշեն, որ ի սկզբանէ արդէն իսկ հայերէն լեզուի մէջ գոյութիւն ունէր «եան» գործածութիւնը՝ որպէս սեռական-տրական հոլով. ինչպէս օրինակ, հանգիստ՝ հանգստեան:
Հայերու մօտ ազգանուններու գործածութիւնը այնպէս ինչպէս այսօր, անցեալին եւս ունեցած է երեք տարբեր բաժանումներ.
Ա.- Տոհմային.- Որպէս մականուն գործածուած է տոհմի մեծաւորի անունը. ինչպէս՝ Թորգոմեան, Բագրատունեան, Մամիկոնեան եւ այլ անուններ: Նման մականուններ առաւելաբար գործածած են քաղաքական դիրք ունեցող ընտանիքներ՝ մանաւանդ թագաւորներ ու իշխաններ. գուցէ այդ է պատճառը, որ պատմութեան մէջ չունինք թագաւորներ կամ իշխաններ, որոնք յիշուին իրենց հօր արհեստով կամ ծննդավայրով: Հին գրաբարեան ձեւով պատմական էջերու մէջ, օրինակի համար, կը կարդանք. «ի Թորգոմեան տոհմէ». այսպիսով ան կը պատկանի Թորգոմի տոհմին:
Բ.- Հօրենական.- Անցեալին անձեր կը յիշուէին իրենց հօր անունով. գրաբար օրինակներու մէջ շատ կը հանդիպինք, օրինակ, «Լեւոն որդի Յակոբի» եւ նմանատիպ գործածութեան. կը յիշատակուի հօր անձի անունը եւ անոր կողքին կը յիշուի հօրը անունը. այս ոճը գործածուած է բազմաթի՜ւ քաղաքակրթութիւններու մէջ եւ մինչեւ օրս շատ մը արաբական երկիրներ՝ Միջին Արեւելքի մէջ այս ձեւը կը շարունակեն գործածել:
Գ.- Կրօնական.- Որպէս մականուն կարելի էր գործածել կրօնական հակումները. օրինակի համար՝ պատմութեան մէջ ունինք Մխիթարեանները, Անտոնեանները եւ այլն:
Դ.- Ծննդավայր կամ տեղանուններ.- Այս ձեւին մէջ «եան»էն աւելի գործածուած է «անցի» արտայայտութիւնը. օրինակ՝ Նարեկացի, Շիրակացի, Երեւանցի եւ այլն:
Ե.- Արհեստով պայմանաւորուած մականուններ.- Վերջին երկու հարիւր տարիներուն ամենէն շատ գործածուածներէն մէկը եղած է այս տեսակը. օրինակ՝ Ոսկերիչեան, Աշուղեան, Դարբինեան, Քարտաշեան եւ այլ մականուններ:
Անցնելով «եան»ի գործածութեան, շատ մը լեզուաբաններ կը հաւատան, որ այդ մէկը հայ ժողովուրդը ժառանգած է պարսիկներէն. ի դէպ մինչեւ այսօր շատ մը պարսիկներ իրենց ազգանունին վերջաւորութեան կը կրեն «եան» մասնիկը։ Անշուշտ, կան լեզուաբաններ, որոնք կը հաւատան, որ այդ մէկը հայ ժողովուրդը ժառանգած է Հռոմէական կայսրութենէն:
Ի դէպ, քննարկելի նիւթ է, թէ արդեօք անգլերէնի մէջ գործածուած «եան»ը՝ (ian) աղերս ունի՞ հայկական «եան»ին հետ. օրինակի համար՝ Գանատա - գանատացի անգլերէնով կը գրուի «Canadian»։ Իրականութեան մէջ, եթէ իմաստային ձեւով ընդունինք անգլերէնի գործածութիւնը եւս նման է հայկականին. հայկականին մէջ «եան»ը պատկանելիութիւն ցոյց կու տայ. օրինակ՝ Մամիկոն - Մամիկոնեան.- Մամիկոնի ցեղին պատկանող. նոյնն է պարագան անգլերէնին. Գանատային պատկանող, այդ ժողովուրդին մաս կազմող իմաստով կը գործածուի: Նոյնն է նաեւ արհեստի պարագային. անգլերէնի պարագային երաժիշտը՝ musician, պատմաբանի պարագային՝ historian, քաղաքական գործիչի պարագային politician. նոյն «եան» վերջաւորութիւնը ունին, որ ցոյց կու տան անձի մը պաշտօնը:
Ժամանակը իր հետ կը փոխէ ամէ՛ն բան՝ ներառեալ մականունները. օրինակի համար, անցեալին «եան» վերջաւորութիւնը ունեցող շատ մը մականուններու վերջաւորութեան կը հանդիպէինք «ց»ին. ինչպէս օրինակ՝ Սրուանձտեանց: Ապագան ինչպիսի փոփոխութիւններ պիտի բերէ՝ չենք գիտեր, սակայն, ի տարբերութիւն միւս ազգերուն, մենք կրցած ենք սեփականացնել «եան»ը եւ դարձուցած մեր ինքնութեան մէկ մասը։ Ի դէպ, մինչեւ օրս «եան» չունեցող բազմաթի՜ւ հայեր կան աշխարհի երեսին։ Հայութիւնը պայմանաւորուած չէ այդ «եան»ով, սակայն որպէս ազգային դիմագիծ մեր պատմութեան, մեր ինքնութեան մէկ մասը կը կազմէ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ե՞րբ սկիզբ առաւ մականուններու գործածութիւնը:
Պատասխան. Մականուններու գործածութիւնը սկիզբ առած է մարդկային պատմութեան ամենէն սկզբնական շրջաններէն, որովհետեւ մարդիկ ուզած են տարբերել նոյն անունը ունեցող անձերը: Առաջին մականունները կապուած էին արտաքին յատկանիշներու, բնաւորութեան, արհեստի եւ ծննդավայրի հիման վրայ: Ի սկզբանէ մականունը ծառայած է նոյն անունը ունեցող անձերուն միջեւ տարբերութիւն մը դնելու համար եւ այսպէս ժամանակի ընթացքին գործածութիւն գտնելով հիմք դարձած է մերօրեայ մականուններուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան