Արխիւ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ, Տքթ. Թորոս Թորանեանի ծննդեան 90-ամեակին առթիւ կազմակերպած են ձեռնարկ մը, որ տեղի կ՚ունենայ այսօր, Հայաստանի Գրողներու միութեան մեծ դահլիճին մէջ:
Արցախի Տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան եւ «Եէլլ Էքսթրիմ փարք» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ ամրան կը կազմակերպուի օդային երկրորդ փառատօնը:
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի շրջագայութեան մը ձեռնարկած է դէպի Թիւրքմենիստան եւ Ատրպէյճան։ Ուղեւորութիւնը կը սկսի այսօր եւ առաջին փուլը կը հանդիսանայ Աշխապատ։ Հասան Ռուհանի 29 Մարտ Հինգշաբթի պիտի ժամանէ Պաքու՝ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի Նիսի ծուխէն ներս խնդրայարոյց իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Նիսի մէջ նախկին ծխական վարչութիւնը վերջերս կողոպտած էր Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեանի ապրած հովուատունը եւ առանց իրեն լուր տալու փոխած բանալիները, ինչպէս նաեւ տեղէն հանած նամակատուփը։
Լիւքսեմպուրկի Արտաքին ու եւրոպական գործոց նախարար Ժան Ասելպոռն այսօր շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս ինքը որեւէ բան չգրեց, իրեններուն գրածներուն միջոցաւն է, որ կարելի կ՚ըլլայ ստոյգ տեղեկութիւն քաղել իրեն նկատմամբ։ Ահաւասիկ, ա՛յս է մեծ արժէքը «Չորս Աւետարաններ»ուն՝ կենսագրական գրութիւններ, որոնք սահմանուած են պահպանելու Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին գլխաւոր դէպքերը, ինչպէս նաեւ գլխաւոր մասերը իր քարոզներուն եւ իր խօսակցութիւններուն։

Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահ Արմէն Սարգսեան 9 Ապրիլին պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը։ Ընտրեալ-նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման արարողութեան ծրագրին մանրամասնութիւնները հետզհետէ կը յստականան։
Ամերիկայի Հայկական համագումարի հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահը Երեւանի մէջ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Վան Գրիգորեան քննարկեցին համահայկական օրակարգի զանազան խնդիրներ:
Ժան-Քլոտ Եունքէր. «Ես երաշխաւոր եմ Անգարայի հետ բանակցութիւններու տեւականացման եւ տրուած խոստումներու յարգուելուն համար»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան մասնակցութիւն բերաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն կարեւոր գագաթաժողովին:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որուն կ՚ընկերանային Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։ Վերջին տարիներուն հաճելի աւանդութիւն մը դարձած է Զեքիեան Գերապայծառի Ս. Զատկի սեմին օրհնաբեր այցելութիւնները՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։
Պիթլիսի «Էրէն» համալսարանի նախաձեռնութեամբ աշխատանքներ պիտի կատարուին՝ ուսումնասիրելու համար քաղաքի շուրջ 7 հազար տարուան պատմութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, համալսարանի Պիթլիսի շրջանի պատմութեան, մշակոյթի գործադրութեան ու հետազօտութեան կեդրոնը ուսումնասիրութիւններ յառաջ կը տանի՝ երեւան բերելու համար քաղաքի պատմութիւնն ու արժէքները՝ այդ բոլորը յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցելու նպատակով։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի սաներուն ընթերցման տօնը։ Հանդէսը կազմակերպուած էր դասավար Տոնարա Պեպուրեանի ջանքերով։ Ձեռնարկի մասնակից ծնողները եւ հիւրերը ապրեցան մեծ խանդավառութիւն։
Ս. Զատկին ընդառաջ, թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ Սամաթիոյ ընտանիքին տեսակէտէ։ Ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած երկօրեայ քէրմէսին բացումը կատարեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները կը շարունակեն յաջողութեամբ հանդէս գալ ճատրակի մրցաշարքերու մէջ։ Վերջերս դպրոցի ներկայացուցիչները մասնակցեցան «Տարրիւշաֆաքա» կրթական հաստատութիւններուն կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցոյթի մը, որ նախատեսուած էր աստղերու եւ փոքրերու դասաւորման համար։
Քիեւի Ռերիխի անուան հանրային գրադարանին մէջ արդէն մէկ ամիսէ ի վեր կը գործԷ հայկական մշակոյթի «Նաւասարդ» թանգարան-սրահը:
Նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ մորթաբանը վերյիշուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ:
Բարեյիշատակ Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի շիրմին վրայ տեղի ունեցաւ յուզումնախառն հոգեհանգստեան պաշտօն մը:
Թուրքիա-ԵՄ համատեղ օրակարգի հարցերը խոշորացոյցի տակ կը բերուին բոլոր մանրամասնութիւններով:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Վառնայի մէջ կ՚անդրադառնայ Անգարայի առաջնահերթութիւններուն:

Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին փայլուն համերգով մը հանդէս եկաւ «Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի սրահին մէջ, Հարպիյէ։ Թուրք-ֆրանսական ճարտարագէտներու միութեան աջակցութեամբ կազմակերպուեցաւ այս համերգը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։
Մեծանուն նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած Է. միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ «Քրիստին Սալերի » հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած այս մրցոյթի դատակազմին մէջ են Ռեհան Սարըպայ, Իտա Քահրաման, Ժպիտ Պէրպէրեան, Մայտա Սարիս եւ Արթին Տեմիրճի։
Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան Գերապայծառը շաբաթավերջին մէկտեղուեցաւ պոլսահայ խումբ մը կրթական մշակներու հետ։ Մօտաւոր անցեալին Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած էր նման ձեւաչափով հանդիպում մը։