Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ յիշատակեցինք մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը: Տօն, որ քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն եւ ամենէն կարեւոր տօնը կը համարուի:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կը ժամանէ Վատիկան, ուր վաղը տեղի պիտի ունենայ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցին Ս. Գրիգոր Նարեկացին հռչակած էր՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց շնորհաւորութիւններ:
Յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ եւ քաղաքապետներ այցելեցին Պատրիարքարան: Նորին սրբազնութիւնը հիւրընկալեց նաեւ իսթանպուլահայ հաստատութիւններու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները:
Մխիթարեան սանուց միութեան թատերախումբը երէկ երեկոյեան գեղարուեստասէրներուն ներկայացուց «Եոլճուլար» խաղը։ Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացումը։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կարգ մը երեւակայածին կամ իրական շրջանակներու մէջ սկսած են փսփսուքով շրջան ընել զրոյցներ, որոնց սուտ կամ ճշմարիտ ըլլալը չէ ստուգուած, սակայն շահեկան ըլլալը կը նկատուի կասկածէ վեր:
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ծննդոց գրքի 6-9 գլուխներուն մէջ կը յիշուի, թէ ինչպէս ջրհեղեղէն ետք ժողովուրդը դարձեալ սկսաւ աճիլ։ Ապա Ծննդոց գրքի 11-րդ գլխուն մէջ սերնդաբանական կարգով ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Աբրահամ Սեմի սերունդէն էր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կ՚ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 24)։
Ընթրիքը օրուան վերջին ճաշն է, ուրիշ խօսքով՝ մարդ ընթրիքէն ետք այլեւս չի ճաշակեր, եւ օրը կը վերջանայ ընթրիքով։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան մակագրուած գիրք մը ստացաւ հարաւայինամերիկացի մեծանուն գրող Փաոլօ Քոէլլոյի մակագրութեամբ։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի ընդառաջ:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ժան-Պաթիստ Լըմուան աչքէ անցուցին բոլոր մանրամասնութիւնները:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրկնեց, որ իր երկիրը դուրս պիտի գայ Սուրիայէն։ Ան յայտնեց, որ Ուաշինկթընի մէջ աշխատանք կը տարուի այս ուղղութեամբ ծրագրի մը վրայ։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը 2015 թուականին կազմակերպած էր քառօրեայ գիտաժողով մը, որու նիւթն էր Սուրիոյ հայերը։
Թուրքիա ուժանիւթի բնագաւառէն ներս մեծ ու երկարաժամկէտ ոստում մը կ՚ընէ՝ ձեռնարկելով իր առաջին հիւլէակայանի կառուցման:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին ժամադրուեցան՝ որպէսզի 2023 թուականին Աքքույուի մէջ միասնաբար մասնակցին բացման արարողութեան:
Միջազգային համալսարաններու 2018-ի մարզական խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերելու նպատակով, Լիբանանի Հայկազեան համալսարանէն պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Աթէնք, ուր պիտի մասնակցի քանի մը տեսակի մարզախաղերու:
Հովանաւորութեամբ «Արմենիա Էյր Քամփընի»ի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան, Համազգայինի 90-ամեակին առիթով Հայաստանի «Մուշ» պարային համոյթը եւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը պիտի ունենան միացեալ ելոյթներ:
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծիրէն ներս հարցազրոյց մը տուաւ «Աթլանթիք» հանդէսին։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Իսրայէլ ունի իր տարածքին տէր ըլլալու իրաւունքը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ վերջերս ստորագրուած հրամանագրերով կատարուեցան նոր դեսպաններու նշանակումներ։ Այսպէս, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեան ազատուեցաւ իր պաշտօնէն։ Չիտէճեան հայկական դիւանագիտութեան տուայէն դէմքերէն մին է։
Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ պատահեցաւ մեծ պայթում մը։ Դէպքը տեղի ունեցաւ Հիւսիսային պողոտայի մէջ։ Burger King ճաշարանէն ներս պատահեցաւ պայթումը, որու հետեւանքով ութ հոգի վիրաւորուեցան։
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահները կը քննարկեն տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրները:
Սուրիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ ընդհանուր կացութիւնը կ՚ենթարկուի արժեւորման:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ անցեալ տարուընէ սկսած է արտադրուիլ աշխարհի մէջ առաջին խելացի եւ գերհզօր դրամապանակը: Volterman անունով այդ կաշիէ դրամապանակը հինգ գերհնարաւորութիւն ունի:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Գալիֆորնիա նահանգը ճանչուած է որպէս երկրաշարժերու եւ հրդեհներու հակամէտ շրջան: Վարժուած ենք:
Ամրան տաք եղանակին, երբ օդի ջերմաստիճանը բնականէն շատ աւելի բարձրանայ, հեռատեսիլի առաջնահերթ լուրերուն մէջ տեղ կը գրաւեն անտառային հրդեհները: Բլուրներու վրայ գտնուող թանկարժէք բնակարանները առաջին զոհերը կը դառնան այդ անզուսպ կրակներուն: