Արխիւ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը՝ Թատրոնի միջազգային օրուան առթիւ։ Տղաքը այս առթիւ ներկայացուցին թատերակներ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, Աւագ Երեքշաբթի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որու ընթացքին յիշատակուեցաւ Տասը կոյսերու առակը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Աւագ շաբթուան օրերուն զուգադիպած այս հանդէսը տօնական մթնոլորտ ստեղծեց դպրոցէն ներս։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու երկու ֆրանսացի դիւանագէտներ։ Այսպէս, մեր այցելութեան եկան Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութեան քաղաքական կցորդ Ժերեմի Մաս եւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոսութենէն Թոմաս Տիւմոն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աւագ շաբթուան օրերը, թերեւս տարուան ընթացքին եկեղեցւոյ պատգամներուն եւ ծէսերուն աւելի մօտ ըլլալու առիթներ են: Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող այս շաբաթը, յիրաւի հիասքանչ է իր խորհուրդով եւ բոլոր օրերուն մեզի ընծայած առիթներով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը հանդիպինք «մարդ» բառին, եւ սակայն կ՚անտեսենք անոր իմաստը եւ արժէքը։ Արդարեւ, երբ կ՚ըսենք, թէ «մա՛րդ ենք». շատ անգամ չենք կրնար յստակ պատասխան մը տալ. «ո՞վ է մարդը» կամ «ի՞նչ է մարդը» եւ այս տեսակ հարցումներու։
Եգիպտոսի մէջ ընթացք առաւ նախագահական ընտրութիւնը, որ պիտի երկարի երեք օրերու վրայ: Իրարու դէմ կը մրցին երկու թեկնածուներ՝ գործող նախագահ 63-ամեայ Ապտէլ Ֆաթթահ Սիսի եւ Ղատ կուսակցութեան ղեկավար Մուսա Մուսթաֆա Մուսա:
Լիբանանի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի 35-ամեակին առիթով նախընթաց օր, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ՝ կատարողութեամբ դաշնակահար Մարի Աւետիս Եսայեանի, ինչպէս նաեւ անոր խտասալիկին գինեձօնը:
Կիրեսունի մէջ շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն եռակողմանի հանդիպումը։
«Մոտերն թոլքինկ» նշանաւոր երաժշտական խումբը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս, Շիքակոյի մէջ հաստատուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսութիւն մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հիւպատոսարանի իրաւասութեան դաշտը կ՚ընդգրկէ Իլինոյ, Միսուրի, Այովա, Վիզքոնսին եւ Մինեսոթա նահանգները։
Լիւքսեմպուրկի Արտաքին ու Եւրոպայի գործոց նախարար Ժան Ասելպոռն երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր երեկոյեան մասնակցեցաւ Յունաստանի ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Սի Ծինփին եւ Քիմ Եոնկ Ուն վերջին օրերուն շատ կարեւոր հանդիպումներ ունեցան՝ համայն աշխարհի անմիջական ուշադրութեան ներքեւ:
Չինաստանի եւ Հիւսիսային Քորէայի նախագահները խօսեցան թերակղզիի հրատապ օրակարգի հիմնախնդիրներուն շուրջ ու տրուեցան երաշխիքներ:
Տքթ. Թորոս Թորանեանին յանձնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յուշամետայլը:
Երէց սերունդէ երախտաշատ գրողին համար մեծարանքի հանդիսութիւն՝ Երեւանի Գրողներու տան երդիքին տակ:
Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ տօնեցին Ս. Զատկի մօտալուտ գալուստը:
Վարժարանի հանդիսասրահը գեղեցկօրէն զարդարուած՝ սիրով կը դիմաւորէր իր զատկուան հիւրերը:
Հունգարիոյ «Փիթէր Փազման» կաթոլիկ համալսարանի վերատեսուչին այցելութիւնը:
Հայ երիտասարդ հոգեւորականներու պատրաստութեան համար նոր այլընտրանքներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Համատես», այսինքն «Synoptique» երեք Աւետարններուն երկրորդն է Մարկոսի Աւետարանը։ Այս Աւետարանին մէջ երեք առիթներով կը յիշատակուի դէպքեր՝ ուր Յիսուս չկրցաւ գործնականի վերածել այն՝ ի՛նչ որ նախապէս մտածած եւ մտադրած էր՝ ստիպուած ըլլալով տեղի տալ պարագաներուն կամ մարդոց անհնազանդութեան եւ անհաւատութեան հետեւանքով եւ կամ հեթանոսի մը հաւատքին պատճառով. (ՄԱՐԿ. Ա 15, Զ 5, Է 24)։
Ամերիկայի Հայկական համագումարի հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահը Երեւանի մէջ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Վան Գրիգորեան քննարկեցին համահայկական օրակարգի զանազան խնդիրներ: