Արխիւ
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) երէկուան ժողովը յետաձգուեցաւ անակնկալօրէն։ VADİP-ի դիւանը նախապէս տեղեկացուցած էր, որ ընդհանուր ժողովի 2017-2018 շրջանի առաջին նիստը տեղի պիտի ունենար երէկ երեկոյեան՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին տեղեկացուցած էր Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, թէ այս տարի Հայաստանի Ազգային արխիւը հայ նշանաւոր եկեղեցականներէն մէկուն՝ Գարեգին Յովսէփանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ կը պատրաստէ երկու հատորէ բաղկացած աշխատութիւն մը, որուն առաջին հատորը՝ Հայաստանի Ազգային արխիւին, իսկ երկրորդ հատորը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի նիւթերն են:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղօթքի մէջ յարատեւութիւնը՝ պատասխան առնելու անհրաժեշտ պայմաններէն մին է։ Ուստի պէտք է միշտ աղօթել՝ եթէ մարդ կ՚ուզէ աճիլ եւ զօրանալ հաւատքի եւ փորձառութեան մէջ։ Առաքեալը կը պատուիրէ. «յարատեւ աղօթել» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 12) եւ «շարունակ աղօթել՝ արթուն մնալով, միշտ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ» (ԿՈՂՈՍ. Դ 2)։
Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան խտացեալ աշխատանք կը տանին Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վրայ:
Սոչիի գագաթաժողովի սեմին, արտաքին գործոց նախարարներու ժողով մը տեղի ունեցաւ՝ Անթալիայի մէջ:
Հայկական խեցեգործութեան յայտնի վարպետ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան արդէն քաղաքիս մէջ է՝ Գարակէօզեանի ընտանիքի հրաւէրին ընդառաջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նոյեմբերի 6-ին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան կը ժամանէր Թել Աւիւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքը կ՚ընթանայ ընդհանրապէս հակոտնեայ սկզբունքներու, գաղափարներու եւ ըմբռնումներու մէջ, եւ հակադիր երեւոյթներու միջեւ նախընտրութիւններ ընելով։
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի տօնը երէկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Թաքսիմի համանուն հայ կաթողիկէից եկեղեցւոյ մէջ։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հայ մշակոյթի երախտաշատ մեծերէն Կոմիտաս Վարդապետին ու «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանին ձօնուած ձեռնարկ մը։
Կէտիկփաշայի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի տարեդարձին առթիւ։ Թաղի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 126-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 81-րդ տարեդարձներուն առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ։
Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 151-րդ տարեդարձին առթիւ երէկ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գումգաբուի մէջ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան նախագահեց հանդիսութիւններուն, որոնք համախմբեցին համայնքային շրջանակները:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Պերճ Իսքէնտէրէօզը։ Աւելի քան իննսուն տարեկան հասակին ան աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու բոլոր սիրելիները։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
«Երբ եկեղեցական կեանքը պառակտուած է, կարելի չէ կերտել ազգային կեանքի միութիւնը»:
Վեհափառ Հայրապետի դէպի Արեւմտեան Թեմ հովուապետական այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին:
Ֆրանսացի աշխարհահռչակ թատերագիր, 18-րդ դարու ֆրանսական իրապաշտական կատակերգութեան ներկայացուցիչ Փիէռ Օկիւստէն Քարոն տը Պոնմարշէի թատրերգութեան հիման վրայ բեմադրուած «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» ներկայացումը ժամանակակից, հետաքրքրական, անսպասելի լուծումներով կը ներկայացուի Երեւանի «Հրաչեայ Ղափլանեան» տրամաթիքական թատրոնին մէջ։
Հայաստանի Մանուկներ հիմնադրամը (COAF) մօտալուտ տօներուն ընդառաջ՝ սիրով կը յայտարարէ ամենամեծ բարեգործական միջոցառման՝ 14-րդ ամենամեայ դրամահաւաք-երեկոյի մասին։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքման արշաւին ընդառաջ:
Արցախի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի հաստատուին ոռոգման համակարգեր եւ արեւային ուժանիւթի կայաններ:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Յաճախ պատահական հանդիպումներու ընթացքին չենք անդրադառնար մարդոց արտասանած խօսքի ազդեցութեան, յայտնած գաղափարներու պայծառութեան եւ արտայայտած զգացումներու անկեղծութեան։ Քանի-քանի՜ անգամներ հակիրճ երկխօսութեան շնորհիւ թաքնուած խորհուրդներ լոյս աշխարհ եկած են, կարճատեւ խօսակցութեան լոյսին տակ անսպասելի վկայութիւններ փոխանցուած են։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները միայն տեղական բնոյթ չունին: Նախապէս ալ գրած ենք այս մասին՝ շեշտելով, որ Պէյրութը միջինարեւելեան մեծ քարտէսին վրայ այն փոքր ու նուրբ կէտն է, որ կը համարուի կարեւոր տարրալուծարան մը, ուր կը մշակուին բախումի սահմանագիծերն ու կանոնները:
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Իսթանպուլի հայերը» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը:
Լուսանկարիչ Մուրատ Էզէրի գործերը արժանացան այցելուներու անմիջական հետաքրքրութեան եւ բոլորը գնահատանքով շնորհաւորեցին զինքը՝ տպաւորուած դիտարկման կարողութիւններով: