ԳԱՆԱՏԱ. ԵՐԿԻՐ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ
Դուրսի-ներսի հակադրութեանց ու տպաւորապաշտութեան գոհունակ եւ անգոհունակ եզրոյթները կը շրջանցէ Գանատան: Աշխարհ ինքնին պատկերուած է հաւաքական ու անհատական գեղագիտական ու իմացական զգացմամբ։ Աշխարհին հետ երկիրները աւելի կը զարգանան, կը համեմուին, կ՚ըմբռնուին կամ պարզապէս կ՚ըլլան ընկերաբանական, լրատուական, տնտեսական ու հարիւրաւոր գործօններու ընկալմամբ կը գործեն, կ՚աշխատին՝ թէ՛ իրենց հողերուն վրայ ապրող քաղաքացիներով եւ թէ անոնցմէ դուրս: Ներկայ աշխարհի ընկալման չափաւորութիւնն ու կացութիւնը ինչքան ալ տարբերուի ուրիշ ժամանակներէ, երկիրները կը մնան իրենց սահմաններով, դրօշակներով, իրենց մեծ ու փոքր մանրամասնութիւններով ու կը ներկայացնեն կերպար մը: Անոնց կարգին Գանատան քիչ մըն ալ տարբեր է՝ թէ՛ իր տարածութեամբ, թէ՛ իր համամարդկային արժեհամակարգով եւ թէ իր փոխանցած հեռու ու մօտիկ զատորոշուող ալիքաւորմամբ: Հեռուէն, ինչպէս ամէն պատկերացում, Գանատան աւելի ցուրտ է իր եղանակով, իսկ մօտէն բնաւ չսիրուած չի կրնար համարուիլ:
Կը յառաջանան երկիրներ, կը կազմուին մշակոյթներ ու կը գծուի անոնց կենսունակութիւնը, ըլլալու հիմքն ու իմաստը, ըստ հազար ու մէկ պայմանի-հանգամանքի, բայց, երբ կայ տարբերումի կերտումը՝ ձգտելի կը դառնայ կեանքն ու զայն կազմող հաւաքական գործունէութիւնը։ Այդ մէկը կրնայ ըլլայ շարժիչը՝ քաղաքա-տնտեսութեան կամ տնտեսա-քաղաքականութեան եւ կամ ընդհանուր մշակոյթներու խմորման: Երկիրները միշտ գործած են բաղդատականներով։ Մենք բոլորս այս բաց ու շէն աշխարհին մէջ յարաբերաբար առիթն ունեցանք չբաղդատելու վայրերը, իրարու ալ բացուելու անոնցմով ու բանալու նոյն այդ վայրերը մեր հոգիներու տարածութեամբ, մենք չապրեցանք սոսկ մկրատող բաղդատականութեամբ, անձ ու պետութիւն չհակադրեցինք եւ այդ հակադրութենէն չպարունակազրկեցինք կենսակերպը: Բնականաբար, որեւէ երկիր երբ ներծծես ու բացուիս անոր մէջ, ունեցածդ ենթաերկիրներու կամ պայծառագոյն ընկալմամբ՝ համաշխարհային համընդհանուր իրավիճակներուն հետ, կը մաղես ամէն ինչը չափելով, բազմաներառմամբ, վայելելով-չվայելելով ու յաճախ վերայօրինուած ապրումով: Երբ Գանատա մտայ Ամերիկայէն, բնականաբար, չէի կրնար զանց առնել երկուքէն մէկը, այսինքն բացայայտել առանց Ամերիկայի Գանատան: Բայց կար այդ ինքնայաջողուած կարգով ջանքը, երբ առաջին վայրկեանէն կ՚ուզես միայն տուեալ երկիրը (Գանատա) զգալ, հակառակ անյաջողութեան (պարզ այն պատճառով, որ Գանատան աւելի Ամերիկայով ու Եւրոպայով լիական ու ըմբռնելի կը դառնայ, իսկ Եւրոպայէն աւելի Ամերիկան մօտ է անոր):
Գանատան հետաքրքրական երկիրներէն մին է, ան իր պատմութեամբ ու զարգացման փուլերով ուսանելի եւ փայլուն կերպար մը ստեղծած է: Ժողովուրդէն ստացած առաջին տպաւորութիւնը ինքնատիկ է։ Թէեւ ամէն տեղ կը տիրէ բազմազգութիւն, սակայն, Գանատան իր բնութեամբ ու դիրքով այցելուին աւելի մեծ սպասում կու տայ տեսնելու եւ զգալու համար բուն գանատացին, որ գրեթէ ներկայ չէ։ Հաւանաբար, այս միտքը դրականօրէն խառնուած է այն հասկացողութեան հետ, որ պայծառութիւն, ազնուութիւն, իրաւականութիւն ներկայացնելն է ցցուն ինքնութեան մը հիմքը եւ անոնք պէտք է հրամցուին կամ պարզապէս հասանելի դառնան: Գանատացին չի հասնիր քովդ առաջին վայրկեանէն ու կը տքնիս գտնելու համար համամարդկայնական, ժողովրդավարական ու հաւասարութեան նուաճումներու հեղինակները, որպէսզի թէ՛ զիրենք սիրես եւ թէ իրենցմով Գանատան, բայց, դժբախտար դիւրաւ չես կրնար հասնիլ անոնց: Ֆրանսերէնն ու ագլերէնը տարբեր համ ու առաքելութիւն ունին Մոնթրէալի ու Թորոնթոյի մէջ՝ քան որեւէ լեզուական օրրանի, անոնք թէ՛ հարիւր տոկոսով իսկական են եւ թէ չեն։ Եւ գործածուած լեզուն ինքնին իր գանատայացած հենքով կը փորձէ միջնորդ ըլլալ դիւրացնելու պատկերացումներուդ պայծառութիւնը:
Մարդիկ ազնիւ են ու պարզ, սակայն, տեւական ձախող փորձի մէջ են համադրելու ամերիկեանն ու եւրոպականը, յաճախ իւրայատկութիւն գտնելով այդ հանրոյթին մէջ: Մխիթարանք չունի Գանատան, ուր ոչ մէկ բան պատճառահետեւանքայինօրէն մեղադրուող է: Հաշտութիւնը տեւականութեան վերածելու պարծանքը մեծ ու տիրական է, իսկ խաղաղասիրութիւնը ինչքան ալ չհամոզող թուայ, զայն սայթաքած չի կրնար համարել ինքզինք:
Ժողովուրդը գեղեցկութեամբ չէ տարուած, ոչ ալ անոր գերին է, համաչափ ու արդարամիտ է։ Գանատացին կեանքի ժամանակը ապրուածութեամբ ու հանճարեղութեան հետ մրցումի մը համար չ՚ապրիր, այլ հաշտ ու արդար մարդկային իրողութեան կայացմամբ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան