Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սուրբ Ծնունդի օրը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ երկրորդ անգամ պաշտօնապէս յայտնուեցան՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ենթարկուած հալածանքները։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի միջեւ յառաջացած առճակատման։
Երէկ, Գումգաբուի տօնական հաւաքոյթի ընթացքին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Երկրի վարչապետի եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի առճակատման անդրադառնալով՝ ան յայտնեց, որ այս խնդիրը կարծես վերջ պիտի չունենայ։
Երէկ, Ս. Ծնունդի առթիւ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կեդրոնական դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ովսաննա Գալէնտէրի եւ երգեհոնահարութեամբ Քրիստին Սալմասլըի։
Երէկ, Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանի։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւանդական շուքով ու ցնծութեամբ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը:
Աշխարհասփիւռ հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, ուր հազարաւորներ համախմբուեցան տօնակատարութեանց առթիւ:
Հայրապետական մեծահանդէս Սուրբ Պատարագի խորախորհուրդ ու պատկառազդու մթնոլորտը ներկայ տարեմուտին մխիթարութեան գործօն դարձաւ հաւատացեալներուն տեսակէտէ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն հայութեան տուաւ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի պատգամը, զոր արեւմտահայերէնի փոխադրելով կը ներկայացնենք ստորեւ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Վասնզի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի սքանչելի, խորհրդակից, հզօր Աստուած, յաւիտենականութեան հայր, խաղաղութեան իշխան։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Յաճախ կը կարծենք, թէ կեանքը բարելաւելու միակ ձեւը նոր բաներ աւելցնելն է․ աւելի շատ յաջողութիւն, աւելի շատ մարդիկ ճանչնալ, աւելի շատ նիւթական միջոց, աւելի շատ զբաղում…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այրը եւ կինը մին միւսին համար ստեղծուած են, ասիկա Ս. Գիրքը կը հաստատէ. «Լաւ չէ որ մարդը առանձին ըլլայ». (ԾՆՆԴ. Բ 18)։ Կինը՝ ըլլալով. «մարմին անոր մարմինէն». (ԾՆՆԴ. Բ 23), «անոր հաւասար եւ համարժէք» անոր, Աստուծմէ տրուեցաւ մարդուն իբր «օգնական». (ԾՆՆԴ. Բ 18), այսպէս ներկայացնելով այն Աստուածը՝ որ մեր օգնականն է. (ՍԱՂՄ. ՃԻԱ 2)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխող ղեկավարութիւնն ու զիրենք քաջալերող խմբակը կը հաւատան, որ Հայաստան օր ըստ օրէ աւելի կը զարգանայ եւ աւելի կը հզօրանայ եւ այդ հզօրացումը կ՚ուզեն տեսնել դրացի երկիրներու հետ բարեկամական կապերու ամրապնդմամբ, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ տեղի ունեցող յարաբերութիւններով եւ այլ երեւոյթներով:
Գումգաբուի ընտանիքը այս տարի եւս Պէզճեան Մայր վարժարանի Ամանորի հանդէսով ապրեցաւ մեծ ցնծութիւն։ Տարեմուտի ձեռնարկը իսկապէս կախարդական էր բոլորի տեսակէտէ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքի Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի ոգեւորութիւնը բիւրեղացաւ Տատեան վարժարանի հանդէսներով։ Տարեմուտի առթիւ տղաքը զանազան յայտագրեր գործադրեցին դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս երէկ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան աւետիսը բոլորը համախմբեց՝ առիթ դառնալով անկեղծ ապրումներու։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոսի ծնունդը մարդկային պատմութեան ամենէն կարեւոր եւ ամենէն նշանաւոր դէպքն է։ Այդ առիթով է, որ Բեթլեհէմ քաղաքի մէջ՝ Յիսուս Մանուկը ծնաւ։ Այս Ծնունդին հրեշտակներ երկիր իջան՝ հովիւներուն այս Մանուկին ծնունդը աւետելու համար։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Օդանաւին թռիչքին 10 վայրկեան մնացած էր եւ կողքիս աթոռը դեռ պարապ կը մնար։ Գալիֆորնիայէն Նիւ Եորք պիտի երթայի եւ ուրախ կ՚ըլլայի, եթէ պարապ մնար կամ զբաղեցնողը կրթուած, հանդարտ մէկը ըլլար…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ս. Ծնունդ է դարձեալ:
Մարդիկ վազքի մէջ են:
Նոր տարուան տօնական օրերը տակաւին իրենց թարմութիւնն ու հմայիչ ազդեցութիւնը չեն կորսնցուցած:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Օրեր առաջ, ըստ մեր դարաւոր եւ նոյնքան ալ գեղեցիկ սովորութեան՝ Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան աւետման առթիւ եւ անոնց յատուկ, բոլորին նման, հարիւրաւոր ողջոյններ, բարեմաղթութիւններ եւ քրիստոնէավայել խապրիկներ ստացայ թէ՛ բանաւոր, թէ՛ հեռաձայնով, թէ՛ դիմատետրիս էջիս վրայ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Մանկութեանս տարիներուն ամենաշատ կրկնուած պատմութիւններէն մէկն էր Յիսուսի ծնունդը, անոր նախորդող, անոր հետ ընթացող ու յաջորդող բոլոր դէպքերով…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նկատի ունենալով, որ Նոր կտակարանին մէջ Յիսուս Քրիստոսի մանկութեան ժամանակաշրջանին մասին ընդհանրապէս շատ բան գրուած չէ եւ Տիրոջ գործունէութիւնը սկիզբ առած է 30 տարեկան հասակին, դարերու ընթացքին շատեր հարցականի տակ դրած են Անոր գոյութիւնը։
ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Երկրամասի հեռաւոր անկիւններուն մէջ, անապատներու եւ լեռնային դարձդարձիկ ճամբաներու վրայ, մարդկութիւնը դարեր շարունակ փնտռած է Աստուծոյ հետ հանդիպման տեղ մը․ վայր մը, ուր երկինքը համբուրէ երկիրը։