ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ԱՂՔԱՏ ՏԵՂ ՄԸ ՈՒՆԻ (ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՕԳՈՍՏՈՍԻ ՀԱՄԱՐ)

Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ. Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։ Հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 2024 թուականին՝ Հալէպ, Սուրիոյ Սուրբգրոց ընկերութեան համագործակցութեամբ։

Կը ներկայացնենք խորհրդածութիւններ՝ օգոստոսի համար, ուր հոգեւորականը մեզի կը յիշեցնէ, թէ աւետարանական վկայութիւնը ծանր պարտք չէ, այլ ուրախ կիսում․ սէրը, ուրախութիւնը եւ խաղաղութիւնը, զոր ստացած ենք Քրիստոսէն, կոչուած ենք փոխանցելու աշխարհին։ Իսկ մեր աղքատութիւնը եւ աննկատ կեանքը, հեռու փառքի փայլէն, կը դառնան այն վայրերը, ուր Աստուած կ՚ուզէ բնակիլ եւ մեզ առաջնորդել կեանքի ընտրութեան։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑՈՎ ՄԵԶԻ ԿՈՒ ԳԱՅ

Յիսուսի Հոգին Սիրոյ Հոգին է: Ան այս խօսքը կը յստակեցնէ, երբ կը խօսի վերջին դատաստանի մասին: Այն ատեն արդարները պիտի հարցնեն․ «Տէ՛ր, քեզ ե՞րբ անօթի տեսանք եւ կերակրեցինք, կամ ծարաւ տեսանք եւ ջուր տուինք…»: Եւ Յիսուս պիտի պատասխանէ, «Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մտ 25.37,40):

Ասիկա մեր մեծագոյն մարտահրաւէրն ու մխիթարանքն է: Յիսուս մեզի կու գայ աղքատին, հիւանդին, մահամերձին, բանտարկեալին, անկարողին, մինակ լքուածին եւ մերժուածին ճամբով: Հոն մենք իրեն կը հանդիպինք եւ հոն է, որ Աստուծոյ տան դուռը մեր առջեւ կը բացուի:

ԿԻՍԵԼ ՅՈՐԴԱՌԱՏ ՍԷՐԸ

Ինչո՞ւ աշխարհի չորս ծագերն երթալ ու քարոզել Յիսուսի Աւետարանը մարդոց, որոնք Աստուծոյ տունը մտնելու համար կարիք չունին ճանչնալու Քրիստոսը։ Մենք պէտք է երթանք, որովհետեւ կ՚ուզենք անոնց հետ կիսել այն յորդառատ սէրը, յոյսը, ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը, զորս Յիսուս բերաւ ու տուաւ մեզի: Մենք կ՚ուզենք աւետել, թէ «ինչպիսի՜ աներեւակայելի գանձ մըն է Քրիստոս» եւ լուսաւորենք բոլորը, որպէսզի «տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս Աստուած կ՚իրագործէ իր ծրագիրը:

Այն ծրագիրը, որ անցեալ բոլոր ժամանակներուն ծածուկ պահեց…» (տե՛ս Եփ 3.8-9):

Մեր ստացածը այնքա՜ն գեղեցիկ է ու հարուստ, որ չենք կրնար միայն մեզի համար պահել զայն, այլ՝ ներքնապէս կը մղուինք փոխանցելու նաեւ բոլոր անոնց, որոնց կը հանդիպինք մեր ճամբու ընթացքին:

ՈՒՐԱԽ ՎԿԱՆԵՐ ԸԼԼԱԼ

Յիսուսի եւ անոր աստուածային փրկագործութեան ծրագրին շուրջ խօսիլը երբեք ալ ծանր պարտաւորութիւն պէտք չէ ըլլայ մեզի համար: Եբր մարդոց քով երթանք ա՛յն տրամարդութեամբ, որ եթէ անոնք մեր ընդունած ձեւով չճանչնան Քրիստոսը, ապա ի սպառ կորսուած են եւ մենք ալ՝ ձախողած։ Սա գրեթէ անհնարին կը դարձնէ մեր վկայութիւնը, իսկ մեր կատարած աւետարանչութիւնն ալ՝ կը պարպէ իր բուն իմաստէն։

Անշուշտ մեծապէս կ՚ուրախանանք, երբ մարդիկ մեր վկայութեան շնորհիւ կը ճանչնան Քրիստոսը իբրեւ Տէր եւ Փրկիչ, բայց բնաւ պէտք չէ տխրինք ու դադրինք երախտապարտ կեանք մը վարելէ, երբ մեր քարոզութիւնը չ՚առաջնորդեր զանոնք ընդունելու Յիսուսը այնպէս, ինչպէս մենք կ՚ընդունինք:

ՊԱՀԵԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ

Ի՛նչ ալ ընենք Յիսուսի անունով, պէտք է, մեր սրտին մէջ պահենք խաղաղութիւնը: Երբ Փրկիչը կ՚առաքէ իր աշակերտները աւետարանական քարոզչութեան, հետեւեալը կը պատուիրէ. «Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, տեսէք, թէ ո՛վ արժանաւոր է ձեզ ընդունելու. հոն մնացէք մինչեւ որ մեկնիք հոնկէ: Եւ երբ տունը մտնէք, տանտիրոջ բարեւեցէք ըսելով. «Ողջոյն ձեզի»: Եթէ տնեցիները արժանաւոր են, թող ձեր ողջոյնին խաղաղութիւնը անոնց վրայ հանգչի, իսկ եթէ արժանաւոր չեն, այն ատեն ձեր ողջոյնը թող վերադառնայ ձեզի» (Մտ 10.11-13):

Մեծագոյն փորձութիւնը թոյլ տալ է մարդոց, որ անոնք խլեն մեր խաղաղութիւնը: Այսպէս կը պատահի ամէն անգամ, երբ անոնք հաճութեամբ չեն ընդառաջեր մեր աւետած բարի լուրին, ուստի կը բարկանանք, կը թշնամանանք, ոխ կը պահենք, չարաչար կը վարուինք, կը շահագործենք կամ վրէժխնդրութեամբ կը լեցուինք: 

ՍԻՐՈՅ ԱՆՍԱԿԱՐԿ ՎԿԱՆԵՐ ԸԼԼԱԼ

Բարի լուրը գէշ կը դառնայ, երբ զայն առանց սիրոյ եւ ուրախութեան հաղորդենք: Ան, որ դառնացած սրտով կը հռչակէ Յիսուսի ներողամիտ եւ բժշկարար սէրը, կեղծ վկայ մըն է: Յիսուսն է միայն աշխարհի փրկիչը: Մենք մեր կեանքով եւ երբեմն ալ մեր խօսքով կոչուած ենք վկայելու մեզի համար Աստուծոյ կատարած մեծ գործերուն մասին: Բայց սոյն վկայութիւնը պէտք է ի սրտէ ըլլայ եւ անսակարկ։

Որքանով որ վստահինք Աստուծոյ մեր նկատմամբ ունեցած անկեղծ սիրոյն, այնքան եւ աւելիով կարող պիտի ըլլանք հռչակելու Յիսուսի սէրը։

ՍԻՐՈՅ ԿԵՆԴԱՆԻ ՆՇԱՆՆԵՐ ԸԼԼԱԼ

Յիսուսի ամբողջ կեանքը կենդանի վկայութիւն մըն է իր Հօրը սիրոյ մասին, եւ ան կը հրաւիրէ իր հետեւորդները, որպէսզի անոնք շարունակեն այդ վկայութիւնը իր անունով:

Մենք՝ Յիսուսի հետեւորդներս, աշխարհ ղրկուած ենք ըլլալու համար Աստուծոյ անսակարկ սիրոյն տեսանելի նշանները: Մենք առաջին հերթին կը դատուինք ո՛չ թէ մեր խօսքով, այլ մեր ապրած կեանքով: Երբ մարդիկ ըսեն մեզի համար. «Նայեցէ՛ք, ինչպէ՛ս կը սիրեն զիրար», անոնք որոշ պատկերացում մը կ՚ունենան Աստուծոյ արքայութեան մասին, զոր Յիսուս ծանուցեց եւ որ իբրեւ մագնիս կը քաշէ հոգիները:

Մրցակցութեամբ, զայրոյթով ու ատելութեամբ բաժան-բաժան եղած աշխարհի մը մէջ, մենք առանձնաշնորհեալ կոչումն ունինք ըլլալու կենդանի նշաններն այն սիրոյն, որ կրնայ կամրջել բոլոր բաժանումներն ու բժշկել վէրքերը:

ՍԻՐՈՎ ՏՈՉՈՐԻԼ

Յաճախ մենք մեզի հարց կու տանք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի անունով վկայել: Ի՞նչ պէտք է ըսենք կամ ընենք մարդոց, որպէսզի ընդունելի դարձնենք այն սէրը, զոր Աստուած ընծայած է իրենց: Այս հարցումները արդիւնք են աւելի մեր վախին, քան սիրոյ:

Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ վկաներ ըլլալու ճամբան: Ան այնքա՜ն լեցուած էր Աստուծոյ սիրով, այնքա՜ն միացած էր Աստուծոյ կամքին եւ այնքա՜ն կը տոչորէր Հօրը արքայութեան նախանձախնդրութեամբ, որ չէր կրնար ուրիշ բան ընել, քան վկայել: Յիսուս ո՛ւր ալ գնաց, որո՛ւ որ հանդիպեցաւ, բժշկեց, քանզի կենդանարար զօրութիւն մը դուրս կ՚ելլէր իրմէ (տե՛ս Ղկ 6.19):

Եթէ Յիսուսի վկաները կ՚ուզենք ըլլալ, ապա պէտք է ջանանք նոյնքան կենդանի ըլլալ Աստուծոյ սիրոյ հետ, որքան Յիսուսն էր:

ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎՍՏԱՀԻԼ

Մենք այսօր կը պատկանինք սերունդի մը, որ անպայման կ՚ուզէ տեսնել գործերուն արդիւնքը: Կ՚ուզէ առատ արտադրող ըլլալ եւ սեփական աչքերով տեսնել իր յաջողութիւնը: Բայց ասիկա Աստուծոյ թագաւորութեան ուղին չէ: Յաճախ մեր վկայութիւնն Աստուծոյ մասին շօշափելի արդիւնքներու չ՚առաջանորդեր մեզ: Յիսուս անձամբ իբրեւ ձախողողութիւն մեռաւ խաչին վրայ (աշխարհիկ հասկացողութեամբ): Անոր կեանքին արդիւնաւէտութիւնը որեւէ մարդկային չափանիշէ ու արժեչափէ անդին է:

Իբրեւ Յիսուսի հաւատարիմ վկաներ, պէտք է վստահ ըլլանք, որ մեր կեանքն ալ պիտի արդիւնաւորուի, եթէ նոյնիսկ չտեսնենք անոր պտուղը: Մեր կեանքի պտուղը կը պատկանի գալիքին:

ՅԻՍՈՒՍԻ ԹԱՔՆՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԸ

Յիսուսի կեանքին մեծագոյն մասը քօղարկուած է: Ան, ծնողքին հետ Նազարէթի մէջ ապրեցաւ, «հնազանդ մնալով անոնց» (Ղկ 2.51) եւ հոն «զարգացաւ իմաստութեամբ ու մարմնով, Աստուծոյ եւ մարդոց սիրելի ըլլալով» (Ղկ 2.52):

Երբ Յիսուսի մասին կը մտածենք, առաւելաբար անոր խօսքերն ու հրաշքները, չարչարանքները, մահն ու յարութիւնն է, որ կը յիշենք, բայց երբեք պէտք չէ մոռնանք, որ Աստուծոյ Որդին նախ եւ առաջ ապրեցաւ պարզ կեանք մը. կեանք մը խուլ գիւղի մը մէջ, հեռու մարդոցմէ եւ պատահարներէ:

Յիսուսի թաքնուած կեանքը շատ կարեւոր է մեր հոգեւոր ճանապարհորդութեան համար:

Եթէ կ՚ուզենք կատարելապէս հետեւիլ Յիսուսի, այսինքն՝ մեր խօսքով ու գործով լիովին նուիրուելով անոր թագաւորութեան ծառայութեան, պէտք է առաջին հերթին ջանանք ընդօրինակել անոր պարզ ու թաքնուած կեանքը:

ԱՆՆԿԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐ ՄԸՆ Է

Աննկատութիւնը յոյժ կարեւոր որակ մըն է հոգեւոր կեանքին համար: Առանձնութիւն, լռութիւն, սովորական աշխատանքներ, ժողովուրդին հետ ըլլալ ամէնուրեք, քնանալ, ուտել, խմել, խաղալ… այս բոլորը կը ներկայացնեն այն կեանքը, զոր Յիսուս ապրեցաւ եւ մեզմէ կը պահանջէ նոյնը ընել:

Աննկատութեան մէջ է, որ մենք ալ Յիսուսի նման կրնանք աճիլ «իմաստութեամբ, հասակով եւ սիրելի ըլլալ թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ մարդոց» (Ղկ 2.52):

Եթէ Աստուծոյ հետ չունինք թաքուն կեանք մը, ապա Աստուծոյ համար ապրած մեր համայնական կեանքը չի կրնար պտղաբերիլ:

ԱՆՆԿԱՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎԱՅՐ ԲԻՒՐԵՂԱՑՄԱՆ

Հոգեւոր կեանքին համար աննկատութիւնը շատ կարեւոր է ա՛յն պատճառով, որ ան պրկուած կը պահէ մեր կեդրոնացումը Աստուծոյ հանդէպ։ Հոն մուտք չունին համաշխարհային հիացումը, հռչակն ու քաջալերանքը։ Այնտեղ Աստուծոյ կ՚երթանք մեր տխրութիւններով, ուրախութիւններով եւ վստահ ենք, որ ան մեզի կու տայ այն ամէնը, ինչի յոյժ կարիքն ունինք:

Մարդկային ընկերութեան մէջ հակումն ունինք խուսափելու աննկատութենէ: Յաճախ կ՚ուզենք տեսնուիլ եւ ճանչցուիլ մարդոցմէ: Կ՚ուզենք օգտակար ըլլալ ուրիշներու եւ ազդեցութիւն բանեցնել տեղի ունեցող եղելութիւններու վրայ: Բայց երբ անուանի կը դառնանք, կախեալ կ՚ըլլանք մարդոցմէ եւ կը խզուի մեր կապը մեր ճշմարիտ աղբիւրին՝ Աստուծոյ հետ:

Աննկատութիւնը վայրն է բիւրեղացման: Հոն է, որ ճշմարտապէս մենք մեզ կը գտնենք:

ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ՄԵՐ ԱՆՆԿԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Եթէ իսկապէս հոգեւոր կեանքը թաքնուած, աննկատ կեանքն է, ապա ինչպէ՞ս կրնանք պաշպանել զայն այսքա՜ն համայնական գոյակցութեան մէջ:

Երկու կարեւորագոյն ճամբաներն են առանձնութիւնն ու նիւթական համեստութիւնը։ Առանձնութիւնը թոյլ կու տայ մեզի մինակ ըլլալ Աստուծոյ հետ: Այնտեղ կ՚ապրինք այն փորձառութիւնը, թէ մենք ոեւէ մէկուն չենք պատկանիր, բացի Աստուծոյ, եւ միայն Աստուծոյ։ Իսկ նիւթական համեստութեան (չքաւորութեան) մէջ կը զգանք մեր եւ ուրիշներուն տկարութիւնները, սահմանափակումներն ու օգնութեան կարիքը:

Ըլլալ նիւթապէս համեստ (կարօտեալ) կը նշանակէ ըլլալ ձախող, անանուն եւ առանց իշխանութեան: Բայց այստեղ է, որ Աստուած կ՚ուզէ ցոյց տալ մեզի իր Սէրը:

Առանձնութիւնն ու նիւթական համեստութիւնը կը պաշտպանեն մեր կեանքի աննկատութիւնը: 

ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԱՌՉԻԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

Երբ Աստուծոյ հետ մինակ ըլլալու համար առանձնութեան մէջ կ՚ապրինք, շուտով կը յայտնաբերենք մեր ուրիշներէ կախեալ ըլլալը: Առանց առօրեայ կեանքի բազում զբաղմունքներուն, անձկալից եւ պրկուած վիճակ կ՚ունենանք:

Երբ մարդ չի խօսիր մեզի հետ, չի տար մեր անունը կամ մեր օգնութիւնը չի հայցեր, կը սկսինք նուաստացած զգալ մենք մեզ: Մեր ներքին պահանջն է շուտով ձերբազատիլ այս առանձնութենէն եւ անգամ մը եւս վստահ ըլլալ, որ մենք «կարեւոր» անձնաւորութիւն ենք: Բայց ասիկա փորձութիւն մըն է, որովհետեւ այն, ինչ որ կ՚արժեւորէ մեզ իբրեւ անհատ, ոչ թէ ուրիշներու ընդառաջումներն են, այլ Աստուծոյ մեզի հանդէպ ունեցած յաւիտենական սէրը:

ՄԵՐ ՍԻՐՏՆ ՈՒ ՄԻՏՔԸ ԿԵԴՐՈՆԱՑՆԵԼ

Ինչպէ՞ս կրնանք առանձնութեան մէջ ապրիլ, երբ մարդոցմով եւ եղելութիւններով զբաղելու խոր կարիքը կը զգանք։ Ամենապարզ ձեւը մեր միտքն ու սիրտը կեդրոնացնելն է բառի մը կամ պատկերի մը վրայ, որ մեզի զԱստուած կը յիշեցնէ: Այսինքն՝ պէտք է անընդհատ կրկնել. «Տէրը իմ հովիւս է, ես որեւէ բանի կարօտութիւն պիտի չունենամ» (Սղ 23.1): Կամ, սիրով դիտելով Քրիստոսի սրբանկարը, կրնանք հանդարտեցնել մեր անհանգիստ մտքերը եւ ապրիլ ու զգալ աստուածային մեղմաբարոյ ներկայութիւնը:

Ի հարկէ ,այս ամէնը մէկ օրէն միւսը չի կատարուիր. հաւատարիմ եւ մնայուն փորձ կը պահանջէ: Բայց երբ ամէն օր կարողանանք քանի մը վայրկեան Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ, մեր այլ զբաղումները աստիճանաբար կը չքանան:

ՄԵՐ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՀԱՄԵՍՏՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԲՆԱԿԱՐԱՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

Ինչպէ՞ս կրնանք նիւթական համեստութիւնը՝ աղքատութիւնը, ողջագուրել իբրեւ ուղի առ Աստուած, երբ մեր շուրջը ամէն մարդ հարստանալ կը ցանկայ:

Մեր այս գոյավիճակը տարբեր ձեւեր ունի: Ամէն մարդ պէտք է հարց տայ ինքն իրեն. ի՞նչ է իմ աղքատութիւնս: Նիւթականի՞ պակաս, զգացական անհաւասարակշիռ վիճա՞կ, անապահովութի՞ւն սիրելի գործակիցներու, ինքնավստահութեան պակա՞ս…: Ամէն մարդ աղքատ տեղ մը ունի: Ատիկա է վայրը, ուր Աստուած կ՚ուզէ բնակիլ: «Երանի՜ աղքատներուն», ըսաւ Յիսուս (Մտ 5.3): Ասիկա կը նշանակէ, թէ մեր օրհնութիւնը պահուած է մեր աղքատութեան մէջ:

Այնքան հակամէտ ենք ծածկելու մեր աղքատութիւնը եւ անտեսելու զայն, որ յաճախ զԱստուած տեսնելու առիթը կը կորսնցնենք, քանի որ հոն կը բնակի ան:

Արդ, քաջութիւնն ունենանք նայելու մեր աղքատութեան այնպէս, ինչպէս այն արտին, ուր թաղուած է մեր գանձը: 

ԱՂՔԱՏԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԻԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

Երբ չենք վախնար խոստովանիլ մեր աղքատութիւնը, ի զօրու կ՚ըլլանք ապրելու ուրիշներուն հետ, անոնց աղքատութեան մէջ: Յիսուս, որ մեր աղքատութեան մէջ կ՚ապրի, կը ճանչնայ ուրիշներուն աղքատութեան մէջ ապրող իր նմանը: Եթէ երբեք հակամէտ ենք անտեսելու մեր աղքատութիւնը, հակամէտ ենք նաեւ անտեսելու ուրիշներունը: Կը նախընտրենք չխօսիլ չքաւորութեան մէջ եղողներու մասին. չենք սիրեր նայիլ թերաճներու, խեղանդամներու կամ անկեալներու, որով կը խուսափինք խօսելէ մարդոց ցաւերուն եւ տառապանքներուն մասին։

Այս խուսափելուն պատճառով կրնանք կորսնցնել մեր կապը այն մարդոց հետ, որոնց միջոցով Աստուած ինքզինք կը յայտնէ մեզի:

ԱՂՔԱՏԻՆ ԳԱՆՁԸ

Աղքատը տէր է ճշմարիտ գանձի, որովհետեւ չի կրնար հատուցանել մեր բաշխած բարիքներուն փոխարէն: Եւ այս պատճառով ալ, ան մեզ ներքին ազատութեան, ազնուութեան ու ճշմարիտ հոգատարութեան կը հրաւիրէ: Յիսուս կ՚ըսէ. «Երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցանելիք ոչինչ ունին» (Ղկ 14.13-14):

Վարձատրութիւնը, որուն մասին Յիսուս կը խօսի, հոգեկան է: Անիկա ուրախութիւնն է, խաղաղութիւնն ու Աստուծոյ սէրը, զոր առաւելագոյնս կը ցանկանք:

Ահա այն, ինչ աղքատը մեզի կու տայ ոչ միայն անդենականի մէջ, այլ հոս իսկ, հի՛մա:

ԿԵԱՆՔՆ ԸՆՏՐԵԼ

Աստուած կ՚ըսէ. «Կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի: Ուրեմն կեանքն ընտրէ, որպէսզի ապրիք դուն եւ քու սերունդդ» (Բ.Օր 30.19):

«Կեանքն ընտրէ». ա՛յս է Աստուծոյ հրաւէրը մեզի, եւ չկայ րոպէ մը, որ կարիքը չունենանք սոյն ընտրութիւնը կատարելու: Կեանքն ու մահը միշտ մեր առջեւն են: Մեր երեւակայութեան, մտածումներուն, խօսքերուն, նախաձեռնութիւններուն, գործերուն, նոյնիսկ մեր անգործութեան մէջ:

Կեանքի ընտրութիւնը կը սկսի շատ խորունկը մեր ներաշխարհին: Հետաքրքրականն այն է, որ լաւագոյն կեանք մը ապրելու յուսադրիչ պայմաններուն մէջ անգամ, մարդս մահուան մտածումներ եւ զգացումներ կը սնուցանէ։

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ, ՈՐ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ

Երբ քննադատօրէն նայելու ըլլանք մեր սիրտն ու միտքը լեցնող բիւր մտածուներուն եւ զգացումներուն, մենք մեզ կը գտնենք սոսկում պատճառող յայտնութեան դիմաց, թէ շատ յաճախ մենք մահն է, որ կ՚ընտրենք, փոխան կեանքի եւ անէծքը՝ փոխան օրհնութեան: Նախանձը, ատելութիւնը, բարկութիւնը, ընդվզումը, ագահութիւնը, ցանկութիւնը, վրէժխդրութիւնը… այս բոլորը մեր ներքին կեանքի ընդարձակ աւազանին մէջ կը ծփան: Յաճախ իբրեւ ճշմարտութիւն կ՚ընդունինք զանոնք եւ կ՚արտօնենք, որ անոնք իրենց կործանարար գործը կատարեն:

Բայց Աստուած կը թելադրէ մեզի ընտրել կեանքն ու օրհնութիւնը: Սակայն այս ընտրութիւնը ներքին հսկայ կարգապահութիւն կը պահանջէ: Ընտրութիւնը շատ աւելի մեծ ուշադրութիւն կ՚ենթադրէ մեր ներսիդին գտնուող մահուան ուժերուն եւ պատասխանատու յանձնառութիւն՝ թոյլ տալու, որ կեանքի ուժերը գան ու տէր կանգնին մեր մտածումներուն եւ զգացումներուն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 28, 2025