ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԿԱՐՕ ԳԱԼԷՆՏԷՐԻ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՊԱՍՔԵՍՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ յիշատակին այն առասպելներուն, որոնք իր գործունէութեան ամբողջին մէջ պատմականօրէն հետք մը թողած են։ Այս տարի եւս, ակումբի նախաձեռնութեամբ, Գնալըի մէջ կազմակերպուեցաւ պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր հոգելոյս Կարօ Գալէնտէրի յիշատակին։ Մրցաշարքը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ՝ մինչ երիտասարդները հանդէս եկան ծափահարելի խաղարկութեամբ։ Եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որու պատուոյ հիւրն էր հոգելոյս Կարօ Գալէնտէրի կողակիցը՝ խմբավար Ովսաննա Գալէնտէր։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու եւ այլ հիւրեր։ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները ջերմօրէն շրջապատեցին բոլոր հիւրերը, ինչպէս նաեւ մարզիկներն ու մարզիչները, որոնց համախումբ ջանքերով տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որ խոր իմաստ մը ունի մեր համայնքէն ներս մարզական աւանդութիւնները կենսունակ պահելու տեսակէտէ։