Արխիւ
Օրթագիւղի ընտանիքին տեսակէտէ երէկուան օրը նշանաւորուեցաւ՝ թաղի Թարգմանչաց վարժարանի լուսանկարչութեան ակումբի աշակերտներու ցուցահանդէսով։ «Մեր Իսթանպուլը» խորագրեալ այս ցուցահանդէսով ներկայացուեցան՝ լուսանկարչութեան ակումբի աշխատանքներուն մասնակից աշակերտներու կողմէ նկարահանուած դրուագները։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներկայ դարը, ինչպէս բոլոր ժամանակաշրջաններու սահմանման բովանդակութիւնները՝ ըստ մարդկային զարգացման, ընթացքին ու բազմաթիւ չափանիշներու, կը տարբերի իր արագութեամբ, արհեստագիտական յեղաշրջումներով, մշակութային այսպէս ըսած՝ յորդուն, բաց, լրացուող, անմիջական ու կիրառուող կենսագործութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տխուր իրականութիւն է, անշուշտ, որ յատկապէս աւանդական անուանուած հայագաղութներուն մէջ սերունդներու եւ սերնդափոխութեան մեծ, նոյնիսկ ահեղ պայքար մը գոյութիւն ունի։ Հինը, երբեք պիտի չուզէր, որ նորը գայ…
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մեր ապրած այս երկրի օրինաւոր բոլոր հպատակներուն համար, գոնէ 5-6 տարին անգամ մը, դատարաններէն ներս «երդուեալներու» խումբի անդամ դառնալը իրենց քաղաքացիական պարտականութեան մաս կը կազմէ: Այլ խօսքով՝ «Ճիւրի Տիյութի»ի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը ինքն է ամբողջ տնտեսական եւ ընկերային կեանքին հեղինակը, կեդրոնը եւ նպատակը։ Ընկերային հարցը վճռողը այն է, որ Աստուծոյ կողմէ բոլորին համար ստեղծուած բարիքները իսկապէս հասնին բոլորին՝ արդար եւ հաւասարակշռեալ չափով եւ եղբայրսիրութեան նպաստով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնպէս ինչպէս կեանքը, ուրախութիւնը, սէրը եւ այլ երեւոյթներ, նոյնպէս ցաւը փիլիսոփաներու ուշադրութեան կեդրոնը եղած է. օրինակ՝ Պուտտայական կրօնը իր ուսուցումներուն մէջ կը շեշտէ հետեւեալը. «Ցաւը անխուսափելի է». կին ըլլաս թէ տղամարդ, մեծ թէ փոքր, հարուստ թէ աղքատ, տգէտ թէ իմաստուն, առողջ թէ հիւանդ՝ ցաւը անխուսափելի է, թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեբանական իմաստով:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ներկայ դարը կարելի է կոչել Տիրապետութեան դար, նկատի ունենալով հսկայ եւ զօրաւոր պետութիւններու մնայուն պայքարը՝ քաղաքական, ռազմական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային գետիններու վրայ: Մեր թուականութենէն շուրջ 117 տարիներ առաջ, տիրապետութեան մասին թերթիս Ընկերային հարցեր վերնագրուած բաժինին մէջ՝ «Տիրապետութեան ոգին» խորագիրը կրող գրութիւն մը ունի Ռուբէն Զարդարեանը, ուր անդրադարձ կատարելէ ետք տիրապետութեան ինչութեան, կը խօսի նաեւ այդ տարիներուն Թուրքիոյ մէջ տիրող վիճակին մասին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ընդունուեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի կողմէ:
Արամ Ա. փոխանցեց Լիբանանի նախագահին եւ վարչապետին ողջոյնները՝ անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի կացութեան:
Մատաղ սերունդին ժամանակակից միջավայրով ժամանց ապահովելու ուղղեալ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Մայրաքաղաքին եւ բնակիչներուն համար յատկանշական նուէր՝ Հայաստանի «Կերոն» զարգացման հիմնադրամին կողմէ:
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ կազմակերպուեցաւ՝ պոլսահայ կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
Երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Սա, խորքին մէջ, գիրքի շնորհանդէս մըն էր, սակայն, ձեռնարկը միայն գրականութեամբ սահմանափակուած չէր, քանի կ՚ընդգրկէր նաեւ թատրոնը։
Երեւան-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ բարձր մակարդակի կանոնաւոր շփումները կը շարունակուին։ Երէկ, Հայաստանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի փոխ-տեղակալ Ճաշուա Հաքը, որ ընդունուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։
Ատրպէյճանի բանակը այս կէսգիշերին դարձեալ թիրախաւորեց Հայաստանի Սիւնիքի մարզը։ Նախընթաց օրուան նման՝ յարձակման ենթարկուեցաւ Խոզնաւար բնակավայրը։ Ժամը 00.10-01.00-ին շարունակուեցաւ կրակը, որու հետեւանքով բնակարան մը վնասուեցաւ եւ փոքր եղջիւրաւոր անասուն մը սատկեցաւ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա զգուշութեամբ յառաջ կը տանի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդ արարածը, բացի կենսաբանական ու ֆիզիքական բաղադրիչներէն, ունի նաեւ հոգեկան խորութիւն մը՝ հոգեբանութիւնը, որ գիտութիւն մըն է եւ կը հետազօտէ մարդուն ներքին աշխարհը, մտածումները, զգացումները եւ վարքագիծը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մտահոգութիւն եւ վախ չեն կրնար արգիլել պատահելիք բաները, ոչ ալ կրնան դարմանել պատահելէն յետոյ։ Պատահելիք բանի մը համար հոգ ընել, սիրտ նեղել, լալ՝ պիտի չարգիլեն այն բանը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեան վերջերս հրատարակեց իր վերջին թարգմանական աշխատանքը՝ ղպտի ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ քահանայ հայր, բժիշկ, Հելիոպոլիսի մէջ, Եգիպտոս, Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Տաուտ Լամէի Հ. Տատուտ Լամէի «Ինչո՞ւ տառապանքը՝ ցաւը» աշխատութիւնը:
Համայնքային շրջանակներէն ներս բարձր տրամադրութիւն. Համբարձման տօնն ու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 193-րդ փայլուն տարեդարձը:
Հաստատութենականացեալ բարեգործութիւն:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ աւանդական տօնակատարութիւն:
«Նախագահ Էրտողանին երախտապարտ ենք»:
Գթութեան յարկի համալիրէն ներս թափով պատրաստութիւններ՝ առողջապահական ծառայութիւնները նոր ճիւղերով զարգացնելու համար:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան յուշանուէրներ յանձնեցին Իսթանպուլի փոխ-կուսակալ Հասան Կէօզէնին եւ Զէյթինպուրնուի քաղաքապետ Էօմէր Արըսոյին:
Սամաթիոյ ընտանիքը շաբաթավերջին ոգեւորութեամբ նշեց թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից օրը։ Այս մեծ համախմբումով անգամ մը եւս սահակեանցի սերունդները տողանցեցին իրենց սիրեցեալ վարժարանի համալիրէն ներս։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան խանդավառ հանդէսներ։ Մանկապարտէզի մեծերու խումբի «Գարուն» դասարանի տարեվերջի հանդէսը նշանաւորուեցաւ բացառիկ բարձր տրամադրութեամբ՝ քանի փոքրիկները ունեցան յաջող ելոյթներ, նաեւ ջերմ զգացումներ արտասանեցին իրենց կրթական մշակներուն նկատմամբ։