Օրակարգի նիւթերը

ԿԵՐՊԱՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ իսթանպուլահայ հինգ լիսէներու տնօրէնները հիւրընկալուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ - 3:
Հայկական արժէքներու հրապոյրը ուղիղ համեմատութեան մէջ է համամարդկային մշակոյթին հետ ունեցած ներդաշնակութեամբ, իսկ յայտնի անունները կը բազմապատկեն հետաքրքրութիւնը:

ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԴԱՐԲՆՈՑԸ

 ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ իսթանպուլահայ հինգ լիսէներու տնօրէնները հիւրընկալուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ - 2:
Իսթանպուլահայ վարժարանները կը հանդիսանան այն հիմնական լծակը, ուր կարելի է նոր սերունդը հաղորդ դարձնել մեր ժառանգութեան:

ՄՇՏԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ իսթանպուլահայ հինգ լիսէներու տնօրէնները հիւրընկալուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ - 1:
Մեր վարժարանները կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէրներ՝ արդիական ուսում մը ջամբելու, ինքնութեան հարցերու եւ ծնողներու ակնկալութեանց խաչմերուկին վրայ:

Պիւտճէները եւ հարցեր

Ա­ՐԱ ԳՕ­ՉՈՒ­ՆԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցան կա­րե­ւոր ո­րո­շու­մի մը։ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) Ելմ­տա­կան յանձ­նա­խումբի ընդ­լայ­նուած կազ­մով ժո­ղո­վէն վերջ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ այս ո­րո­շու­մը։

Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նիսի հայութիւնը ցասումով հետեւեցաւ կարգալոյծ Կիւրեղեանի կողմէ Սուրբ Աստուածածնի տօնին օրը կատարուած իբր թէ արարողութիւններուն:
Սրբապղծութեան թատրոն…:
Ֆրանսահայոց Նոր Թեմակալ Առաջնորդ Տէր Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննէսեանի տուած այցելութենէն վերջ ստեղծուած յարաբերական լաւատեսութիւնը դժբախտաբար չարդարացաւ: Ծխական խորհուրդի ատենապետ Արթօ Օգսայեանի եւ իր ընկերներուն յամառ պայքարը կը շարունակուի բոլոր ուղղութիւններով:
Ֆրանսական դատական իշխանութիւնները նախկին վարչայինները ամիսներ առաջ զրկած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անունով գործելու իրաւունքէն, իսկ ներկայիս հետաքրքրութեամբ կը սպասուի յառաջիկայ Հոկտեմբերի 6-ին նախատեսուած վճռաբեկի նիստի արդիւնքին, որ կրնայ ճակատագրական նշանակութիւն ունենալ:

ՎԱՐԿԱԾՆԵՐՈՒ ԱՄՓՈՓՈՒՄ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ հերթական քննարկում՝ իսթանպուլահայ կրթական համակարգի հրատապ խնդիրներուն շուրջ:
VADİP-ի կրթական յանձնախումբը եւ համայնքային վարժարաններու տնօրէնները միասնաբար քննարկեցին արձանագրութիւններու նոր ընթացակարգը:

ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՍՏՈՐՈԳԵԼԻՆԵՐԸ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2015 թուականի մթնոլորտին մէջ ծպտեալ հայերու խնդիրը վերստին ծառացած է հայաշխարհին առջեւ՝ իր բազում բարդ երեսակներով - Բ:
Վերադարձի ակնկալութիւններու պարագային մօտեցումը պէտք է ունենայ այն առանցքը, թէ հայը շարք մը արժէքներու, ժառանգութեան մը մերօրեայ կրողն է:

«ՎԵՐԱԴԱՐՁ»Ի ՄԸ ԵՆԹԱԳԵՏԻՆԸ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2015 թուականի մթնոլորտին մէջ ծպտեալ հայերու խնդիրը վերստին ծառացած է հայաշխարհին առջեւ՝ իր բազում բարդ երեսակներով - Ա:
Հայաստանէն, Պոլիսէն կամ այլ տեղէ մը դիտարկելու ժամանակ միշտ նոյն պատկերը չի պարզուիր մարդոց աչքին առջեւ, ինչ որ պայմանաւորուած է յաճախ շատ զգացական տարբեր առաջնահերթութիւններով եւ զգայնութիւններով: Մասնակի պատկերացումներով անկարելի է տիրապետել հարցի ամբողջութեան՝ բոլոր ծալքերով:

Ըլլալ պաղարիւն ու չափաւոր

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ան­ցեա­լի մէջ դա­ւա­նա­փոխ կամ կրօ­նա­փոխ ե­ղած հա­յոց մե­րօ­րեայ շա­ռա­ւիղ­նե­րուն վե­րա­դար­ձի հար­ցը ու­նի բարդ ե­րե­սակ­ներ։ Հա­յաս­տա­նի մէջ մկրտուե­լու ցան­կու­թիւն յայտ­նած ու մերժուած ե­րեք ծպտեալ հա­յե­րու հար­ցը վառ օ­րի­նակ մըն է այս ա­ռու­մով։

ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Այն աշակերտի թեկնածուները, որոնք չունին մկրտութեան վկայական, պիտի չկարենան արձանագրուիլ իսթանպուլահայ վարժարաններ:
Համայնքային վարիչները բարձր կը գնահատեն պետութեան կողմէ մեր տնօրէններուն համար սահմանուած նոր լիազօրութիւնները, որոնք պիտի օգտագործուին շինիչ, խտրականութենէ հեռու մօտեցումներով եւ հայկական ինքնութեան ստորոգելիները առանց շուքի տակ թողելու:
​Պատրիարքարանի երէկուան ժողովին ընթացքին որդեգրուած հիմնական սկզբունքներուն գործադրութիւնը յառաջիկայ շրջանին պիտի վերահսկուի յատուկ յանձնախումբի մը կողմ:

Էջեր