Մրցաշարք եւ գայթակղութիւն - ա
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Ռուբէն Սէմէրճեան» միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքին շրջագծով ստեղծուած տհաճ երեւոյթները այս օրերուն առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն մեր համայնքին օրակարգը, զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ ստեղծուած ամօթալի արձագանգով հանդերձ։