Օրակարգի նիւթերը
Ասուլիս - Գ -
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անթիլիասի կողմէ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին վերաբերեալ մեր խորհրդածութիւններուն շարքը այսօր կը հասնի իր աւարտին։ Սիսի երբեմնի Մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակին ուղղեալ այս դատական նախաձեռնութեան շրջագծով, դժբախտաբար, առաջին իսկ օրէն կարելի չէ եղած համագործակցութեան եւ զօրակցութեան մթնոլորտ մը ձեւաւորել Անթիլիասի եւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին միջեւ։
Ասուլիս - Բ -
Անթիլիասի աղբիւրները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Իսթանպուլի մէջ անցեալ շաբաթ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին շուրջ մատուցած են հետաքրքրական տուեալներ։ Սիսի երբեմնի մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին առընչութեամբ կազմակերպուած է այս ասուլիսը։
Ասուլիս - Ա -
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները շաբաթավերջին պաշտօնապէս տեղեկացուցին, թէ 9 Դեկտեմբեր 2015, Չորեքշաբթի, իր երկու միաբանները՝ Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Իսթանպուլ գալով մամլոյ ասուլիս մը սարքած են Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ։
Խօսք հրաժեշտի առ բանաստեղծ ու կրթական մշակ Զարեհ Խրախունի
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պոլսահայութիւնը հրաժեշտ կու տայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիին, որու Ազգային յուղարկաւորութեան կարգը վաղը տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի մէջ։ Մեր ամլացած մշակութային կեանքի պայմաններով անփոխարինելի է այս կորուստը։
Բոցերը…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա-Ռուսաստան անակնկալ լարուածութիւնը յղի է մտահոգիչ բարդութիւններու, եթէ ժամ առաջ չյաղթահարուի ստեղծուած մթնոլորտը։ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ բոյն դրած ահաբեկչութիւնը այնպիսի կացութիւն մը յառաջացուցած է, որ ոչ միայն սպառնալիքի տակ է Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքը, այլ նաեւ անորոշութիւն մը ստեղծուած է ընդհանրապէս միջազգային բեմահարթակին վրայ։
Հրդեհ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սուրիոյ ճգնաժամը այնպիսի ընթացքով մը կը խորանայ, որ համայն աշխարհի տեսանկիւնէն կը վերածուի լուրջ սպառնալիքի մը։
Երեքին ալ բարի երթ… - Դ -
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թէ ինչ կրնան ընել թրքահայ երեք երեսփոխանները՝ Մարգար Էսաեան (ԱՔ կուսակցութիւն), Սելինա Տողան (ՃՀՓ) եւ Կարօ Փայլան (ՀՏՓ) յառաջիկայ շրջանին խորհրդարանէն ներս։ Բնականաբար, անոնց գործունէութեան հասարակաց յայտարարը պիտի չըլլայ իրենց ենթաինքնութիւնը, մանաւանդ որ երեքն ալ տարբեր կուսակցութիւններու կը պատկանին։
Երեքին ալ բարի երթ… - Գ -
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Խորհրդարան մուտք գործել յաջողած թրքահայ երեք երեսփոխաններուն վերաբերեալ մեր ներկայ յօդուածաշարքի այսօրուան բաժնին մէջ կը մէջբերենք նոյնինքն իրենց արտայայտութիւնները։ Երեսփոխաններու երդման արարողութեան շարժառիթով զրուցեցինք Մարգար Էսաեանի (ԱՔ կուսակցութիւն) եւ Սելինա Տողանի (ՃՀՓ) հետ։
Երեքին ալ բարի երթ… - Բ -
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկայացուած է չորս կուսակցութիւն եւ երեսփոխան ընտրուած երեք հայազգի անունները կը պատկանին տարբեր կուսակցութիւններու։ Այսինքն, խորհրդարանի չորս կուսակցութիւններէն երեքի խմբակցութեան շարքերէն ներս յառաջիկայ շրջանին պիտի գտնուի թրքահայ մէկական երեսփոխան։