ՎԱԽԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վախ» կամ «երկիւղ» մարդկային բնական՝ ընդաբոյս զգացում մըն է։ Վախը, կերպով մը, անվտանգութեան, վստահելիութեան կամ ապահովութեան զգացական կազմուածք մըն է՝ որ կ՚ազդարարէ եւ կը զգուշացնէ ենթական հաւանական՝ կարելի՝ բայց ո՛չ ստոյգ վտանգի մը մասին։