«ՕՏԱՐԱԽՕՍ ՀԱՅԵՐԸ»
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Օտարախօս հայերը» վերնագիրը, Հրաչեայ Աճառեանի «Հայ բարբառագիտութիւն - Ուրուագիծ եւ դասաւորութիւն հայ բարբառների» (1911) ընդարձակ աշխատասիրութեան ենթաբաժանումներէն մէկուն խորագիրն է։ Արդարեւ, հայուն հայերէն չխօսիլը ընդհանրապէս զբաղեցուցած է միտքեր՝ որոնք այս հակասութեան պատճառը ուզած են հասկնալ։ Միթէ «հակասութիւն» չէ՞ «հայ» ըլլալ, բայց «հայերէն» չգործածել, հայերէն չխօսիլ, չգրել եւ չկարդա՛լ։