ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յոռետես եւ մոլորամիտ մարդիկ կրնան խորհիլ եւ ըսել, թէ՝ տգէտը «բարի» կ՚ըլլայ։ Այո՛, կրնան ըլլալ ժամանակաշրջաններ, ուր դէպքեր աններդաշնակ եւ իրարու անհամապատասխան կերպով կը պատահին, եւ մարդկային իմաստութիւնը կ՚ունենայ շեղումներ, սայթաքումներ։