ՀԱՑԻՆ ԵՒ ԳԻՆԻԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Պատարագի խորհուրդին հանդիսակատարումին կեդրոնական մաս կը հանդիսանան «հաց»ը եւ «գինի»ն, որոնք Քրիստոսի խօսքերով եւ Սուրբ Հոգիին կոչումով կը փոխուին Քրիստոսի Մարմինին եւ Արիւնին։
Արդարեւ Սուրբ Պատարագ՝ «Messe», կամ «Միսսա» լատին լեզուով կը նշանակէ «արձակում», քանի որ փրկութեան խորհուրդը կատարող ծիսակատարումը կը վերջանայ՝ իր աւարտին կը հասնի հաւատացեալներուն արձակո՛ւմով՝ որպէսզի տուն երթան եւ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքը կատարեն.