ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆՆԵՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքը կամ Աստուածաշունչը կը բաղկանայ երկու մասերէ, որ են Հին եւ Նոր Կտակարանները։ «Կտակարան» բառը յունարէն «տիաթիքի» բառին թարգմանութիւնն է։ Այս յունարէն բառը կը նշանակէ «կարգադրութիւն», եւ յունարէն Նոր Կտակարանին մէջ գործածուած է, նախ՝ այն կարգադրութիւնը կամ պայմանը նշանակելու, զոր Աստուած մարդոց հետ ընել հաճեցաւ, եւ այս առմամբ նոյն բառը հայերէն թարգմանուած է «ուխտ»։