ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով»։
Ահաւասիկ, Մեծ պահոց 40 օրերը իրենց լրումին հասան եւ Հայ Եկեղեցին 40-օրեայ պահեցողութեան շրջանը բոլորեց։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով»։
Ահաւասիկ, Մեծ պահոց 40 օրերը իրենց լրումին հասան եւ Հայ Եկեղեցին 40-օրեայ պահեցողութեան շրջանը բոլորեց։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բոլոր հին թէ նոր արարողութիւնները ունին իրենց մեքենականութեան առաւել կամ նուազ ժողովրդային հաւատալիքներու եւ սովորութիւններու ազդեցութիւնները, որոնք յաճախ կը փոխուին միջավայրի, շրջանի եւ զարգացման աստիճանի համապատասխան երեւոյթներ ցոյց տալով։ Այս ուղղութեամբ, առնենք հայ ժողովուրդի աւանդական ծէսերէն՝ ամուսնութիւնը պատմական եւ ընկերային տուեալներու լոյսին տակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ողջախոհութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ զգաստութիւն, պարկեշտութիւն։ Ողջախոհ՝ ողջամիտ մարդը խոհեմ է, գիտակից, լուրջ, բանական, եւ իր խօսքերուն եւ գործերուն մէջ չափաւոր՝ ժուժկալ, անկեղծ, մաքրամի՛տ։ Եւ այս իմաստով ողջախոհութիւնը առաքինութի՛ւն մըն է եւ ուղիղ նկարագրի մը արտայայտութի՛ւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հին դարերէ ի վեր եւ այսօր ալ մարդիկ այնպիսի նախապաշարումներու հագուստներ դրած են կրօնական ճշմարտութիւններու վրայ, որ խորհող, դատող, դատելէ առաջ քննող, խորը թափանցող միտքերու համար առարկելի եւ անընդունելի եղած են։ Սա բացայայտ է, որ գիտնականները թշնամի չեն կրօնքի. անոնց հակառակութիւնը նախապաշարումներու դէմ է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ իմաստութիւն եւ հմտութիւն կը պահանջէ՝ կարճ խօսքով շատ բան ըսել, եւ ամփոփ եւ հակիրճ ասութիւններով նպատակ մը կամ իմաստ մը արտայայտել։ Արդարեւ, իմաստը ո՛չ թէ երկար խօսքերու մէջ, այլ համառօտ նախադասութեան մը մէջ շատ աւելի հասկնալի կ՚ըլլայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խաղաղութիւնը չէ՛ միայն չգոյութիւնը պատերազմին, ան չի սահմանափակուիր միայն հակադիր ուժերուն հաւասարակշռութիւնը պահպանելով։ Ուստի, ընկերային կեանքի մէջ, խաղաղութիւնը կարելի չէ ձեռք ձգել առանց անհատներու ներքին խաղաղութեամբ, առանց մարդկային էակներու միջեւ ազատ եւ խղճամիտ փոխյարաբերութիւններով եւ հաղորդակցութեամբ, առանց անձերու եւ հաւաքականութիւններու արժանապատուութեան յարգանքի, առանց եղբայրակցութեան յարատեւ գործադրութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահոց շրջանի վեցերորդ կիրակին կը կոչուի «Գալստեան կիրակի»։ Արդարեւ բոլոր ժամանակներու մէջ եղած են մեծաձայն գալուստներ, բայց ոչ մէկ գալուստ ունեցած է այն փառքը եւ իմաստը, որ ունեցաւ Յիսուս Քրիստոսի գալուստը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գրիգոր Օտեան՝ գրագէտ եւ պետական մարդ։ Ծնած է 1834-ին Իսթանպուլ եւ մեռած՝ 1887-ին Փարիզ, ուր ստացած է իր ուսումը եւ ուրկէ սկսած է իր գրական գործունէութիւնը, աշխատակցելով արեւմտահայ պարբերականներու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ երբ երիտասարդ է եւ անփորձ, գիտութիւնը իրեն համար աւելի՛ կարեւոր է քան մարդը եւ զԱստուած։ Երիտասարդին պաշտամունքի առարկան պարզապէս գիտութիւնը ըլլալ կը թուի. երկիւղածութեամբ լեցուած կ՚երեւի անոր հանդէպ, երբ կը ծանօթանայ նոր իրերու եւ իրողութիւններու՝ որոնք երջանկութիւն կը պատճառեն իրեն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Դարերէ ի վեր ժողովուրդները տգիտութեան զոհեր են. կը լռեն, կը հնազանդին. բայց օր մը կը մռնչեն անոր դէմ, եւ իրենց մարտիրոսութեամբը կը սրբեն անիրաւութիւններու եւ նախապաշարումներու հետքը, թէեւ անկարող ըլլան միահաղոյն արմատախիլ ընելու անիրաւութիւններն ու նախապաշարումները, որոնք շարունակ կը ծլին, եւ թէպէտ ոչ նոյն զօրութեամբ, սակայն բաւական ուժ ունին վերստին թունաւորելու եւ ապականելու ընկերութիւնը»։ Այսպէս կ՚ըսէ Սրբուհի Տիւսաբ։