ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾՐԱԳԻՐԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, մեկնելով Աստուծոյ գործերէն, բնական բանականութեամբ կրնայ ստուգապէս ճանչնալ զԻնք։ Բայց կայ նաեւ ուրիշ ճանաչումի «կարգ» մը՝ որուն մարդ չի՛ կրնար հասնիլ իր սեփական ուժերով. աստուածային Յայտնութան կարգն է այն։