ՕՐԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած Ի՛նքն է որ ստեղծեց «տեսանելի աշխարհ»ը իր ամբողջ ճոխութեամբ, զանազանութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ։ Աստուածաշունչը Արարչին գործը խորհրդանշական կերպով կը ներկայացնէ իբրեւ «աստուածային վեցօրեայ աշխատանքի յաջողութիւն» մը՝ որ կը վերջանայ եօթներորդ օրուան «հանգիստ»ով։