«Ա՛ՅՍ Է ԻՄ ԸՆՏՐԵԱԼ ՈՐԴԻՍ»
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աշակերտները վախցան, երբ ամպը ծածկեց զիրենք։ Ամպին մէջէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ՚ըսէր.- Ա՛յս է իմ ընտրեալ Որդիս, անոր մտիկ ըրէք». (ՂՈՒԿ. Թ 34-35)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աշակերտները վախցան, երբ ամպը ծածկեց զիրենք։ Ամպին մէջէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ՚ըսէր.- Ա՛յս է իմ ընտրեալ Որդիս, անոր մտիկ ըրէք». (ՂՈՒԿ. Թ 34-35)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Փորձէ զաւկիս ուժ տալ, որպէսզի չհետեւի ամբոխին՝ երբ բոլորը նոյնը կ՚ընեն». այս նախադասութեան մէջ կրնանք տեսնել հօր մը ունեցած յոյսն ու վստահութիւնը իր զաւկին հանդէպ, որովհետեւ շատերու այնպէս կը թուի, թէ ամբոխին հետեւիլը ապահով ըլլալու միջոց մըն է, սակայն Լինքըն չ՚ուզեր, որ իր զաւակը հետեւի այն գաղափարներուն պարզապէս այն պատճառով, որ բոլորը կը հետեւին.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, բնականաբար, միշտ յաջող ըլլալ կ՚ուզէ իր աշխատութիւններուն որպէս արդիւնք։ Բայց, սա անուրանալի եւ անխուսափելի իրականութիւն մըն է, թէ՝ միշտ յաջողութեամբ չի վերջանար աշխատութիւնները, ինչպէս ցոյց կու տայ կեանքի փորձառութիւնը մեզի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Սորվեցուր անոր հաւատալ իր գաղափարներուն, նոյնիսկ եթէ բոլորը ըսեն, որ սխալ են». վստահաբար Լինքըն այստեղ ըսել չ՚ուզեր, որ ան սխալ գաղափարներու կողմնակից թող ըլլայ, այլ կ՚ուզէ շեշտել, որ իր զաւակը քարացած ու հաստատուած գաղափարներու կոյր հետեւորդը չըլլայ, այլ ունենայ իր սեփական գաղափարները եւ հաւատայ անոնց.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուրիշ ժողովուրդներու նման՝ հայերն ալ, իրենց պատմութեան հետագայ փուլերուն, «Նոր տարի» հասկացողութիւնը, բնութեան շրջանակաձեւ հոլովոյթի կամ անոր կրկնման սկիզբը կապուած են բերքի հասունացման, բերքահաւաքի հետ եւ այն կը տեղափոխեն Աւելեաց ամիսէն (13-րդ՝ լրացուցիչ ամիս, որ կը սկսի օգոստոս 6-ին եւ կը վերջանայ օգոստոս 10-ին՝ 5 օր) անմիջապէս ետք՝ օգոստոսի 11-ը ըստ Յովհաննէս Սարկաւագի կազմած անշարժ տոմարի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Բայց նաեւ առիթ տուր մտածելու թռչուններու խորհրդաւորութեան, արեւի տակ գտնուող մեղուներու եւ կանաչ բլուրին վրայ գտնուող ծաղիկներուն մասին». այս խնդրանքը հաւասարակշռութեան մը խնդրանք է՝ իրապաշտին եւ վերացականին միջեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեւոր կեանքը շիտակ դիմաւորելու եւ անոր մէջ յառաջանալու, հաստատուելու, աճելու եւ պտղաբերելու համար մարդ պարտի իր ներքին հոգեւոր մարդուն համար եւս կիրարկել նոյն օրէնքները՝ զորս նկատելի են եւ անհրաժեշտ ֆիզիքական-մարմնական կեանքին համար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Եթէ կրնաս սորվեցուր անոր գիրքերու հրաշքները». կը հաւատանք, որ իրապէս յաջողած է այն ուսուցիչը, որ ո՛չ թէ շատ գիտելիքներ կը փոխանցէ աշակերտին, այլ կը յաջողի անոր մէջ վառել գիրքի հանդէպ սէրը, որովհետեւ ընթերցանութիւնը կ՚ընդլայնէ յիշողութիւնը, կ՚ամրապնդէ ուշադրութիւնը եւ կը զարգացնէ երեւակայութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սակայն դո՛ւն, ո՜վ մարդ Աստուծոյ, այդպիսի բաներէ հեռո՛ւ փախիր, եւ հետամուտ եղիր՝ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան եւ հեզութեան». (Ա ՏԻՄ. Զ 11)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նախանձէն հեռու մնալէ ետք Լինքըն ուսուցիչէն կը խնդրէ, որ իր զաւկին սորվեցնէ ծածուկ խնդուքի գաղտնիքը: Բոլորս ալ գիտենք, որ մարդիկ կեանքի մէջ իրենց ձախողութիւնները կը փորձեն քօղարկել ու պահել, սակայն, Լինքըն կը խնդրէ, որպէսզի ուսուցիչը սորվեցնէ, որ իր զաւակը յաղթանակները եւս ինքն իր մէջ ապրի եւ այս մէկը վստահաբար շատ կարեւոր պատգամ մը ունի իր մէջ: