ՆՈՐ ՏԱՐՒՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յորժամ գաս փառօք, յահագին աւուրն. յիշեա զիս Քրիստոս։ Նորոգող հնութեանց. նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յորժամ գաս փառօք, յահագին աւուրն. յիշեա զիս Քրիստոս։ Նորոգող հնութեանց. նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կաղանդի եւ Ս. Ծնունդի կոչնակները անգամ մը եւս պիտի հնչեցնեն իրենց լա՜յն ղօղանջը եւ անգամ մըն ալ ամէն մարդ մտապէս պիտի վերադառնայ այն բաներուն, որոնք իր ետին կը մնան եւ որոնք վաղուան ստուերին տակ «անցեալ» մը պիտի նկատուին շուտով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուրախութիւնը տեսակ մը «յանցանք» կը նկատուէր հին ըմբռնումով, եւ լրջութեան կարեւորագոյն նշանը կը համարուէր տխուր, յաւիտենական լալկանի դիմագիծ մը՝ որուն վրայէն հով մը չ՚անցնիր երբեք, կարծուելով թէ կեանքի մէջ յաջողելու, յարգ ու պատիւ վայելելու համար անհրաժեշտ է այդ անբնական դիմագծութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նիւթական կեանքը հասարակութեան մը զարգացման հիմն է. բայց ա՛յն նիւթական կեանքը՝ որ չի սեղմուիր ինկած նիւաթապաշտ ըմբռնումներու մէջ, այլ գիտակցութիւնն է բնական այն օրէնքներուն, որոնց ազդեցութեան տակ կը գտնուի ամբողջ տիեզերքը, եւ որոնց գոհացում տալով միայն կրնանք պահպանել եւ շարունակել մեր կեանքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատքը՝ իր ամենալայն առումով, զօրութի՛ւն մըն է, ներուժ մըն է, որ մարդուս վստահութիւն կը ներշնչէ եւ կեանքին ամուր կերպով կապուելուն, նեղութիւններու տոկալուն պատճառ կ՚ըլլայ։ Հաւատքով է, որ մարդուս տարողութիւնը կ՚աւելնայ ամէն դժուարութիւններու նկատմամբ եւ կենդանացուցիչ զօրութեամբ կը բարձրացնէ եւ միշտ բարձր կը պահէ տրամադրութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարոյական կեանքին գործադրութիւնը՝ միացած եւ ոգեւորուած սիրով, մարդուս կու տայ գերբնական ազատութիւն մը։ Բարոյական կեանք կը նշանակէ՝ բարոյական օրէնքին հնազանդութիւն, իսկ բարոյական օրէնքը աստուածային Իմաստութեան գործն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ յաճախ կը հանդիպինք անհաղորդելի մարդոց, որոնք անջատուած հասարակութենէ, կը վստահին իրենց զօրութիւններուն եւ չեն ուզեր հաղորդուիլ, յարաբերութիւններ մշակել ուրիշներու հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն ծնողք կ՚ուզէ, որ զաւակը ապագային լաւ դիրք մը ունենայ, լաւ ապրի, «հարուստ» ըլլայ՝ թէ՛ նիւթականով եւ թէ՛ բարոյապէս, փառք եւ պատիւ վայելէ, համբաւաւոր մարդ մը ըլլայ։ Շատ բնական է ասիկա, քանի որ ծնողք մը իր զաւկին բարին կը կամենայ, եւ յաճախ չի փափաքիր, որ իր ապրած նեղութիւնները ան ալ ապրի, հանգիստ, խաղաղ, երջանիկ կեանք մը ունենայ… եւ այս բարի զգացումներէն աւելի բնական ի՞նչ կրնայ ըլլալ ծնողքի մը համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ոմանք անոպայ մարմաջ մը ունին երեւելու։ Բայց դիրքը, աստիճանը, տիտղոսը՝ արժանիքի ո՛չ գրաւականը եւ ոչ ալ վկայականն է։ Որ մէկը տիտղոսով կը սոնքայ, ուրիշ մէկը՝ իր փառքովը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը, եթէ ուշադրութեամբ դիտուի իրերը եւ իրողութիւնները, անվերջ երկունք մըն է։ Աւելի յստակ տեսնելով՝ կեանքը դժուարութիւններու, անգութ ուժերու, անդիմադրելի զօրութիւններու, անվերջ ցաւերու եւ վիշտերու մէջ ընթացք մը, եւ մահուան դէմ պայքա՛ր մըն է։