Հոգե-մտաւոր

ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Պատերազմը մեզմէ շատ բան խլեց. ժպիտ, լիաթոք ծիծաղ, գունեղ երազներ... Ես այլեւս անկարող եմ լսելու հայրենասիրական երգեր, առհասարակ երաժշտութիւն չեմ կրնար մտիկ ընել, ինչպէս նաեւ անկարող եմ առանց սրտի կսկիծի, չոր աչքերով նայիլ փողոցի մէջ ինծի հանդիպած զինուորական համազգեստ կրող մեր քաջերուն:

ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ամուսնութիւնները երկու ձեւով տեղի կ՚ունենան, կա՛մ եկեղեցական արարողութեամբ եւ կամ ալ քաղաքացիական պարզ ձեւակերպութեամբ։ Բայց նոյնիսկ եկեղեցական արարողութեան համար՝ նախ պէտք է քաղաքացիական արտօնութիւն ստանալ։

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՐԽԻՒՆԵՐԷՆ - ՔՍԱՆԱՄԵԱԿ (2001-2021). ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ-ՊՕՂՈՍ Բ. ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ամենայն Հայոց երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոս 1994 թուականին իր վախճանումէն քիչ առաջ օրհնած էր հիմերը Երեւանի Մայր Եկեղեցիին, որ պիտի կառուցուէր Հայաստանի Քրիստոնէութեան մեծ դարձին 1700-ամեակի բացառիկ առիթով, հաստատելէ ետք անոր վերջնական նախագիծը:

ՆՈՐ ՄԱՐԴ՝ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԷՆ ԵՏՔ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մարդկութիւնը կ՚անցնի նոր եւ աննախընթաց փորձառութենէ արագօրէն տարածուող քորոնաժահրի համաճարակի լոյսին տակ: Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ ո՛վ է «հիւանդ զերօ»ն՝ առաջին մարդը, որ վարակուած է եւ ժահրը փոխանցած ուրիշներուն:

130-ԱՄԵԱԿ ԾՆՆԴԵԱՆ (1891-2021). ՇԱՀԱՆ ՌԵԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ. ՈՒՍՈՒՑՉԱՊԵՏ, ԻՄԱՍՏԱՍԷՐ, ԵՐԱԺՇՏԱԳԷՏ ԵՐԱԽՏԱԳԷՏԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Իր բառերով Պոլսոյ երգիչներուն «կոյկոյ»ներէն անհանգիստ, Շահան Պէրպէրեան Կոմիտաս Վարդապետի պարագային եւս կը կարծէր, թէ տարբերութիւն մը պիտի չտեսնէր, եւ սակայն երբ Փարիզի մէջ անձամբ տեսած է Վարդապետը ու լսած իր ձայնը, բոլորովին հիացած գիտցած է հայ երաժշտութեան իսկական արժանիքը եւ ինքն իսկ դարձած երաժշտագէտ։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԵՐ ՆՈՐ ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Աշխարհ այսօր նոր իրավիճակներու ու կացութիւններու մէջ է: Քորոնաժահրը շրջեց աշխարհի կարգն ու սարքը: Մարդկային կեանքեր ստացան նոր բովանդակութիւն, բայց նաեւ յարաբերութիւններ եւ հաղորդակցութեան լծակներն ու արժեչափերը շրջուեցան:

...ԵՒ ՊՈԼԻՍԸ ԵԿԱՒ ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չեմ յիշեր ո՛չ տարին եւ ո՛չ ալ ամիսը: Միայն այն գիտեմ, որ տակաւին նախակրթարանի աշակերտ էի, երբ կիրակի առաւօտ մը, ողորմած մայրս մեզ կանուխէն արթնցուց, ո՛չ թէ եկեղեցի, այլ՝ «Կար տը Պաղտատ» կոչուած քաղաքի շոգեկառքի մեծ եւ նշանաւոր կայարանը երթալու համար:

ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ

Մեր ընթերցողներուն կու գանք դառնութեամբ տեղեկացնել, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ դարմանման տակ կը գտնուի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երիցագոյն անդամներէն, թերթիս բազմամեայ սիւնակագիր եւ մեր հոգեւորականաց դասու յարգուած դէմքերէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Տէր Հօր գրութիւնները լոյս չեն տեսներ եւ այս ընթացքին թէ՛ մեր ընթերցողները եւ թէ համայնքային շրջանակները մտահոգուած են այս կապակցութեամբ։

Էջեր