ԿԻՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ԷԻՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցեալին տարբեր էր ամէ՛ն բան՝ մինչեւ իսկ տարբեր էր հայ կինը, որուն մասին երաժշտահանը հպարտութեամբ կը կոչէր. «ամէ՛ն մի կին մի ֆիտայի տնաշէն...». պատմութեան մէջ հայ կնոջ դերը տարբե՛ր է միւս ազգերու կիներէն, որոնք համեմատած հայ կնոջ, ունեցած են աւելի բարեբաստիկ կեանք մը: